22-րդ Օր. Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդին Նստացոյցը Կատարուեցաւ Կրթութեան Նախարարութեան Դիմաց
22-րդ օրուան ընթացքին, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը իր նստացոյցը կատարեց կրթութեան նախարարութեան դիմաց` մասնակցութեամբ աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որոնք շեշտեցին, որ պարզուած այս կացութեան միակ պատասխանատուն կառավարութիւնն է:
Նստացոյցին ընթացքին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ հոծ բազմութեան յայտնեց, որ վաղը հինգշաբթի, 14 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, խորհուրդը իր ցոյցը պիտի կատարէ Պէյրութի նաւահանգիստին դիմաց` նշելով, որ անիկա մաքսանենգումի եւ փտածութեան կեդրոն մըն է:
Ղարիպ կառավարութենէն պահանջեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը խորհրդարան փոխանցել` վերջ տալով աշակերտներուն եւ ծնողներուն ամէնօրեայ դրութեամբ վկայած տանջանքներուն:
Ղարիպ նշեց, որ ուրբաթ, 15 մարտին, խորհուրդը իր նստացոյցը պիտի կատարէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին դիմաց:
Յայտնենք, որ երէկուն նստացոյցէն ետք ցուցարարները քայլարշաւի մը ընդմէջէն ուղղուեցան դէպի Լիբանանեան պետական պատկերասփիւռի կայանի («Թէ. Էլ.») կեդրոնատեղին, ապա վերադարձան կրթութեան նախարարութիւն:


