ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ

ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տարածուեցաւ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Կարէն Նազարեանի նամակը, որ պատասխանն է Ազրպէյճանի ներկայացուցիչին նախապէս տարածած նամակին. անիկա ուղղուած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին:

Դեսպան Նազարեանի նամակին մէջ կը նշուի, որ անբարոյ են կեղծիքներ տարածելու եւ երեխայի կեանքը իբրեւ քարոզչութեան գործիք օգտագործելու նպատակով Ազրպէյճանի փորձերը: Այսպիսի փորձերու փոխարէն Ազրպէյճան պէտք է հրաժարի շփման գիծին վրայ սադրանքներու իր արկածախնդիր արարքներէն, որոնք լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն շրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան: Ըստ դեսպան Նազարեանի, այդ գործողութիւնները բացայայտ կերպով կը խախտեն 1994-ին Ազրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած զինադադարի համաձայնութիւնը: Կը նշուի, որ Ազրպէյճան պէտք է յարգէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կոչերը` շփման գիծէն արձակազէնները հեռացնելու մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES