Ճատրակ. Քարլսըն Բոլորէն Աւելի Կը Զգուշանայ Արոնեանէն
«Ա1+» հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ ՖԻՏԷ-ի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն իրեն գլխաւոր մրցակից կը նկատէ հայազգի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան:
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 14 մարտին Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ պիտի սկսի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար պայքարի զտումի մրցաշարքը, որուն յաղթանակը տիտղոսին տիրանալու համար իր դէմ պիտի ունենայ աշխարհի հնդիկ ախոյեան Վիշվանաթան Անանտը:
«Տը Կարտիըն» օրաթերթին հետ իր կատարած զրոյցին ընթացքին Քարլսըն ըսած է. «Ինչ ալ ըլլան արձանագրուած արդիւնքները, մրցաշարքին տիրանամ կամ ոչ, անիկա մեծ նշանակութիւն չունի ինծի համար: Ներկայիս 22 տարեկան եմ, եւ իմ արհեստավարժ ասպարէզիս մեծ բաժինը տակաւին դիմացս է: Հայաստանը ներկայացնող Լեւոն Արոնեան վստահած է իր ուժերուն, որովհետեւ ան լաւապէս պատրաստուած է: Ան ունի հիանալի կողմնորոշում` դժուար դիրքերու ժամանակ եւ երբեք ընկրկումի նշաններ ցոյց չի տար»:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Պորիս Կելֆանտ (Իսրայէլ), Ալեքսանտր Կրիսչուք, Փիթըր Սվիտլեր, Վլատիմիր Քրամնիք (Ռուսիա), Վասիլի Իվանչուք (Ուքրանիա) եւ Թէյմուր Ռաճապով (Ազրպէյճան):
Նշենք, որ Ա. հանգրուանին Արոնեան ճերմակ քարերով պիտի մրցի Քարլսընի դէմ:

