Յորդանան. «Հայերը Յորդանանի Ընտանիքին Մասնիկն Են», Ըսած Է Յորդանանի Թագուհին ՀՕՄ-Ի Կեդրոնին Մէջ
Յորդանանի թագուհի Ռանիա Ապտալլա կիրակի, 10 մարտին այցելած է Ամմանի Հայ օգնութեան միութեան կեդրոն, հանդիպում ունեցած է վարչութեան անդամներուն հետ եւ ծանօթացած` միութեան տարած աշխատանքներուն ու իրականացուցած ծրագիրներուն:
Հանդիպման ընթացքին թագուհին զրուցած է ՀՕՄ-ի Ամմանի մասնաճիւղի պատասխանատուներուն հետ, ծանօթացած է միութեան նպատակներուն եւ անոր ծաւալած գործունէութեան, որ կը նպաստէ Յորդանանի հասարակութեան եւ յատկապէս կիներուն` պահպանելով մայրենի լեզուն եւ հայկական մշակոյթն ու աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ` աջակցելով կարիքաւոր ընտանիքներու, հիւանդներու եւ տարեցներու:
1946-ին Յորդանանի մէջ հիմնադրուած ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը կ՛օժանդակէ նաեւ տարբեր տեսակի արշաւներու, մարդասիրական օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ տեղական զանազան միութիւններու կողքին, ինչպէս նաեւ կրթաթոշակներ կը տրամադրէ կարիքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն:
Ամմանի մասնաճիւղի պատասխանատուներէն Արսինէ Ճամպազեան իր խօսքին մէջ հաստատած է, որ իրենք կը հպարտանան իրենց յորդանանեան ինքնութեամբ, ինչպէս նաեւ իրենց կարելին կ՛ընեն` իրենց ծննդավայրին ծառայելու նպատակով:
Կիներու միջազգային օրուան առիթով թագուհին իր շնորհաւորութիւնները փոխանցած է միութեան անդամներուն` հաստատելով, որ Յորդանան հարուստ է իր զաւակներով ու անոնց բազմազանութեամբ, եւ հայերը այդ ընտանիքին մէկ մասնիկն են: «Մենք այսօր կը գտնուինք յորդանանեան իւրայատուկ կազմակերպութեան մը մէջ, որ ունի հայկական բուրմունք եւ յայտնի է իր յարգալից վերաբերումով եւ գործունէութեամբ», ըսած է թագուհին:
Միութեան անդամներէն Ալին Պանայեան թագուհիին ներկայացուց միութեան պատմականը, անոր գործունէութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն` շեշտը դնելով Յորդանանի մէջ ի գործ դրուած աշխատանքներուն վրայ, որոնց ընդմէջէն ան անդրադարձաւ այն բնագաւառներուն, ուր ՀՕՄ¬ը իր դերակատարութիւնը ունեցած է Յորդանանի ընկերութեան մէջ: Անոնք դրսեւորումը կը հանդիսանան հայ¬յորդանանեան սերտ ու ամուր յարաբերութիւններուն:
Այս առիթով գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին հայկական պարերով հանդէս եկած է 47 անդամէ բաղկացած «Արազ» հայկական ժողովրդական պարերու խումբը:
Այցելութեան աւարտին թագուհին ներկայ գտնուած է նաեւ միութեան կազմակերպած ցուցահանդէսին, ուր ցուցադրուած են հայկական ձեռագործներ, ճաշատեսակներ եւ քաղցրեղէններ:

