ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՑՆԵԼ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿԷՆ

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է իր ստորագրութիւնները ամբողջովին վերցնէ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն տակէն, որովհետեւ իրենց ներկայ վիճակին մէջ անոնք միա՛յն կը նպաստեն Թուրքիոյ շահերուն:

Ըստ անոր, այսօր Թուրքիա պիտի յաջողի օգտուիլ այդ արձանագրութիւններէն, իսկ Հայաստան` ոչ. Թուրքիոյ սպասելը կը նշանակէ ոչինչի նախաձեռնել:

ՀՅԴ ներկայացուցիչը նշեց, որ տարբեր երկիրներ, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիոյ նման կը մեկնաբանեն արձանագրութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող երկու կէտերը, որոնցմէ մէկը պատմական հարթութեան վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարող ձեւաւորուելիք ենթայանձնախումբին հարցն է:

«Թուրքիա եւ շարք մը այլ երկիրներ կ՛ըսեն, որ այդ ենթայանձնախումբը պիտի քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի խնդիրը: Անոնք, փաստօրէն, կ՛անտեսեն Հայաստանի տեսակէտը, ըստ որուն, այդ յանձնախումբը պիտի չվիճարկէ Ցեղասպանութեան հարցը, այլ պէտք է քննարկէ հետեւանքները վերացնելու հարցերը», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:

Երկրորդ կէտը, որով նոյնպէս կ՛անտեսուի Հայաստանի կարծիքը, Կիրօ Մանոյեան կը համարէ սահմանի խնդիրը. դարձեալ կ՛անտեսուի Հայաստանի նախագահին մեկնաբանութիւնը, ըստ որուն, կայ միայն Հայաստան- Թուրքիա սահմանային հարց, որ պէտք է կարգաւորուի միջազգային իրաւունքին համաձայն: Իսկ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ կը մեկնաբանեն, որ կողմերը ներկայ սահմանը կը ճանչնան իբրեւ իրաւական սահման:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, փաստ է այն, որ Միացեալ Նահանգներ եւ միւս երկիրները այս երկու խնդիրներուն մասին Թուրքիոյ նոյն մեկնաբանութիւնը ունին եւ ատիկա կ՛օգտագործեն Հայաստանի դէմ: «Բացի անկէ, Թուրքիա ինքնիրեն իրաւունք տուած է առաջադրելու երրորդ նախապայմանը` Ղարաբաղի հարցի լուծումը, եւ հիմա այն երկիրները, որոնք կ՛ըսէին, թէ առանց նախապայմանի այս արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացնել, Թուրքիոյ ըսածը սկսած են տրամաբանական նկատել», յայտնեց Կիրօ Մանոյեան: Ան աւելցուց, որ Հայաստան ձեռնունայն մնացած է եւ ինքզինք դրած է կախեալ վիճակի մէջ` ըսելով, որ եթէ Թուրքիա այո ըսէ, ինքն ալ պիտի ըսէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES