Նամակ 331
Մօրեղբօրս
Այս նամակը գրուած է «Նամակ մօրեղբօրս» վերնագրով, որ լոյս տեսաւ «Խելքիս փչածներէն» անուն հատորին մէջ, տպուած` Պէյրութ, 2005-ին, 360 էջ, որ կը պարունակէ մօրեղբօրս գրութիւնները, մինչեւ 1957:
Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ հոն յիշուած ցաւերը նոյնն այսօր ալ, եւ կ՛երեւի, թէ այսպէս ալ պիտի մնան. իսկ իմ յիշածներս ալ 2005-էն ի վեր տեղքայլի մէջ են:
Ահաւասիկ այդ նամակը:
Սիրելի՛ մօրեղբայր,
Վերջին նամակս, որ յիսուն տարիներու հնութիւն մը ունի, մնաց անպատասխան, որովհետեւ որոշեցիր հրաժեշտ տալ այս անցաւոր կեանքիդ. «աճելէդ» ի՞նչ էր, մա՛րդ Աստուծոյ: Բայց մենք չենք կրնար նախախնամութեան որոշումներուն առարկել:
Վստահ եմ, որ հոն ալ` վերը, կը գուրգուրաս ընտանիքիդ անդամներուն վրայ, ինչպէս որ կը գուրգուրայիր հոս` վարը: Մայրիկս` Տուտուն, արդէն քեզ կը սպասէր: Յետոյ ձեզի միացան քոյրերդ` Մէրումը եւ Սանդուխտը, եւ յետոյ տիկ. Արուսեակը` սիրելի կողակիցդ:
Մեկնելէդ ասդին աշխարհը նոյնն է, միայն մարդիկ աւելի չարացած են. եթէ չար չէին արդէն: Կրօնները, անզօր` մարդոց բարոյականը բարելաւելու, տեղքայլի մէջ են եւ երբեմն ալ անհանդուրժողութեան երեւոյթներ կը պարզուին` հակառակ կրօնական ըմբռնումներուն:
Նիւթական յառաջդիմութեան հետ յետադիմեց մարդկային նկարագիրը, անմահ Յակոբ Պարոնեանի գրածին պէս.
Կը մնան բառարաններու մէջ:
Միշտ կը փափաքէիր, որ Հալէպի ազգային կեանքին մասին գրեմ, ինչ որ կ՛ընէի սիրով: Այն ժամանակներուն կուսակցական պայքար կար, եկեղեցական հարցեր եւ դպրոցական խնդիրներ: Կացութիւնը գրեթէ նոյնն է այսօր: Կուսակցական պայքար անշուշտ որ կայ, բայց ձեռնոցները տարբեր են: Ի՞նչ կ՛արժէ ազգ մը, եթէ կուսակցական պայքար չունի: Վերն ալ նման պայքարներ կա՞ն: «Մենք»-ի հոգեբանութիւնը աւելի զօրաւոր կերպով ի յայտ կու գայ, երբեմն ալ կը ժայթքի: Հարիւր տարի առաջուան մտայնութեամբ կը գործեն դեռ անոնք. իւրաքանչիւրը քանի մը կտորի վերածուած` ուժ չունին: Չեն ուզեր ըմբռնել, թէ բռնցքաւորուելու ժամանակն է, մէկ մարմնով եւ մէկ գլուխով ներկայանալու միջազգային ատեաններուն: Այս ալ մեր դժբախտութիւնն է: Մեր եկեղեցին ալ շատ փայլուն վիճակի մէջ չէ: Դուն մեծ հաւատքով տքնեցար եկեղեցիները ի մի բերելու:
Այսօր մեր եկեղեցին ալ երկուքի բաժնուած է. ողջութեանդ ալ նման դէպքեր պատահեցան: Այժմ Անթիլիասի եւ Ս. Էջմիածնի վանքերը մեծ զոհողութիւններով կը ջանան եկեղեցականներու նոր սերունդ մը հասցնել, ինչ որ շատ գնահատելի է: Հոգեպարար է տեսնել երիտասարդ վարդապետներ, որոնք նուիրուածութեամբ աշխատանք կը տանին: Հայաստան եւ սփիւռք պէտք ունին իրաւ եկեղեցականներու` լուրջ եւ ծանրագլուխ, ինչպիսին էին անոնցմէ շատ-շատեր 1915-էն առաջ: Ողջ մնացողներ շարունակեցին իրենց գործը նոյն թափով, բայց միշտ ալ կարիքը զգացուած է այդ պատրաստութեամբ եկեղեցականներու: Օրինակ, Խրիմեան Հայրիկ կամ Օրմանեան արքեպիսկոպոս չունեցանք վերջին դարու ընթացքին:
Ես կը հաւատամ, որ եկեղեցական ըլլալ, նախ զոհաբերութիւն է, եւ յետոյ ալ` ամբողջական նուիրում Հայ եկեղեցիին:
Սիրելի մօրեղբայր,
Կը տեսնես, որ փիլիսոփայեցի: Կը յիշե՞ս, գրած էիր, թէ` «դուն շատ գրէ, իմ քիչ գրելուս մի՛ նայիր»: Ես ալ այդպէս կ՛ընեմ:
Իսկ դպրոցներու մասին նախընտրելի է չգրել: Հակառակ տարուած աշխատանքին` արդիւնքները գոհացուցիչ չեն: Տնտեսական վիճակը բազմաթիւ աշակերտներ ղրկեց պետական ձրիավարժ դպրոցներ: Իսկ մեր ունեւոր դասակարգը իր զաւակները օտար դպրոց կը ղրկէ` կարծելով, որ անոնցմէ մէյ մէկ հանճար դուրս պիտի գան: Օտար վարժարանը ոչինչ կու տայ, եթէ ենթական ուշիմ չէ:
Մելգոնեանը, որ քու սիրած միութեանդ կողմէ կը մատակարարուէր, ութսուն տարի ծառայելէ ետք, արդէն փակուեցաւ: Ժողովուրդը մեծապէս ընդվզեցաւ, որ նման ազգապահպանման հսկայ ամրոց մը, պատնէշ մը փուլ եկաւ անիմաստ տրամաբանութեամբ մը: Մամոնային մահասփիւռ ճառագայթումները կուրցուցած էին ղեկավարութեան աչքերը: Վստահ եմ, որ դուն ալ պիտի մերժէիր նման գործարք մը: Քանի մը տող գրեցինք առ ի բողոք, գէշ մարդ եղանք: Ժողովուրդին խօսքը ե՞րբ արժէք ունեցած է որ… Ի մէջ այլոց ըսեմ, թէ ես ալ բաներ մը կը գրեմ: Քեզի քաշեր եմ երեւի: Ժողովուրդը կը գնահատէ, ոմանք ալ դժգոհ են: Մենք ե՞րբ պիտի հանդուրժենք քննադատութեանց: «Խելքս ալ չի կտրեր կոր», պիտի ըսէր մեր Հալէպի «ֆըս-ֆըս» Յակոբը:
Քիչ մըն ալ լաւ լուրեր.
Զաւակդ` Եդուարդը, քանի մը տարի առաջ Ա. Մ. Նահանգներու մէջ մեր հանդիպումներէն մէկուն ինծի յանձնեց տրցակ մը քու` «Խելքիս փչածներէն», որ այնքան գուրգուրանքով պահած էր: Ասոնք լոյս տեսած են «Պայքար» օրաթերթին մէջ: Բոլորն ալ կարդացի ու տեսայ, որ նոյն ատեն բանաստեղծ ալ ես, ինչ որ մեծ յայտնութիւն մը եղաւ ինծի համար: Կարծես թէ այսօր գրուած ըլլային անոնք: Նախապէս այդ գրութիւններէդ ինծի տուած էր ընկերդ` պրն. Գրիգոր Պողարեանը, որ գիտես, թէ Կրթասիրացի երկարամեայ տնօրէնը եղած էր:
Ուրեմն որոշեցի տրամադրելի բոլոր գրութիւնները հատորով մը լոյս ընծայել եւ կորուստէ փրկել: Վստահ եմ, որ շատ պիտի ուրախանաս:
Ես ալ անսահման ուրախ եմ այս գործով: Խմբագրութիւնը յանձնեցի փրոֆ. Երուանդ Քասունիին. Քասունի աւետարանական գերդաստանի շառաւիղներէն է, որ իր լաւագոյնը ըրաւ: Կը տեսնես, թէ այս ալ տեսակ մը եկեղեցական գործակցութիւն է, որուն դուն ցանկացած էիր ժամանակին, ամբողջ հոգիովդ:
Այս գիրքէն օրինակ մը հետս պիտի բերեմ քեզի, երբ իմ ալ «վիզա»-ն գայ` ի վերին Երուսաղէմ ճամբորդելու:
Գիրքը պիտի հաւնիս անպայման:
Տակաւին շատ բաներ կան գրելիք, բայց քիչ մըն ալ յաջորդ նամակին ձգենք:
Սիրով`
ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

