«Սինէ Քլապ»-ի Ընդմէջէն. Ֆրոնզէ Տէօվլեթեանի «Կարօտ» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերական միաւորի ամսական դրութեամբ կազմակերպած «Սինէ Քլապ»-ի շարքին երրորդը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Այս ամիս ներկայացուած ժապաւէնն էր բեմադրիչ Ֆրոնզէ Տէօվլեթեանի «Կարօտ»-ը:
Կազմակերպիչ միաւորին անունով Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց ամփոփ կենսագրականը «Կարօտ» ժապաւէնը ներկայացնող «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի ներկայ բեմադրիչներէն Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Ան աւարտած է Ս. Ժոզեֆ համալսարանի շարժապատկերի ճիւղը` մագիստրոսի աստիճանով, եւ ներկայիս կը պատրաստէ դոկտորական աւարտաճառը լիբանանեան համալսարանին մէջ:
Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին «Կարօտ» ժապաւէնը, որմէ ետք խօսք առաւ Յակոբ Տէր Ղուկասեան: Ան նկատել տուաւ, որ ժապաւէնին արժէքը իր ազգային շունչին մէջ է, քան արուեստի գործ ըլլալուն մէջ: Տիպարները շատ լաւ ընտրուած են: Հոն կը տեսնենք Արեւելահայաստանէն Արեւմտահայաստան անցնելու տենչը, հոն երթալու եւ հողը տեսնելու փափաքը, արեւածագը դիտելը… ապա վերադարձը դէպի Արեւելահայաստան:

