15-17 Մարտին Անթալիոյ Մէջ Հայ Պատանիները Կը Մասնակցին Ժիւտոյի Միջազգային Մրցաշարքին

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 15-17 մարտին Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա) տեղի ունենալիք ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքին, հայ պատանիները պիտի մասնակցին անոր այն կազմով, որ այժմ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պատանիներու բաժակի մրցաշարքին:

Այժմ, Խրուաթիոյ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Շահէն Ապաղեան (55 քկ), Յարութիւն Տերմիշեան (55 քկ), Կամօ Օհանեան (66 քկ) եւ Աւետիք Գրիգորեան (73 քկ):

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 29 երկիրներէ 582 մարզիկներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES