Նախագահ Սլէյման Կ՛այցելէ Սենեկալ, Կանա, Փղոսկրեայ Ափունք Եւ Նիկերիա

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ սկսաւ դէպի Ափրիկէ պաշտօնական այցելութեան մը, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական անձնաւորութիւններու, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ լիբանանեան գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանրապետութեան նախագահին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ եւ շարք մը գործատէրեր, ինչպէս նաեւ ապահովական, վարչական եւ տեղեկատուական ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը:

Նախագահ Սլէյմանի ափրիկեան շրջապտոյտը պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ 21 մարտ:

Share this Article
CATEGORIES