Մոռնինկսթար Պաքուի Մէջ 10 Մարտի Բողոքի Ցոյցին Մասին Յայտարարութիւն Մը Հրապարակած Է
Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար Պաքուի մէջ 10 մարտին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը մեկնաբանելով յայտնած է, որ «տեսայ լրատուական տեղեկութիւնները, թէ իշխանութիւնները Պաքուի Շատրուաններու հրապարակին մօտ 10 մարտին տեղի ունեցած ցոյցին նախորդող օրերուն շարք մը երիտասարդ գործիչներ ձերբակալած են: Ապա, հակառակ միջազգային կերպով ճանչցուած արժէչափերուն, իշխանութիւնները այդ գործիչներէն երեքին ստիպած են ենթադրեալ ոճիրներու մասին պատկերասփռուած խոստովանութիւններ կատարել»:
Դեսպանը նշած է, որ ոստիկանութիւնը ջրաշիթ մեքենաներ եւ ռետինէ փամփուշտներ օգտագործած է խաղաղ ցոյցին մասնակիցները ցրուելու համար, ապա շարք մը ցուցարարներ ձերբակալած: «Ես Ազրպէյճանի բարեկամ մըն եմ եւ 1991-ին անկախութեան վերատիրանալէն ի վեր ատոր ձեռքբերումներէն կը հիանամ: Վստահ եմ, որ Ազրպէյճան իր ժողովրդավարական եւ տնտեսական մեծ կարողականութեան կրնայ հասնիլ, սակայն միայն եթէ կառավարութիւնը յարգէ խաղաղ ցոյց կատարելու իրաւունքը, օրէնքի իշխանութիւն ջատագովէ եւ հասարակական արդար մտահոգութիւնները լուծելու համար քաղաքացիներուն հետ իմաստալից երկխօսութիւն կատարէ», ընդգծած է Մոռնինկսթար:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կ՛աւելցնէ, որ «Ազրպէյճանի հետ մեր քննարկումներուն մաս կը կազմէ հաւաքի եւ խօսքի ազատութեան տարածքի ընդլայնումը»:
Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռոլան Քոպիա իր կարգին լրագրողներուն յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւաք կատարելու ազատութեան կը զօրակցի: Ըստ անոր, վերջին ցոյցերուն նիւթը կարեւոր էր, որովհետեւ կ՛առնչուէր բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարողներու ֆիզիքական ապահովութեան վերաբերեալ ազրպէյճանցի ընտանիքներուն մտահոգութեանց:
10 մարտին աւելի քան երեք հազար ազրպէյճանցիներ բողոքի ցոյց կազմակերպած էին Պաքուի Շատրուաններու հրապարակին մօտ: Ցոյցը կազմակերպուած էր Դիմատետր ընկերային ցանցին միջոցով` շարքային զինուորական ծառայող Սէյմուր Ալլահվերտիեւի մահուան դէպքէն ետք:
Ալլահվերտիեւ մահացած էր 28 փետրուար 2013-ին. ըստ պաշտօնական վարկածին, ան անձնասպան եղած է, սակայն անոր ծնողները կը պնդեն, որ իրենց որդին մահացած է բութ գործիքի հարուածէն:
Կիրակնօրեայ ցոյցին ժամանակ ցուցարարները պահանջած էին վերջ տալ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն մէջ խաղաղ պայմաններու մէջ զինուորներու մահուան դէպքերուն: Ցոյցին մասնակցած են նաեւ մահացած զինուորներու մայրերն ու հարազատները:
Ազրպէյճանական ոստիկանութիւնը ամէն ձեւով փորձած էր կանխարգիլել ցուցարարներու կեդրոնական հրապարակ ներխուժումը, այդ պատճառով ալ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած էին: Ոստիկանները օգտագործած էին արցունքաբեր կազ, ռետինէ փամփուշտներ եւ ջրաշիթ մեքենաներ: Ըստ տարբեր տեղեկութեանց, ձերբակալուած է 60-80 ցուցարար, որոնց շարքին` լրագրողներ եւ երիտասարդ գործիչներ:
Արդէն յայտնի դարձած է նաեւ, որ բողոքի ցոյցին մասնակիցներէն 12-ը պիտի դատուին: Անոնց դէմ քրէական գործեր յարուցուած են:

