Հայր Յարութիւն Ծ. Վրդ. Պզտիկեանին Այցելութիւնը «Ազդակ»

Երէկ կէսօրին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, հոգեւոր, ազգային-մշակութային գործիչ հայր Յարութիւն Ծ. վրդ. Պզտիկեան: Հայր Պզտիկեանի անունը հանրածանօթ է թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ սփիւռքահայ մտաւորականութեան յատկապէս բանասիրական եւ կրթամշակութային մարզի գործիչներու շրջանակներուն:

Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ Մխիթարեան մշակութային կեդրոնի տնօրէնը զեկուցեց կեդրոնին հետ կապուած բազմաբնոյթ ծրագիրներուն մասին, որոնցմէ պէտք է առանձնացնել թանգարանի, արխիւի եւ դասընթացքներու բաժանմունքները:

Հայր Յարութիւն Պզտիկեան բարձր գնահատեց սփիւռքահայ մամուլի եւ յատկապէս «Ազդակ»-ի ունեցած դերակատարութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES