Խլրտումներ` Առ Ի Զօրակցութիւն Շէյխ Ասիրի
Երէկ երեկոյեան լիբանանեան բանակը Սայտայի մէջ փորձեց կալանաւորել սալաֆական շէյխ մը, որ կը վարէր կեղծ թիւով ինքնաշարժ մը: Հետագային յայտնի դարձաւ, որ սալաֆական շէյխը Սայտայի Պիլալ Պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն է:
Շէյխ Ասիր անմիջապէս Լիբանանի տարածքին գտնուող իր համախոհներուն կոչ ուղղեց բողոքելու բանակին այս արարքին դէմ:
Լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ առ ի զօրակցութիւն շէյխ Ասիրի հրկիզուած անիւներով փակուեցան ճամբաները` Արեւմտեան Պէյրութէն մինչեւ Թրիփոլի, Պեքաա, Սայտա եւ այլ շրջաններ: Լիբանանեան բանակը եւ ապահովական ուժեր ճիգեր ի գործ դրին ճամբաները վերաբանալու:
CATEGORIES Լիբանանեան

