Պաղըշ Ասորիներու Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ջանքերը «Գիջութիւն» Անուանելը «Չի Յիշեր»

Էկեմեն Պաղըշ

Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ «չի յիշեր», որ ասորիներու հասցէին սեռական բնոյթի վիրաւորական խօսք ըսած է:

Օրեր առաջ ան Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-1924-ին տեղի ունեցած ասորիներու ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու ուղղուած ջանքերը համեմատած էր գիջութեան հետ: «Սէյֆոյի(ասորերէն` ցեղասպանութիւն) հարցը գիջութիւն դարձուցած էք ու կը թմբկահարէք Շուէտի խորհրդարանին եւ լրատուամիջոցներուն մէջ, ատով ինչի՞ կը ցանկաք հասնիլ», Շուէտի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ ասորական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ժամանակ ըսած էր Պաղըշ:

Ինչպէս «Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, թուրք նախարարը 11 մարտին իր խօսքերէն «ետդարձ» կատարած է. Շուէտի մէջ (ան Սթոքհոլմ ժամանած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ) յայտարարած է, թէ ինք չի յիշեր, որ այդպիսի բան ըսած է: Ան աւելցուցած է, որ ոեւէ մէկը վիրաւորելու նպատակ չէ ունեցած, սակայն եթէ վիրաւորած է, ապա պատրաստ է ներում հայցելու:

Պաղըշի խօսքերը Շուէտի ասորիներու դաշնակցութեան նախագահ Քենան Անթերին զարմացուցած ու վրդովեցուցած են: «Նախ եւ առաջ, ան ներում չհայցեց: Ան պարզապէս ըսաւ, թէ պատրաստ է ներում հայցելու, եթէ ոեւէ մէկը վիրաւորած է: Ան այդ ձեւով կ՛ակնարկէ, որ մենք` հանդիպման ներկայ 7-8 ասորիներս, որ զինք ու դեսպանը յարգեցինք եւ չլքեցինք դեսպանատունը, կը ստենք», ըսած է Ալթերի եւ աւելցուցած, որ «ան գոնէ կրնար չհերքել, որ այդպիսի բան ըսած է»:

 

Share this Article
CATEGORIES