«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Հաստատ Քայլերով Հասաւ Քառորդ Աւարտական` 4-0 Արդիւնքով Ջախջախելէ Ետք Ա. Սէ. Միլանը
Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Առաջինին, որ կը նկատուէր կարեւորագոյնը եւ ճակատագրականը, Պարսելոնա իր դաշտին «Նու-Քամփ»-ի մէջ հիւրընկալեց Ա. Սէ. Միլանը, որմէ երթին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Իտալիոյ մէջ:
Պարսա հաստատ քայլերով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ 4-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Ա. Սէ. Միլանը:
Սպանական կազմին չորս անպատասխան կոլերը նշանակեցին Լիոնել Մեսսի (5-րդ եւ 40-րդ), Տաւիտ Վիյա (55-րդ) եւ Եորտի Ալպա (92-րդ):
Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր հունգարիոյ Վիքթոր Քասայ, որ Պարսելոնայի նման տպաւորիչ ձեւով կատարեց իր պաշտօնը:
Այսպիսով, Պարսելոնա այս մրցաշարքին հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ երթին իր կրած 2-0 արդիւնքով պարտութիւնը կը վերածէ յաղթանակի եւ կը յաջողի անցնիլ յաջորդ հանգրուան:
Նախապէս, այլ առիթներով, չորս խումբեր երթին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրելէ ետք, դարձին յաղթանակ արձանագրելով ապահոված են յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Շալքէ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Կալաթասարայէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ երթին Թուրքիոյ մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր:
116-րդ հանգրուանին դարձի վերջին երկու մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ (փակագիծերուն մէջ նշուած են երթի մրցումներուն արդիւնքները, իսկ ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
——–ԺԱՄ
Պայէրն Միւնիխ – Արսենալ (3-1) 21:45
Մալակա – Փորթօ (0-1) 21:45


