ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հայ Սկաուտի Օր
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, եւ հովանաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 3 մարտ 2013-ին, հրապարակային հանդիսութեամբ նշուեցաւ «Հայ սկաուտի օր»-ը:
Արդարեւ, այս առթիւ յատուկ հրաւէր ուղղուած էր լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերուն (մաղաուիր), որպէսզի զինուորական ներկայացում մը կատարեն սկաուտներուն, ծնողներուն եւ բարեկամներուն առջեւ:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն բանակայինները հասած էին Ծաղկաձորի «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային համալիր` պատրաստելու համար ներկայացումը: Ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ ռազմական մեքենաներով եւ կրակոցներով ցուցադրութիւն համալիրի մուտքին:
Ապա, տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, որ կը ներկայացնէր լիբանանեան բանակի, ինչպէս նաեւ մասնայատուկ ուժերու գործունէութիւնը հիմնադրութենէն մինչեւ ներկայ օրերը: Ներկայ գտնուեցան Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Մըզհեր եւ փոխ քաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեան:
Ապա ներկաները հաւաքուեցան համալիրի բացօթեայ դաշտին մէջ, ուր զինուորականները հերթաբար ներկայացուցին տարբեր տեսակի չարքաշ մարզանքներ եւ ռազմական գիտելիքներ, ինչպէս` պարանով տանիքէն դաշտ իջնել, կրակէ օղակին մէջէն ցատկիլ եւ մարտական շարժումներով կենդանի պատկեր մը:
Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն` մասնակցութեամբ զինուորական շեփորախումբին եւ մասնայատուկ ուժերուն, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ` ծնողներուն եւ հանդիսատեսներու:
Արարողութեան աւարտին մասնաճիւղի փոքրագոյն անդամները` մոկլիները, ծաղկեփունջեր յանձնեցին բանակայիններուն իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն, մինչ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու ներկայացուցիչին:
Այս իւրայատուկ աշխատանքը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ ՀՄԸՄ-ի սկաուտին` հայ սկաուտին կապուածութինը հայրենիքին, կարգ ու կանոնին եւ չարքաշ կեանքին:
ԽՄԲԱՊԵՏ

