Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հայ Կնոջ Բարեւը

Իւրայատուկ էր Ազատութեան հրապարակին բոյրը` մարտ 8-ի հաւաքին:

Անգամ մը եւս բիւրաւոր հայորդիներ ժամանած էին` արտայայտելու իրենց Հայաստանի նախագահական յետընտրական ցասումն ու բողոքը: Այդ օր ծաղկած էր հրապարակը, եւ իւրայատուկ բնոյթ ստացած էր «Բարեւ» յեղափոխութիւնը: Արդարեւ, Կիներու միջազգային օրուան առթիւ բեմի վրայ էր հայ կինը, որ ժամանած չէր պարզապէս մեծարուելու, յարգուելու, գուրգուրանքի, փաղաքշանքի, սիրոյ քաղցր ու քնքուշ խօսքեր լսելու եւ կամ, այդ օրուան սովորութեան նման, փունջ մը ծաղիկ ստանալու:

Հաւանաբար, աւելի քան քսան տարի առաջ խորհրդային օրերուն, Երեւանի մէջ, բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ կը նշուէր Կիներու միջազգային օրը: Խորհրդային ղեկավարութիւնը կրցած էր իր ոճով ներկայացնել եւ իւրացնել կիներու ազատագրութեան պայքարը… զայն անուղղակիօրէն կալանքի տակ առնելով: Եւ այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հազիւ յիսուն տարի առաջ, միայն 1970-ականներուն, մարտի 8-ը, իբրեւ Կիներու միջազգային օր, իր առանձնայատուկ տեղը  ունեցաւ եւ միացաւ համաշխարհային տարողութեամբ տօնակատարուող միջազգային օրերու շարքին:

Այսպէս, աշխարհի մէջ, ամէնուրեք, հաւանաբար իր սկզբնական գաղափարական մարտունակութենէն շատ բան կորսնցուցած է Կիներու միջազգային օրը, որ կը փորձէ պայքարիլ կիներու իրաւական հաւասարութեան համար:  Այսուամենայնիւ, կը կատարուին խորհրդանշական ցոյցեր, տօնակատարութիւններ, խորհրդաժողովներ` քննարկելու, գնահատելու եւ փառաբանելու համար փափուկ սեռին կատարած նուաճումները` զանազան ոլորտներէ ներս, նաեւ` պահանջելու ցայսօր ձեռք չբերուած իրաւունքներ:

Չէ՛… Փափուկ սեռին` կին էակին մեծարանքը չէր, որ կը պատահէր այդ օր Երեւանի մէջ, այլ նոյնինքն հայ կինը ժամանած էր ծաղկեցնելու այդ յաչս արդարութեան եւ բարեփոխութեան համար կատարուող յեղափոխութեան ալիքին, իր կարգին բարե՛ւ մը ըսելով եւ յայտնելով, թէ այս պայքարը սահմանուած չէ յատուկ խաւի մը: Անոնց համար այդ օրը, Երեւանի կեդրոնին մէջ, կիներու անհաւասարութեան ու խտրականութեան ջնջման ի խնդիր սկսած պայքարի յիշատակի օրը չէր: Դժբախտաբար, հայրենիքին մէջ, առանց սեռի խտրականութեան եւ ամէնուրեք է, այդ օգտագործող եւ օգտագործուողի, շահագործող եւ շահագործուողի իրավիճակը: Եւ այսպիսի պայմաններու տակ է, որ հայ կիները միացած են ընկերային արդարութեան այդ մեծ շարժումին:

Հուսկ, սովորութիւն դարձած է, որ ամէն տարի Կիներու միջազգային օրուան առթիւ բնաբան մը որդեգրուի: Այս տարուանը հետեւեալ նախադասութիւնն է. «Խոստումը խոստում է. ժամանակն է գործի լծուելու` վերջ տալու համար կնոջ հանդէպ գործադրուող վայրագութեանց»:

…Երեւանի մէջ կատարուած հաւաքին, վերոյիշեալ բնաբանը կը համընկնէր բոլոր սեռերուն: …Եւ այդ օր, աւելցած էր հայ կնոջ բարեւը:

Share this Article
CATEGORIES