Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Քուէյթ Յաղթեց Սաֆայի. Անսարի Երկրորդ Պարտութիւնը
Երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտին, Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն, լիբանանեան երկու կազմեր` Սաֆա եւ Անսար պարտութիւններ կրեցին իրենց մրցակիցներէն:
Քուէյթեան Քուէյթ խումբը 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սաֆային, Ա. խմբակի Ա. հանգրուանին իր կատարած երկրորդ մրցումին ընթացքին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Քուէյթ ապահովեց առաւելագոյն 6 կէտը, մինչ Սաֆա այժմ ունի միայն կէտ մը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին տիտղոսակիրը` Քուէյթ, իր երկրին ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` տասը կէտի առաւելութեամբ գերազանցելով 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Քատիսիէն:
Ինչ կը վերաբերի Բ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Անսար կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` 2-0 արդիւնքով նոյնինքն իրաքեան Էրպիլէն, որմէ 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Իրաքի մէջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Էրպիլ այժմ 6 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը առաջին անգամ սկսաւ 2004-ին: Ֆայսալի (Յորդանան) եւ Քուէյթ (Քուէյթ) երկուքական անգամ տիրացած են տիտղոսին:



