Ակնարկ. «Նոր Ծաղիկ»-ի Բուրմունքով
ԿԱՐԻՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԶՈՀՐԱՊԵԱՆ
Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին առիթով յունուարին Լաւալի Սեն Մարթեն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մոնրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կրտսերներու «Նոր ծաղիկ» երգչախումբի համերգը: Տեղին է նշել, որ այս երգչախումբը որոշ առիթներով ամբողջ Ս. պատարագը կը մեկնաբանէ կատարելագործուած կերպով:
Ստորեւ կը հրատարակենք այս գծով երգչախումբի անդամներէն մէկուն մօր տպաւորութիւնը, որուն մէջ ամփոփուած է երգչախումբի պատկերն ու հոն տիրող մթնոլորտը:
– Շո՛ւտ, շո՛ւտ, ուշացանք, տիկին Էլոն մեզի ժամը տասին կը սպասէ:
– Իր տունը պիտի երթանք, չէ՞:
– Այո՛ համերգի փորձ ունինք:
– Տիկին Դալա՞րն ալ հոն պիտի ըլլայ:
Կիրակի, 16 դեկտեմբերի առաւօտն է. զաւակներս խանդավառութեամբ կ՛արթննան ու արագ-արագ կը պատրաստուին մեկնելու տիկին Էլոյին տունը: «Նոր ծաղիկ» երգչախմբի յունուար 12-ի համերգը կը մօտենայ եւ նախապատրաստական փորձերը անհրաժեշտ են: Տիկին Էլօ Հարպոյեանը երգչախումբի անդամները հրաւիրեր է իր տունը:
Երբ կը հասնինք, կը նկատենք, որ տիկին Էլոյին տան կառատան դուռը բաց է. մանուկներու ու պատանիներու խանդավառ ձայներ ու ծիծաղներ կը լսուին: Տիկին Էլոն մեզ կը դիմաւորէ իր ջերմ ու անկեղծ ժպիտով: Ան ինքզինք չէ խնայած ու պատրաստած է նաեւ հիւրասիրութիւն: Երեխաները շատ ուրախ ու համերաշխ են, իսկ մթնոլորտը` գողտրիկ ու հարազատ: Գաւաթ մը տաք սուրճ կը լեցնեմ, անկիւն մը կը նստիմ ու կը դիտեմ «Նոր ծաղիկ»-ի այս իւրայատուկ փորձը:
Հետաքրքրական է տեսնել, թէ ի՛նչ արհեստավարժ մօտեցումով տիկին Էլոն կը սկսի «տաքցնել» փոքրիկ ու պատանի երգիչներուն ձայները. ան շնչառական վարժութիւններ ընել կու տայ անոնց:
– Օ՛ն, հիմա կամերը պիտի ընենք…
– Հիմա ռնգային վարժութիւնները…
– Տղա՛ք, պատանիներ, ուշադիր եղէք, երբ որ զգաք, որ բարձր նոթայի մը հասնիլ չէք կրնար, ուժ մի՛ տաք, որպէսզի ձեր ձայնալարերը չվնասուին:
Յստակ է, որ բոլորը արդէն լաւատեղեակ են ձայնամարզութեան հիմունքներուն եւ ուշադրութեամբ մտիկ կ՛ընեն իրենց հմուտ խմբավարին ցուցմունքներուն:
Մեծ զմայլանքով ու ծնողական գոհունակութեամբ կը դիտեմ զիրենք:
Սակայն այս արհեստավարժ մօտեցումը չէ միայն, որ խորապէս կը յուզէ զիս, այլ` հայ անձնուրաց մասնագէտին նուիրումը, հայ մանուկներուն ու պատանիներուն շուրթերէն հնչող հայ հոգեւոր, ժողովրդական ու ազգային երգերը: Անոնց հոգեհարազատ երգեցողութիւնը կը խօսի սրտիս ու հոգիս կը լեցնէ: Յաջորդաբար կը լսեմ Կոմիտասի «Օրհներգ»-ը ու Շնորհալիի «Առաւօտ լուսոյ»-ն, հայկական մանկական երգեր, ապա` ժողովրդական գոհարներ:
Տիկին Էլոն ինծի կը փոխանցէ յառաջիկայ համերգին շատ հարուստ ու խնամքով պատրաստուած յայտագիրը: Կոմիտասի, Շնորհալիի, Ա. Լուսինեանի ստեղծագործութիւններուն կողքին կարելի է նկատել Զ. Ազնաւուրեանի, Ա. Հեքիմեանի, Է. Բաղտատեանի, Բ. Կանաչեանի, Ա. Մնակեանի, Ե. Յակոբեանի, Մ. Եկմալեանի, Գ. Քաթիպայի երաժշտական յօրինումներն ու մշակումները:
Տպաւորիչ է: Այդ ի՜նչ երգեր սորվեր են մեր զաւակները: Ի՜նչ լուրջ ու կանոնաւոր ուսուցում ստացեր են ու մանաւանդ` ծանօթացեր են մեր երգարուեստի գեղեցիկ նմուշներուն, իւրացուցեր են հայ մշակոյթի հատորներ: Երկձայն երգեր, եռաձայն երգեր, մենակատարումներ… բոլորն ալ` բծախնդրութեամբ ու համբերութեամբ պատրաստուած:
Ուշադիր կը դիտեմ շուրջս եւ ինքզինքիս հարց կու տամ, թէ ո՞րն է արդեօք այս երգչախումբին յաջողութեան գաղտնիքը, այս դժուար առաքելութիւնը հնարաւոր դարձնողը: Պատասխանը մէկ է` Սէրը:
Սէրը` նախ մանուկներու ու պատանիներու նկատմամբ, անոնց ընդունումը իրենց տարիքային բոլոր յատկանիշներով, իրենց բնաւորութեան տարբերութիւններով ու իւրայատկութիւններով: Ապա խնամքը, անոնց հոգեկան, մտային ու նոյնիսկ ֆիզիքական պահանջներուն նկատմամբ հասկացողութիւնն ու յարգանքը:
Եւ վերջապէս` սէրը արուեստին, ու երաժշտութեան նկատմամբ ընդհանրապէս եւ հայ մշակոյթին ու հայ երգին նկատմամբ մասնաւորապէս:
Այո, այս «ապահով», հանդուրժող, սիրալիր, գեղեցիկ, հարուստ ու խթանող հայկական մթնոլորտին մէջ է, որ «Նոր ծաղիկ»-ի անդամները ամէն շաբաթ, դպրոցէն ետք կը հաւաքուին Ս. Յակոբ եկեղեցիէն ներս ու կը պատրաստուին իրենց տարեկան համերգին:
Հայ մանուկներ ու պատանիներ կ՛երգեն հայ հասակակից աշակերտներու համար:
Հայ մանուկներ ու պատանիներ իրենց երգով կը փառաբանեն հայոց այբուբենը, հայոց տառերը, հայ գիրքն ու դպրութիւնը, կը գովերգեն հայրենի բնութիւնն ու Հայաստանը: Սքանչելի յայտագիր, իւրայատուկ ջանքով պատրաստուած:
«Նոր ծաղիկ»-ը իր անզուգական խմբավարով, իրեն ընկերակցող տաղանդաւոր դաշնակահարուհիով (Դալար Հարպոյեան- Գալօղլեան), ծնողական յանձնախումբի ջանքերով ու մանաւանդ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ քհնյ. Գոյունեանի ու երէցկին Նինայի ճգնատանջ աշխատանքով իսկապէս վերածուեր է հայ մշակոյթի տան: Մոնրէալի մէջ հայապահպանման գործընթացին իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերող այս նախաձեռնութիւնը բոլորին` թէ՛ մեծերուն եւ թէ՛ փոքրերուն համար դարձեր է անհրաժեշտութիւն:
Հայերէն խօսիլ, հայերէն երգել, հայերէն շնչել, գրկել հայ մշակոյթը եւ գրկուիլ անոր կողմէ: Ահա թէ ինչի՛ առիթ կ՛ընծայէ «Նոր ծաղիկ»-ը մեր զաւակներուն:
Վարձքը կատար բոլորին:
Ապրի՛ք երեխաներ:

