Նշմար. Ճատրակի Փորձերուն Պէտք Է Տրամադրուի Յաւելեալ Ժամանակ

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Ճիշդ ամիս մը ետք` յառաջիկայ 13 ապրիլին, ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի ճատրակի 2013 տարեշրջանի տարիքային ախոյեանութեան, որ նախորդներուն նման դարձեալ տեղի պիտի ունենայ Ժամհուր վարժարանին մէջ` երկու շաբաթավերջերու վրայ, ընդամէնը 6 հանգրուանի մրցումներ:

Բնականաբար, այս ախոյեանութիւնը կը զատորոշուի տարուան մը ընթացքին տեղի ունեցող մրցաշարքերէն:

Իւրաքանչիւր հանգրուանի տեւողութիւնը կ՛ըլլայ աւելի, մասնակցողները կ՛ըլլան լիբանանեան բոլոր շրջաններէն եւ նահանգներէն, իսկ ամէնէն կարեւորը, ախոյեան հանդիսացողները Լիբանանը պիտի ներկայացնեն միջազգային մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն:

Վերոնշեալները նկատի ունենալով` պէտք է լաւապէս պատրաստուիլ Լիբանանի ախոյեանութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել:

Վերջին շրջանին տեղի ունեցած մրցաշարքերուն ընթացքին հայ մասնակցողներէն լսեցինք, որ առանց հետեւողական փորձերու մասնակցելու, անոնք պարզապէս իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մրցաշարքերուն:

Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ լաւ արդիւնքներ արձանագրել, երբ հետեւողական փորձերը բացակայ են:

Վստահաբար, ոմանք գերխճողուած յայտագիր մը ունին` դասերու իմաստով, սակայն շաբաթական քանի մը ժամ ճատրակին տրամադրելը այդքան ալ դժուար պէտք չէ ըլլայ անոնց համար:

Եթէ կ՛ուզենք լաւ արդիւնք արձանագրել, պէտք է քիչ մը յաւելեալ ժամանակ տրամադրենք ճատրակին:

Լիբանանցի անձէ մը իմացանք, որ լիբանանեան տեղական վարժարան մը շաբաթական քանի մը ժամ ոչ պարտադիր դասեր յատկացուցած է ճատրակ սորվիլ փափաքող իր աշակերտներուն:

Ասիկա կը նշանակէ ուրեմն, որ մենք` հայերս, քիչ մը ուշացա՞ծ ենք…

Բնականաբար, կրթութեան նախարարութիւնը որոշած է, որ վարժարաններուն մէջ պարտադիր ձեւով պիտի դասաւանդուի ճատրակը իբրեւ դասապահ:

Սակայն պէ՞տք է սպասենք, մինչեւ որ այդ որոշումը գործադրութեան դրուի, թէ ոչ այժմէն մենք ալ մեր ժամանակէն մաս մը պէտք է տրամադրենք ճատրակի փորձերուն` լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար:

Եթէ կ՛ուզենք Լիբանանի տարիքային ախոյեանութեան հայ ախոյեաններ տեսնել, պէտք է ճիշդ մէկ ամիս մեր փորձերը տասնապատկենք, այլապէս մեզի գերազանցել ուզողները պատրաստ են ամէն վայրկեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES