ԱՐԱՏԱՒՈՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՉԵՂՈՂԸ, ԱՆՈՐ ՄԵՂՍԱԿԻՑ Է ԸՍԱՒ Ա. ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ

Մեկնաբանելով վերջերս Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ արտայայտուած տեսակէտը` 1 մարտի իրադարձութիւններուն վերաբերող, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահբազեան ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն նոյնպէս վերապահումներ ունեցած է 1 մարտի իրադարձութիւններու բացայայտման առնչուած եւ այդ գծով յատուկ կարծիք կցած է Ազգային Ժողովի ժամանակաւոր յանձնախումբի ներկայացուցած եզրակացութեան:

«Կրնամ համաձայն գտնուիլ, որ նախաքննութիւնը ամբողջապէս չյաջողեցաւ խնդիրը քննարկել եւ շատ հետեւողական չեղաւ», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն համագործակցութեան` խմբակցութեան քարտուղարը զայն առեւտուր որակեց:

Ըստ անոր, Լեւոն-Տէր Պետրոսեանի դիմաց կան տարբեր խնդիրներ, ինչպէս` լուծել 10 զոհերու հարցը, ազատ արձակել բանտարկուած ընկերները եւ աթոռներ ապահովել խորհրդարանին մէջ: Սերժ Սարգսեանի համար ալ ձեռնտու է երկխօսութիւնը, քանի որ յառաջիկայ ընտրութիւններու շեմին մթնոլորտը պիտի մաքրուի, եւ պիտի վերանան նախորդ ընտրութիւններուն տակաւին չմարսուած հետեւանքները:

Արտաշէս Շահպազեան յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնը այդքանով սահմանափակուի եւ այլ կարեւոր խնդիրներու, օրինակ` հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ չազդէ:

Անդրադառնալով վերահսկիչ պալատի բացայայտումներուն` Արտաշէս Շահպազեան նշեց, որ կայ արատաւոր համակարգ եւ բոլոր անոնք, որոնք շահագրգռուած չեն, այդ արատաւոր համակարգի փոփոխութեամբ ապա անոր, մեղսակիցները կը դառնան:

 

Share this Article
CATEGORIES