Գաղութէ-Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սումկայիթեան Ջարդերուն
25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Իրաք
Սումկայիթի սպանդին 25-ամեակի առիթով իրաքահայ թեմին մէջ ոգեկոչման յատուկ հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ:
Ուրբաթ, մարտ 8-ի առաւօտուն, յետ պատարագին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` գլխաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ` Աւագ արք. Ասատուրեանի:
Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, Հայաստանի մէջ Իրաքի դեսպանութեան եւ Պաղտատի մէջ գործող միութիւններու, սկաուտութեան եւ կազմակերպութիւններու ծաղկեպսակներով թափօրը ուղղուեցաւ առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակը զետեղուած 1915-ի Ցեղասպանութեան խաչքար-յուշարձանին մօտ, ուր սրբազան հայրը օրհնեց Սումկայիթի նահատակներուն յիշատակին համար յատուկ պատրաստուած մարմարէ քարը, ապա զետեղեց զայն խաչքարին մօտ, ուր կը գտնուին նաեւ Տէր Զօրէն բերուած մասունքներ եւ 1988-ին Սպիտակ քաղաքէն բերուած տուֆ քար:
Ապա հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ առաջնորդարանի համալիրէն ներս գտնուող Ազգային վարժարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:
Յայտագիրը սկսաւ Պարոյր Յակոբեանի բացման խօսքով, որմէ ետք Աւագ Կարապետեան ելոյթ ունեցաւ դաշնամուրով երաժշտական երկու կտորներ նուագելով, որոնցմէ մէկը իր յօրինածն էր, Մարգարիտ Թաքէսեան երգեց «Իբրեւ արծիւ»-ը: Օրուան բանախօսն էր Մելքոն Մելքոնեան, տիկին Նուշիկ Մելքոնեան ասմունքեց Արամ Քեթենճեանի «Դրուագ մը Սումկայիթէն» քերթուածը, ապա Արամ Քեթենճեան երգեց «Կոտորածն անգութ» երգը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր պատգամով:
Թեհրան
Մարտ 1-ին Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն, որուն նախագահեց եւ օրուան առիթով քարոզեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Միացեալ Նահանգներ
Մարտ 3-ին Ուաշինկթընի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ եւ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ: Ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, ԼՂՀ ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, որոնք իրենց խօսքին մէջ ընդգծեցին Սումկայիթի եւ այլ բնակավայրերու մէջ հայերու դէմ իրականացուած ջարդերու ոգեկոչման արարողութիւններու կարեւորութիւնը սփիւռքի մէջ:
Լոնտոն
Մարտ 3-ին Լոնտոնի Թրաֆալկար հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ լուռ բողոքի հաւաք: Ցոյցին մասնակիցները անցորդներուն բաժնեցին սումկայիթեան ողբերգութեան մասին պատմող թերթիկներ:
Նոյն օրը Անգլիոյ եւ Իրլանտայի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Չեխիա
Մարտ 2-ին Փրակայի մէջ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք-երթ, որ սկսաւ Հանրապետութեան հրապարակէն` ուղղուելով դէպի կեդրոնական Հին քաղաքի հրապարակ, ուր իրենց բողոքը արտայայտեցին Ազրպէյճանի բռնատիրական եւ հայատեաց քաղաքականութեան դէմ: Երթը եզրափակուեցաւ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ, ուր ելոյթ ունեցաւ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան: Ան հաստատեց, որ երթը միայն սուգի եւ ոգեկոչման երթ չէր, այլ նաեւ` Չեխիոյ հայ համայնքի
միասնական ուժի դրսեւորման երթ: Այնուհետեւ կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Փարիզ
Մարտ 6-ին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան ցուցադրուեցաւ Մարինա Գրիգորեանի հեղինակած «Սումկայիթ. սովորական ցեղասպանութիւն» ժապաւէնը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ սումկայիթեան ջարդերէն հրաշքով փրկուած Պաւել Տրդատով, որ ներկայացուց ականատեսի իր վկայութիւնները: Ապա խօսք առաւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանը:
Ռումանիա
Մարտ 3-ին Պուքրեշի Միքայէլ եւ Գաբրիէլ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում` եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքար-յուշակոթողին դիմաց: Ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպան Համլեթ Գասպարեան եւ ռումանահայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան: Այնուհետեւ «Հայոց կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Սումկայիթ. սովորական ցեղասպանութիւն» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Եգիպտոս
Մարտ 3-ին Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող յուշարձանին առջեւ:
Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան 34-րդ
Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Փետրուար 6-ին Ազգ. առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան 34-րդ տարեդարձին կեդրոնական ձեռնարկը:
Ազգային իշխանութեան անունով Կարօ Ջորջեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք երեսփոխան դոկտ. Կարէն Խանլարեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ 34 տարիներ առաջ ծայր առած Իրանի յեղափոխութեան եւ հայ ժողովուրդին դերակատարութեան: Հայութեան ներկայութեան անդրադառնալով` ան վեր առաւ կրօնական, ազգային, կրթական, մշակութային ու հասարակական բնագաւառներուն մէջ հայութեան դրական ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը:
Ապա փոքրամասնութիւններու բաժանմունքի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Արմանդ, անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի շինարար ներկայութեան` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին խօսք առաւ թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպս. Սարգիսեան, որ հաստատեց հայ ժողովուրդին վայելած լայն առանձնաշնորհները եւ իրաւունքները Իրանի մէջ: Ան բացառիկ կարգավիճակ համարեց կրօնական ազատութիւնը համայնքային ներքին կեանքին մէջ, դպրոցներու կարգավիճակը, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մշակութային ու ընկերային գործունէութիւնը, եւ մանաւանդ` ազգային տօներու եւ աւանդութիւններու կատարման նկատմամբ պետութեան անարգել մօտեցումը եւ բարեացակամ վերաբերումը:
* Փետրուար 7-ին Թաւրիզի Հայոց հանգստարանին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի յատուկ սգահանդէս ու հոգեհանգիստ` իրանահայ նահատակներու հոգիներուն համար:
Թեմի առաջնորդը երախտագիտական խօսք ուղղեց Իրանի պետութեան ու ներկայ բարձրաստիճան հիւրերուն, որոնք ամէն տարի հաւատարմութեամբ ներկայ կը գտնուին սոյն արարողութեան: Ան երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգածու վերաբերմունքին` հայ համայնքի հանդէպ: Նահատակները յարգելու եւ անոնց յիշատակը անմոռաց պահելու պետական արարքի մէջ ան տեսաւ Իրանի պետութեան վսեմութիւնը:
Այնուհետեւ ան աղօթքով յիշեց բոլոր նահատակները, որոնք իրենց թանկագին կեանքը զոհաբերեցին յեղափոխութեան եւ ութամեայ պատերազմի տարիներուն: Նոյն օրը, հայ համայնքի անդամները մեկնեցան Թաւրիզի իսլամական գերեզմանատունը` իրենց յարգանքը մատուցելու իսլամ նահատակներուն: Թեմի առաջնորդը դարձեալ ոգեկոչեց հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակներուն յիշատակը:
Ուրմիա
* Կազմակերպութեամբ Ուրմիոյ Գործակալական խորհուրդին, 3 փետրուարին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն:
Ազգային իշխանութեան անունով Արա Ազիզեան ուրմիահայ համայնքին երախտագիտութիւնը յայտնեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Ապա Գործակալական խորհուրդի ատենապետ Գասպար Տիգրանեան անդրադարձաւ նահատակութեան գաղափարին եւ Իրանի համար զոհուած բոլոր նահատակներուն կեանքը արժեւորուած նկատեց իրենց զոհողութեան ոգիով:
Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան խօսք առնելով` վեր առաւ 34 տարիներ առաջ տեղի ունեցած շրջադարձի խորհուրդը` ընդգծելով այն բարեբեր պայմանները, որոնց ներքեւ հայ համայնքի զաւակները կ՛ապրին իրենց կեանքը` համերաշխ իրենց իսլամ հայրենակիցներուն հետ:
*Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին, 4 փետրուարին «Ծերունի Գասպարեան» մանկապարտէզ-նախակրթարանի հաւաքավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
ՀՕՄ-ի վարչութեան անունով Անահիտ Յովսէփեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ յեղափոխութենէն մինչեւ այսօր անցած ժամանակահատուածին եւ միութեան աշխուժ գործունէութեան:
Ապա ՀՕՄ-ի կրթօճախի ուսուցչուհի Նայիրի Դիլանեան ելոյթ ունենալով` լուսարձակի տակ առաւ յեղափոխութեան օրերուն կնոջ դերակատարութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2013 տարին Հայ մօր տարի հռչակումը առնչեց յեղափոխութեան օրերուն Իրանի մէջ ապրող հայ մօր քաջարի կեցուածքին:
Եզրափակիչ խօսքով թեմի առաջնորդը վերլուծեց յեղափոխութեան ու իրանահայ համայնքին առնչութիւնը, նաեւ խօսեցաւ ազատութիւն, անկախութիւն եւ յեղափոխութիւն եզրերուն մասին` միշտ շեշտելով մարդկային հաւասարութեան ու արդարութեան գաղափարները:
Գահիրէ
«Հայաստանը Եւ Քաղաքակրթութիւններու
Երկխօսութիւնը» Խորագրով Միջազգային
Գիտաժողով
Վերջերս Գահիրէի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Գահիրէի համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին կազմակերպած 5-րդ հերթական գիտաժողովը` «Հայաստանը եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնը. հայ գրատպութեան 500-ամեակ» խորագրով:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան: Խօսելով քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան մասին` դեսպանը նշեց, որ անիկա հաստատուած է, անկախ ազգային, կրօնական կամ այլ տարբերութիւններու, ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ փոխըմբռնման մթնոլորտի ստեղծման համար: Միաժամանակ ան դատապարտեց ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան սկզբունքներու ոտնահարումը եւ փոխարէնը անհանդուրժողականութեան, ատելութեան տարածումը:
Այնուհետեւ զեկոյցներով հանդէս եկան Հայաստանէն, Եգիպտոսէն եւ եգիպտահայ համայնքէն գիտնականներ:
Գիտաժողովի շրջագիծին մէջ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուեցաւ Գահիրէի «Այն Շամս» համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան եւ պատմութեան բաժանմունքներուն միջեւ:
Փարիզ
Հ. Նորշէնի Գիրքին Շնորհահանդէսը
Փետրուար 10-ին Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրենկեան» սրահին մէջ Հրանդ Նորշէն ներկայացուց վերջերս լոյս տեսած` իր «Ֆրանսայի մէջ` հայկական յիշողութեան ուղեցոյց» հատորը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Փարիզի եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութեան ատենապետ Գեղամ Թորոսեան: Ան ներկայացուց Փարիզի մայր եկեղեցւոյ բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանցի կեանքին ու գործին նուիրուած լուսանկարներու շարք մը` ցոյց տալով այդ մեծ դէմքին հայրենանուէր եւ եկեղեցասէր տիպարը:
Ապա խօսք առաւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, որ ողջունեց ու շնորհաւորեց Հրանդ Նորշէնը` իր տարած երկարաշունչ աշխատանքին համար: Ան գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Ֆրանսա աշխարհի մէջ ամէնէն շատ հայկական հետքեր ունեցող երկիրն է, եւ մաղթեց, որ ապագային մեր գաղութը, առանց մոռնալու 1915-ը աւելի ուժ տայ մշակոյթին:
Ապա Հրանդ Նորշէն խօսք առնելով` ներկայացուց իր գիրքէն հետաքրքրական հատուածներ, սկսելով նախաեղեռնեան նմուշներէն մինչեւ Ֆրանսայի մէջ այսօր գործող կեանքի կեդրոնները (եկեղեցի, մշակոյթի տուն®), անցնելով Եղեռնին նուիրուած յուշակոթողներէն ու փողոցներէն: Այս լուսանկարներու ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ ուղեցոյցին հրատարակիչ Արա Գրիգորեան: Ան հեղինակին շնորհակալութիւն յայտնեց այս կարեւոր աշխատասիրութեան յաջող աւարտին համար, որ պակաս մը կը լրացնէ: Ա. Գրիգորեան մաղթեց, որ մօտիկ ապագային Ֆրանսայի որեւէ վայրի մէջ յաջողին Ղարաբաղի անունն ալ զետեղել, ինչպէս նաեւ` արձանագրել մեր մշակոյթի մեծերուն անունները:
Եզրափակիչ բաժնով դեսպան Վիգէն Չիթեչեան շնորհաւորութեան եւ գոհունակութեան խօսքեր արտասանեց:
Միացեալ Նահանգներ
Կարինէ Պօղոսեանի Դաշնակի
Մենանուագը
Վերջերս, Թինեքի (Նիւ Ճըրզի) «Փաֆըն» փոքր համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կարինէ Պօղոսեանի դաշնակի մենանուագը:
Կարինէն առաջին անգամ նուագախումբով հանրութեան ներկայացաւ 14 տարեկանին, երբ նուագեց Պեթհովենի դաշնակի թիւ 1 քոնչերթոն, Նիւ Եորքի «Քարնըկի» համերգասրահին մէջ: Աւելի ուշ, 23 տարեկանին ունեցաւ իր առանձին մենահամերգը: Ան ելոյթներ ունեցաւ` Մըրքըն, Սթայնուէյ, Երրորդութեան տաճար, Պեւըրլի Հիլզ եւ այլ համերգասրահներու մէջ` անգամ նոր ու ճոխ յայտագիրով մը, ընդգրկելով դասականներուն լաւագոյն ստեղծագործութիւնները: Անոնց հետ մէկտեղ, չմոռցաւ հայ հեղինակներու գործերը, ինչպէս` Կոմիտաս, Խաչատրեան:
Որպէս մենակատար նուագեց զանազան նուագախումբերու մէջ. «Նիւ Եորք ֆիլհարմոնիք», «Փարք էվընիւ» սենեկային, «Միւզիքա պելլա սիմֆընի», «Քոքոլա անսամպլ»-ի եւ այլ նուագախումբերու մէջ:
Յայտագիրը նուիրուած էր Ֆրանս Լիսթի գործերուն: Սակայն ներկաներուն խնդրանքին ընդառաջելով` ան նուագեց նաեւ Կոմիտասէն:
Դասախօսութիւն` Նուիրուած
Հայ Տպագրութեան 500-Ամեակին
Վերջերս Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նուիրուած հայ տպագրութեան 500-ամեակին:
Արեւելեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով Յասմիկ Աբրահամեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց Նիւ Եորքի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արա Գաբրիէլեանը, որ ներկայացնէ օրուան դասախօսը` դոկտ. Արտակ Մովսէսեանը:
Գաբրիէլեան հաստատեց, թէ ի զուր չէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Երեւանը հռչակեց տպագրութեան մայրաքաղաք` նկատի ունենալով այդ ասպարէզին մէջ մեր ժողովուրդին վաստակը: Ան հաստատեց, որ հայ ազգը կը հպարտանայ իր հարուստ գրականութեամբ, որ հակառակ դժուարին պայմաններուն, գնահատած է մեր ուրոյն գիրն ու գրականութիւնը` իբրեւ ազգային գոյատեւման հզօրագոյն երաշխիք: Ապա ան ներկայացուց դոկտ. Արտակ Մովսէսեանը:
Դոկտ. Մովսէսեան գոհունակութիւն յայտնեց ստեղծուած առիթին համար` խօսելու մեր մշակոյթի կարեւորագոյն խնդիրներու մասին, որն է` հայոց գիրն ու գրականութիւնը: Ան հաստատեց, թէ Մեսրոպ Մաշտոց մեր վերջին 1600-ամեայ պատմութեան մեծագոյն մշակութային եւ քաղաքական գործիչը եղած է:
Դոկտ. Մովսէսեան խօսեցաւ նախամաշտոցեան շրջանի գրականութեան, ապա թարգմանական շարժումի մասին, որ զարգացաւ հայ գիրերու գիւտէն ետք:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, որ շնորհակալական եւ գնահատական խօսքեր արտասանեց ձեռնարկին համար:
Յայտնենք, որ Պոսթըն-Ուաթըրթաունի «Հայ կեդրոն»-ի «Լաչինեան» սրահին մէջ եւս դոկտ. Արտակ Մովսէսեան ելոյթ ունեցաւ նմանօրինակ դասախօսութեամբ մը:
Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ես Գիրք Եմ Հայերէն»
Եւ «Ողկոյզ» Հատորներուն Շնորհահանդէսը
Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի դաստիարակչական-մշակութային յանձնախումբին, 20 փետրուարին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ես գիրք եմ հայերէն» եւ «Ողկոյզ» հատորներուն շնորհահանդէսը:
Յանձնախումբին անունով Հրայր Ճերմակեան ամփոփ կէտերու մէջ բացատրեց երեկոյին նպատակը, որմէ ետք օրուան հանդիսավար, «Լարք»-ի փոխտնօրէնուհի Թագուհի Արզումանեան ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ մշակոյթի նորագոյն պատմութենէն դրուագներու, մէջբերումներ կատարելով մեծարեալ բանաստեղծին գործերէն: Ապա սրտի խօսք փոխանցեց Ժագ Ս. Յակոբեանի վաղեմի բարեկամներէն ու գործակից-խորհրդակիցներէն Մայք Եուսուֆեան:
Երկու գիրքերուն ներկայացումը կատարեց Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ խօսեցաւ հատորներու բովանդակութեան ու գրական արժէքին մասին:
Հայաստանն Ու Արցախը «Լոս Անճելըս Թայմզ»-ի
Ճամբորդական Ցուցահանդէսին Մէջ
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ազգային մրցունակութեան հիմնարկի, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի եւ Արցախի զբօսաշրջութեան վարչութեան, այս տարի եւս Հայաստանն ու Արցախը ներկայացնող միացեալ կրպակ մը հաստատուեցաւ «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի հռչակաւոր ճամբորդական ցուցահանդէսին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 23-24 փետրուարին, Լոս Անճելըսի «Քոնվենշըն սենթըր»-ին մէջ:
Հակադարձելու համար Ազրպէյճանի այն սպառնալիքներուն, թէ պիտի զգետնէ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող քաղաքացիական օդանաւերը, ցուցահանդէսին մասնակիցները լուսարձակի տակ առին Արցախի եւ Հայաստանի բնական գեղեցկութիւնն ու հոն այցելելու տարբեր կարելիութիւնները` աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ հիւրընկալելու նպատակով:
Կրպակին մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ Հայաստան եւ Արցախ այցելելու մասին նորագոյն ուղեցոյցը, որ պատրաստուած էր Մեթիու Քարանեանի եւ Ռապըրթ Քիւրքճեանի կողմէ:
Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Ձեռնարկը
Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ
Մարտ 2-ին Պեւըրլի Հիլզի «Մոնթաժ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան տարեկան ձեռնարկը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեցին ՀԵԴ-ի անդամներ Լոռի Պօղիկեան եւ Արամ Եագուպեան` իրենց անձնական փորձառութիւնները ներկայացնելով հաստատեցին, թէ Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը մեծ դերակատարութիւնը ունեցած է իրենց, նաեւ շատ մը ուրիշներու կեանքին ընթացքին արձանագրուած յառաջդիմութեան մէջ:
Այնուհետեւ Էլիզապէթ Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Ապա տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան աշխատանքին նուիրուած տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը, որմէ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ-ի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան փոխանցեց իր պատգամը, որուն ընթացքին ան միաժամանակ արժեւորեց տարուած աշխատանքը եւ շեշտեց տակաւին կատարուելիք աշխատանքին յոյժ կարեւորութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ մշակութային հիմնարկութեան վարչութեան, անոր համակիրներուն ու մանաւանդ` անոր հովանաւորներուն, որոնք իրենց առաջնահերթութիւնը դարձուցած են Հայ մշակութային հիմնարկութեան տեսլականին իրականացումը: Ապա ան անդրադարձաւ նախորդ տարուան ընթացքին արձանագրուած գլխաւոր իրագործումներուն եւ մատնանշեց հիմնարկութեան գործունէութեանց առջեւ ցցուած խոչընդոտները:

