«Պէտք Է Մշակել Ընտրական Նոր Օրինագիծ Մը, Որ Իրաւունքը Կը Հասցնէ Իրաւատէրերուն» Շեշտեց Նախարար Մանճեան

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին խստիւ մերժեց երկիրը դէպի 1960-ի ընտրական օրէնք տանող որեւէ քայլ` կոչ ուղղելով վաւերացնելու ընտրական նոր օրէնք մը, որ իրաւունքը հասցնէ իրաւատէրերուն:

Մանճեան շեշտեց, որ համախոհական լուծումի մը յանգելու համար անհրաժեշտ է գործակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնները շարունակել եւ ոչ թէ ձեռնածալ մնալ:

Անդրադառնալով Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Ընկեվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ բիւրեղացած ընտրական օրինագիծին` Մանճեան յայտնեց, որ այդ օրինագիծը մեռած ծնած է, որովհետեւ քաղաքական իւրաքանչիւր խմբաւորում կ՛ուղղուի դէպի իր անձնական շահերուն իրագործումը, մինչդեռ պահանջուածը հակառակն է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )