«Ռետ Իկըլզ»-ը` Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Պաշտօնական «Ֆեն-Քլապ»-ը
ArmSport.am հայկական մարզական կայքէջը կը հաղորդէ, որ այսուհետեւ «Ռետ Իկըլզ» շարժումը պիտի ըլլայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին պաշտօնական «Ֆեն-Քլապ»-ը:
Անիկա պիտի համագործակցի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ, որուն պաշտօնական կայքէջին միջոցով արդէն իսկ 2 ամիսէ ի վեր սկսած է ֆութպոլասէրներուն անդամակցութիւնը:
Անիկա հրապարակելով պաշտօնական յայտարարութիւն մը կ՛ըսէ. «Բնականաբար, ասիկա բաւական համարձակ քայլ մըն է մէկ տարի չբոլորած ակումբի մը համար: Սակայն մենք կ՛ուզենք հայկական ֆութպոլին զարգացումը: Այս քայլով յուսանք բոլորը աւելի ոգեւորուած կը քաջալերեն մեր հաւաքականը»:
CATEGORIES Մարզական

