Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Խօսքեր, Որոնք Պէտք Չէ Ըսուին Երեխաներուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Իւրաքանչիւր մայր կը փափաքի, որ իր երեխան կատարեալ ըլլայ: Այդ պատճառով ալ ճիգ ու եռանդ չի խնայեր: Բայց դժբախտաբար երբեմն չի խնայեր նաեւ խօսքեր: Բարկացած, գրգռուած վիճակի մէջ մամաները կրնան ըսել այնպիսի խօսքեր, որոնք ապտակէ մը աւելի ցաւցնող կրնան ըլլալ երեխային համար:

«Աս ի՛նչ թափթփած ես…»

Շատերու նման դուք ալ կը կարծէք, որ ձեր երեխան երբեք պիտի չսորվի «մարդավարի» ուտել, ուղիղ քալել, առանձինը հագուիլ… Բայց մի՛ մոռնաք, որ աշխարհի բոլոր երեխաներն ալ կը ցեխոտեն իրենց տօնական հագուստը, կերակուրը կը թափթփեն իրենց հագուստին վրայ, կաթին գաւաթը կը շրջեն գետին…

Բայց ամէն բան իր ժամանակը ունի. այդքան ալ դիւրին չէ կօշիկին կապերը կապելը, բաճկոնին կոճակները կոճկելը: Անշուշտ կու գայ օրը, երբ երեխան ամէն բան կը սորվի, եւ դուք հաճելիօրէն կը զարմանաք: Մի՛ մոռնաք, որ այդ տարիքին դուք ալ նոյնն էիք, եւ թէ` քիչ-քիչ փոխուեցաք:

«Ոտքիս տակէն հեռացիր…»

Ճիշդ այն պահուն, երբ դուք կ՛աճապարէք կամ կարեւոր գործի վրայ էք, ձեր երեխան անդադար կը յայտնուի եւ ձեզ կը խանգարէ: Իր պատճառով սուրճը կը յորդի ու կը թափի, ձեր ոտքը սեղանին անկիւնին կը զարնուի կամ ջուրին բաժակը կ՛իյնայ…

Բայց հոս ի՞նչ յանցանք ունի ձեր երեխան. մի՛ մեղադրէք զայն ձեր առօրեայ անյաջողութիւններուն մէջ: Ժամանակը կու գայ, երբ ինք կ՛օգնէ ձեզի ձեր առօրեայ գործերուն մէջ:

«Մի՛ խանգարեր…»

Եթէ դուք կ՛աշխատիք եւ երեխան ձեզ կը խանգարէ, մի՛ յանդիմանէք, սենեակէն դուրս մի՛ վռնտէք, «դո՛ւրս կորսուէ եւ դուռը գոցէ՛» մի՛ պոռաք: Չէ՞ որ ձեր երեխան առանձինը կը ձանձրանայ եւ կ՛ուզէ ձեր կամ հօրը հետ խօսիլ, հաղորդակցիլ:

Եւ մտածեցէ՛ք, թէ որքան վիրաւորական է «քեզմէ ազատում չկայ» խօսքը, պիտի ուզէի՞ք, որ ուրիշը ձեզի նոյնը ըսէր:

«Եթէ չքնանա՜ս…»

Ձեր երեխան կը վախնայ մութէն, այնպէս` ինչպէս դուք պիտի վախնայիք, եթէ առանձին կորսուէիք մութ անտառին մէջ: Եւ պէտք չէ զայն վախցնել` ըսելով. «Եթէ չքնանաս, ոստիկանները պիտի գան…» կամ` նմանօրինակ խօսքեր: Դուք ոստիկանին չգալուն մասին կասկած չունիք, իսկ ան կը հաւատայ ու կը մտահոգուի: Ինչո՞ւ երեխան վախցնել կամ սենեակին ելեկտրականութիւնը անջատելով հանգիստ խղճով հեռանալ` ձգելով երեխան իր վախերուն մէջ:

«Դուն արդէն մեծ ես…»

Երբեմն այս խօսքը շատ օգտակար է: Ան արդէն մեծ է, որպէսզի չզարնէ իրմէ պզտիկներուն, մեծ է, որպէսզի քիչ մը դիմանայ, երբ ծարաւ է կամ յոգնած: Բայց ձեր երեխային ցոյց տուէք, որ մեծ ըլլալը միայն դժուարութիւններու դիմանալը չէ, մեծ ըլլալը նաեւ շատ ձեռնտու է, ան արդէն կրնայ ձեզի հետ այցելութեան, թատրոն կամ համերգի երթալ:

Խնդիրը բոլորովին այլ է, եթէ ձեր ընտանիքին մէջ արդէն իսկ յայտնուած է երկրորդ փոքրիկը: Առաջնեկը ինքնաբերաբար կը սկսի մեծ համարուիլ, եթէ նոյնիսկ ան 3 տարեկան է: Եւ տեւաբար կրկնելով, որ ան արդէն մեծ է, ան կամաց-կամաց կը համոզուի, որ զինք այլեւս չէք սիրեր, կը սիրէք մի միայն նորածին մանուկը: Եւ մի՛ զարմանաք, երբ ան սկսի ատել բոլորէն սիրուած այդ փոքրիկը:

«Չմօտենա՛ս…»

Պէտք չէ երեխային մէջ վախ սերմանել անասուններուն, ջուրին, կրակին եւ այլ երեւոյթներու նկատմամբ:

«Շան չմօտենա՛ս, կը խածնէ», «գետեզերքէն հեռո՛ւ մնա, կը խեղդուիս», «Պատշգամ չելլե՛ս, կ՛իյնաս», «Խարոյկին չմօտենա՛ս, կ՛այրիս», եւ տակաւին շարքը շատ երկար է…

Անշո՛ւշտ, որ ճիշդ է երեխան զգուշացնելը զանազան վտանգներէ` կանխարգիլելու համար հաւանական արկածներ, բայց տեւաբար կրկնուող այս զգուշացումները կրնան վախկոտ, չնախաձեռնող եւ անինքնավստահ դարձնել զայն: Հետեւաբար նախընտրելի է հսկող աչք ըլլալ անոնց վրայ եւ հիմնաւորուած զգուշացումներ կատարել որոշ վտանգներու գծով:

«Ես քեզ կը փոխեմ…»

Ձեր զաւկին յաճախակի չարաճճիութիւններէն բարկացած` երբեք չըսէք. «Ես քեզ կը փոխեմ ուրիշ երեխայի հետ, ան քեզի պէս չէ, խելօք է ու մաքրասէր…». ճիշդ է, որ այդ պահուն ան կը վախնայ եւ կ՛ենթարկուի ձեզի, բայց դուք չէք իմանար, թէ որքան կը վիրաւորէք անոր փխրուն ներաշխարհը: Արբունքի տարիքին դուք կը նկատէք անոր զանազան բարդոյթները, որոնք հետեւանք են ձեր կողմէ ըսուած խօսքերուն:

Ձեր բարկացած ձայնը կը խոցէ երեխային սիրտը: Դուք կը կարծէք, թէ ձեր ըսած խօսքերը «մի միայն բառեր են», մինչդեռ անոնք ապտակէ մը աւելի ցաւցնող են ձեր փոքրիկին համար, որ անկասկած ամբողջ աշխարհի լաւագոյն փոքրիկն է:

 

Առողջապահական

Կաթը Հակամիջոց` Ծխելու Դէմ

Կաթը կրնայ ծխողները ազատել ծխելու սովորութենէն:

Հոլանտացի գիտնականներու կարծիքով, կաթը, պտուղները, բանջարեղէններն ու մաքուր ջուրը կը վատթարացնեն ծխախոտին համը: Սուրճը, խմիչքը եւ մսեղէնը, ընդհակառակը, կը լաւացնեն անոր համը:

Վերոյիշեալ գիտնականներու մեծաւորին` Ժոզեֆ Միքլեմոնի կարծիքով, հետազօտութեան արդիւնքներէն մեկնելով` կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել յատուկ մաստակ մը, որ պիտի օգնէ ծխողներուն հրաժարիլ ծխախոտէն:

Հետազօտութեան ենթարկուած են 209 ծխողներ: Անոնց ուղղուած հարցումներէն պարզուած է, որ 19 ծխողներու մօտ կաթի օգտագործումը վատթարացուցած է ծխախոտին համը, 14 առ հարիւրը դժգոհեր է, որ առանց սուրճի, խմիչքներն ու ջուրը վատթարացուցած են ծխախոտին համը, 16 առ հարիւրը հաստատեր է, որ պտուղներն ու բանջարեղէնները փոխեր են ծխախոտին համը եւ միայն 44 առ հարիւրը հաստատեր է, որ ոգելից ըմպելիները լաւացուցեր են անոր համը: 45 առ հարիւրը հաստատեր է, որ ծխելը հաճելի է թէյով, սուրճով, իսկ 114-ը հաստատեր են, որ ծխելը հաճելի է միս ուտելու ժամանակ:

 

Սննդագիտական

Ի՞Նչ Է Քինուան

Ա.- Պատմութիւնը

Քինուան կը մշակուի 5000 տարիէ ի վեր: Ինքաներուն համար անիկա սրբազան բոյս մըն է` «բոլոր ընդեղէններուն մայրը»:

Հակառակ որ քինուան համով եւ տեսքով ցորենը կը յիշեցնէ, բայց անիկա կը պատկանի շոմինի եւ ճակնդեղի ընտանիքին: Այս բոյսը կը մշակուի Պոլիվիոյ, Արժանթինի, Փերուի եւ Չիլիի մէջ, անիկա ունի բազմաթիւ սննդական յատկանիշներ. հարուստ է բնաթելով, բնասպիտներով, կենսանիւթերով, հանքայիններով եւ օմեկա 3-ով:

Քինուան յանձնարարելի է բոլորին անխտիր` բուսակերներուն, մարզիկներուն, յղի կիներուն եւ երեխաներուն:

Բ.- Ինչպէ՞ս Եփել

Քինուան եփելը շատ դիւրին է. բաւարար է, որ անոր հատիկները եփին 10-12 վայրկեան` իր քանակին կրկնապատիկը ջուրի մէջ:

Եփի ատեն կարելի է անոր աւելցնել բանջարեղէնի տեսակներ, մսաջուր, համեմներ եւ այլն…

Քինուան կրնայ փոխարինել` բրինձը, գետնախնձորը, դդմաճները եւ հացը:

 

Խոհագիր

 Քինուայով Աղցան

Բաղադրութիւն

– 1 գաւաթ քինուա
– Կէս վարունգ` մանր, խորանարդաձեւ կտրտած
– 2 լոլիկ` մանր, խորանարդաձեւ կտրտած
– Թարմ անանուխ` մանրուած
– Թարմ ազատքեղ` մանրուած
– 1 պզտիկ սոխ` մանրուած
– Ձէթ
– Կիտրոնի հիւթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Նախքան եփելը` թելադրելի է քինուան պաղ ջուրով ցօղուել, ապա 1 գաւաթ քինուային 2 գաւաթ ջուր աւելցնել եւ եփել, երբ եռալու սկսի, կրակին տակը թեթեւցնել, կափարիչը գոցել եւ 10-12 վայրկեան եփել:

Երբ ջուրը ցամքած է, ձգել, որ պաղի: Ներկայանալի, խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել պաղած քինուան, մանրուած վարունգը, սոխը, լոլիկը, ազատքեղն ու անանուխը: Աւելցնել կիտրոնի հիւթը, ձէթն ու աղը եւ միատեղ, զգուշութեամբ խառնել:

Նշենք, որ քինուան կը վաճառուի հանրախանութներու առողջապահական ուտելիքներու բաժինին մէջ:

2013-ը հռչակուած է քինուայի միջազգային տարի, այս մասին յառաջիկային կ՛անդրադառնանք:

 

Սէօվիւրմէ

2 քիլօ սմբուկ
4 լոլիկ` մանրուած
2 կանաչ պղպեղ` մանրուած
1 սոխ` մանրուած
6 պճեղ սխտոր` ճզմուած
1 կապոց ազատքեղ` մանրուած
3 ապուրի դգալ ձէթ
2 լեմոնի հիւթ
Կարմիր պղպեղ
Աղ

Սմբուկները փուռին մէջ եփել, մաքրել եւ մանրել:

Վրան աւելցնել լոլիկը, կանաչ պղպեղը, սոխը, սխտորը, ազատքեղը, լեմոնի հիւթը եւ համեմները:

Լաւ մը խառնել եւ ներկայանալի ամանի մը մէջ դնելով` հիւրասիրել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Աղօթք Նոր Օրերու

Ա՛ստուած, պահէ զիս ըլլալէ մեծամոլիկ…
Թէեւ չեղայ, անշուշտ չունիմ ա՛լ ըլլալիք`
Սակայն նորէն, մինչեւ կեանքիս վերջին րոպէն
Տէ՛ր, պահէ զերծ զիս հոգիի այդ ուռեցքէն…:

Խելք` աւելի պիտի չտաս քան քիչը այս.
Ուժ` ոչ, գեղ` ոչ. բայց պատահի որ եթէ տաս
Հարստութիւն, Տէ՛ր, մի՛ թողուր որ հաւատամ
Թէ «ինձմէ» է, մի՛ թողուր զայն պահել անգամ…:

Ու եթէ տաս դրամն այդ շատ` տո՛ւր հետը քիչ
Մ՛ալ աւելի՛ քան ունեցածս հոգի եւ խիղճ,
Ինչպէս քիչ մ՛ալ աւելի միտք` որոնց հիմա՛
Կ՛անդրադառնամ – պէտքն անպատճառ այն ատեն կայ…:

Տէ՛ր, կը խնդրեմ, եթէ ինձ տաս հարստութիւն,
Բառը կրկնէ՛ եւ այս անգամ «համեստութիւն»
Արձագանգէ թո՛ղ հրեշտակդ սխալմամբ,
Ու երեկոն կեանքիս մնայ խաղա՛ղ, անա՜մպ…:

Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES