Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը ՄԱԿ-ի Խաղաղապահ Ուժերու Կոլանէն Հեռացման Կարելիութենէն Կը Զգուշացնէ
Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Միքայիլ Շփինտըլեկըր «սուրիացի ըմբոստներու ձեռամբ» ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերէն 21 անդամներու առեւանգման լոյսին տակ Կոլանի բարձունքներէն խաղաղապահներուն հեռացման կարելիութենէն զգուշացուց:
Աւստրիական ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի յանձնախումբը հաղորդեց, որ Շփինտըլեկըր յայտնած է, որ «աւստրիական ուժերը Կոլանի մէջ պիտի մնան, այնքան ատեն որ անոնց անձնական ապահովութիւնը հաստատ է»:
Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը քննադատեց «կարգ մը կողմերէ միջազգային ուժերուն նկատմամբ ցուցաբերուած անյարգալիր վերաբերմունքը, հակառակ անոր որ անոնք բոլորին շահերուն ապահովման համար կ՛աշխատին»: «Միջազգային ուժերը չյարգելը աղէտալի ազդանշան մը կու տայ, ոչ միայն Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող ուժերուն, այլ նաեւ բոլոր միջազգային ուժերուն, ուր որ ալ գտնուին անոնք», ըսաւ Շփինտըլեկըր:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտարարեց, որ 12 մարտին սպաննուած է Սուրիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ծրագիրներու պատասխանատու Ահմետ Շըհատէն: Ան սպաննուած է, երբ ռումբ մը ինկած է Դամասկոսի արուարձաններէն Տարէայի մէջ, ուր կը բնակէր ան: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կեդրոնական Դամասկոսի Ֆախամա թաղամասին եւ Հողագործներու սենտիքային մօտ ինկած է ռումբ մը, որ վիրաւորներ պատճառած է:
Ռուսիոյ արտակարգ դրութեանց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ եւ ԱՊՀ-ի 103 քաղաքացիներ Լաթաքիոյ օդակայանին ճամբով Մոսկուա փոխադրուած են «Իլ-62» տիպի օդանաւի մը միջոցով:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլեր հերքեց այն լուրերը, թէ սուրիական Պապ Հաուա սահմանային անցակէտին դիմաց գտնուող թրքական Ճիլվեկէօզիւ սահմանային անցակէտին վրայ տեղի ունեցած պայթումին հարցով կասկածեալներ ձերբակալուած են Թուրքիոյ սահմանէն դուրս: Ան նշեց, որ «թրքական ապահովական ուժերը այս առումով սահմանին սուրիական կողմին մէջ ապահովական գործողութիւն մը կատարած են», սակայն կասկածելիները ձերբակալուած են, երբ սահմանին թրքական կողմը անցած են: