«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Արցախի Անկախութեան Միջազգային Ճանաչման Արդար Պայքարի Ճանապարհին (ԼՂՀ Ազգային Ժողովի Նախագահին Այցելութեան Առիթով)

Մօտաւորապէս շաբաթ մը տեւած այցելութեամբ, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով Աթէնք այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահին Յունաստան առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ արցախեան շարժման 25-ամեակի տօնակատարութեանց ծիրին մէջ: Պետական-քաղաքական տեսակցութիւններով եւ յունահայ գաղութի հետ ծանօթացման հանդիպումներով յատկանշուեցաւ Ա. Ղուլեանի այցելութեան յայտագիրը, որուն յաջող պսակումը եղաւ չորեքշաբթի, 6 մարտին ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին եւ Յունաստանի քաղաքական գիտութեանց Փանտիօ համալսարանի համակազմակերպութեամբ կատարուած լսարանը: Քաղաքական այդ փայլուն ելոյթը եկաւ հելլէն շրջանակներուն մօտ փաստելու, որ օտարի տիրապետութեան եւ բռնակալ լուծին դիմադրելու Արցախի ժողովուրդին ամուր կամքը եւ ազատ ապրելու հաստատակամութիւնը ոսկեայ դասեր ունին տալիք բոլորին, նաեւ` Յունաստանի ժողովուրդին:

Ազգային հպարտութեան գերագոյն զգացումն է, որ ազատ ու անկախ Արցախի կայացման պայքարով կը փոխանցուի եւ հոգեհարազատ հաղորդակցութիւն կը ստեղծէ մեր երկու ազգերուն միջեւ:

Զոյգ երկիրներուն` Յունաստանի եւ Արցախի համար, միջազգային ու շրջանային քաղաքական խմորումներու առումով զգայուն մէկ պահուն զուգադիպեցաւ այցելութիւնը:

Յունաստանի պարագային ծանօթ իրողութիւն է Ազրպէյճանի հետ վերջին տարիներուն հետզհետէ աճող առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու պարագան, որ կը դրսեւորուի փոխադարձ հանդիպումներով, Պաքու այցելելու հրաւէրներով, նոյնիսկ Թեսաղոնիկէի մէջ կառուցուելիք «Բարեկամութեան հրապարակի» մը ստեղծումով: Տակաւին քանի մը օր առաջ էր, որ Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետ Ափոսթոլոս Ծիծիքոսթասի հետ Ազրպէյճանի դեսպանը ունեցաւ իր հանդիպումը, ուր գործարարական եւ քաղաքական շրջանակներու միջեւ մերձեցման հարցեր շօշափուեցան… իսկ 6-8 մարտին կայացաւ Յունաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Տիմիթրիս Քուրքուլասի աշխատանքային այցելութիւնը Պաքու…

Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները` ըլլա՛յ Ազրպէյճանի հետ սահմանային գիծին վրայ հրադադարի գրեթէ ամէնօրեայ խախտումներով, ըլլա՛յ Ազրպէյճանի կողմէ թշնամանքի մթնոլորտ հրահրելու ռազմաշունչ անվերջ յայտարարութիւններով:

Այդ բոլորով հանդերձ, Արցախի մեր ժողովուրդին ընկերային ու տնտեսական կեանքի պայմանները բարելաւելու եւ ԼՂ Հանրապետութեան լիարժէք կայացումը ամրապնդելու մեծ ճիգեր կը կատարուին:

Իսկ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ դրական զարգացումները չեն պակսիր. նորագոյն յաջողութիւնը Լիթվայի խորհրդարանին կայացուցած Արցախ-Լիթվա բարեկամութեան խումբին ստեղծումն է: Նաեւ` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու խօսնակ Նոուլանտի վերջին յայտարարութիւնը, թէ` «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Միմիայն յարատեւ եւ խաղաղ կարգաւորումը կրնայ կայունութիւն, բարգաւաճում եւ հաշտեցում բերել այս տարածաշրջանին»:

Կ՛ուզենք հաւատալ, թէ դրական այս զարգացումները ցոյց կու տան արցախեան դատին ի նպաստ աշխարհի տարածքին հետզհետէ աճող հետաքրքրութիւնը, ինչպէս եւ ազգերու արդար դատերը պաշտպանող ձայներու բազմացումը` նոյն ա՛յն պահուն, երբ միջազգային ընտանիքը նորովի ճիգեր կը թափէ պատմական անարդարութեանց սրբագրումին համար:

Զգայուն այս ժամանակամիջոցին աւելի քան ուրախառիթ էր ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահին Աթէնք այցելութիւնը, որ յունահայ գաղութին եւ գործող կառոյցներուն հետ ծանօթացման պատեհութիւնը ստեղծեց` մտքերու փոխանակման եւ իրարմով վերանորոգուելու հետաքրքրական ու արդիւնաւէտ պահեր ստեղծելով:

Կը մաղթենք, որ յունահայութեան եւ Արցախի մեր ժողովուրդին միջեւ կապերու ամրացման նուիրուած այսպիսի՛ պահերը բազմանան, համագործակցութեան նոր հեռանկարներ բանալով բոլորիս առջեւ:

8 մարտ 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )