Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Շնչառական Գործարաններու Հիւանդութիւններ» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 13 մարտ 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շնչառական գործարաններու հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց քիթի, ականջի եւ կոկորդի մասնագէտ տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ շնչառական գործարանները, քիթի խոռոչէն մինչեւ թոքեր, շնչառութեան միջոցով թթուածինը կը հասցնեն մարմնի բոլոր բջիջներուն: Շնչառական համակարգը ունի տարբեր բաժիններ եւ ճիւղաւորումներ:
Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան դասախօսութեան սկսաւ մանրամասնօրէն բացատրելով շնչառական համակարգի տարբեր բաժանումները, ենթաբաժանումները եւ անոնց աշխատանքները: Շնչառական համակարգը ունի հետեւեալ ուղին` քիթ, բերան,կոկորդ, շնչափող, պրոնքներ եւ թոքեր: Աւելի լայն բաժանումով կ՛ունենանք հետեւեալ մասերը.
1.- Վերին շնչառական ուղիներ
2.- Ստորին (վարի) շնչառական ուղիներ
Շարունակելով` դասախօսը անդրադարձաւ տարբեր մասերուն:
1.- Քիթը: Շնչառութեան առաջին ուղին, ունի նաեւ ձայնի հնչեղութեան պարտականութիւնը: Բացատրելով քիթի տարբեր մասերը եւ բաժինները, դասախօսը նշեց այն բացուածքը, որ խողովակով մը քիթը կը կապէ միջին ականջին: Յաճախ իբրեւ կրիփի արդիւնք կոկորդի եւ քիթի բորբոքումին հետ նաեւ ականջը կապող խողովակը կը բորբոքի:
2.- Բերանը: Կ՛ուղղուի դէպի ըմպան (Ֆարինքս)` մինչեւ ձայնալարերը. ասիկա բաժնուած է երեք մասերու`
ա) Քիթ ըմպան, բ) բերան ըմպան եւ գ) կոկորդ ըմպան:
Բերանի պարտականութիւնները կը կայանան մարսողութեան մէջ, իբրեւ առաջին բաժին, համտեսելու եւ նաեւ կուլ տալու: Այս բաժինով դասախօսը նշեց նշիկներու անհրաժեշտութիւնը եւ պարտականութիւնը մարմնի պաշտպանողական համակարգին մէջ: Թուեց այն պայմանները, որոնց ներքեւ կարելի է միայն նշիկները վիրահատել:
3.- Կոկորդը: Շնչառական եւ ձայնի պարտականութիւններու կողքին ունի նաեւ այլ պարտականութիւն: Փոքր խփանի մը օժանդակութեամբ, կոկորդը տարբեր աշխատանքներու ընթացքին` շնչառութեան կամ կուլ տալու, կը փակէ կամ կը բանայ շնչափողը եւ նաեւ կերակրափողը:
Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան յիշեց նաեւ բերնին մէջ գտնուող երեք թքագեղձերը`
ա.- Յարականջային
բ.- Ենթածնոտային
գ.- Ենթալեզուային
Այս բաժինով դասախօսը նշեց յարականջային թքագեղձի հիւանդութիւնը որ կը կոչուի խոզուկ: Ասիկա փոքր տարիքի առնչուած հիւանդութիւն մըն է, ունի իր պատուաստումի ծրագիրը, ուր մանուկը նոյնիսկ եթէ վարակուի, շատ թեթեւօրէն կը շրջանցէ հիւանդութիւնը:
4.- Շնչափողը: Մեծահասակներու մօտ 10-14 սմ երկարութիւն կ՛ունենայ, կը բաժնուի երկու հիմնական պրոնքներու (խողովակներու)` աջ եւ ձախ, այս խողովակները իրենց կարգին բաժնելով աւելի փոքր պրոնքներու` հասնելով մինչեւ թոքերը: Այս բոլորին պարտականութիւնն է օդը փոխադրել շնչափողէն մինչեւ թոքերը:
5.- Թոքերը: Խօսելով թոքերուն մասին` դասախօսը նշեց, որ աջ թոքը ըլլալով աւելի մեծ, կը բաժնուի երեք մասերու, իսկ ձախը երկու այս բաժանումին գլխաւոր պատճառը այն է, որ մարդ անհատին սիրտը թեքուած է դէպի ձախ կողմ:
Թոքերուն մէջ կը կատարուի թթուածինի ու բորոկածինի նիւթափոխանակութիւնը. ասիկա տեղի կ՛ունենայ արեան ճամբով:
Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան շարունակելով ներկայացուց քիթի տարբեր հիւանդութիւնները, քիթի խեցիններու բորբոքումը, մեծնալը, ինչպէս նաեւ ոսկրային միջնապատի թեքուիլը աջ կամ ձախ: Քիթի հիւանդութիւններուն մէջ կան նաեւ քաղցկեղային տարբեր տեսակներ:
Դասախօսը յիշեց նաեւ գերզգայնութիւնը (ալերժի), թէ ինչպէ՛ս կը պատահի ու շնչառական համակարգը ի՛նչ պատկեր կը կազմէ այս շրջանին: Ան կարեւորութեամբ նշեց, որ անհրաժեշտ է շնչառական համակարգին հետ առնչուած գերզգայնութեան պարագային անպայման դիմել մասնագէտին:
Վերջին բաժինով բժիշկը նշեց շնչառական համակարգին հետ առնչուած երկու հիմնական քաղցկեղի տեսակները` կոկորդի/ ձայնալարերու եւ թոքի:
Եզրակացնելով դասախօսը յիշեց ծխախոտի վնասները եւ անոնց հետեւանքները` նշելով տարբեր միջոցներ կանխարգիլելու վերոնշեալ մոլութիւնը:
Աւարտին տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան օրինակներով եւ յաւելեալ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

