Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին «շնորհակալութիւն» յայտնեց «Նախ Լիբանան» կարգախօսը կրող քաղաքական ուժերուն, որ Թրիփոլին հասցուցած են սադրանքներու սեմին: Ան նշեց, որ Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Ռիատ Ասաատ Թրիփոլիի «Քուալիթի Ին» պանդոկին մէջ կը գտնուի եւ ան կ՛օգտագործէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յատուկ յարկաբաժինը: Իտ լիբանանցիները «շնորհաւորեց» Ժապհաթ Նուսրայի Լիբանան ժամանումին առիթով:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել արաբ ներքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին շեշտեց, որ իրենք կը յուսան, որ արաբական երկիրները զօրակցին Լիբանանի կառավարութեան, որպէսզի ան իր կարգին օժանդակէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 600 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 500 լ. ոսկիով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի յայտնեց, որ կարելի չէ ապահովական ներկայ պայմաններուն մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ Նաքուրայի մէջ նախագահեց զինուորական եռակողմանի հերթական նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք գոհունակ կը զգայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեամբ:

ՀԱՆԴԻՊԵԼԷ ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր շեշտեց, որ Լոնտոն կը զօրակցի լիբանանեան բանակին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ կուսակցութիւնը կ՛ուղղուի համաձայնութիւն մը գոյացնելու համամասնական եւ մեծամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուելիք խառն օրինագիծին առնչութեամբ. ան աւելցուց, որ այդ օրինագիծին համաձայն, կարելի պիտի ըլլայ քրիստոնեաներուն քուէներով 50 քրիստոնեայ երեսփոխան ընտրել:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը նպատակ չունի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթը ներխուժելու, սակայն ան կը պահանջէ ապօրինութիւն գործած անձը իրեն յանձնել:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն ընտրական խառն օրինագիծը` աւելցնելով, որ այսուհետեւ քրիստոնեաներուն իրաւունքները սակարկութեան տրամաբանութեան պիտի չենթարկուին:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ ցորենի շուկային մէջ նախանցեալ գիշեր ինկած է ռումբ մը եւ պատճառած նիւթական վնասներ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական համախոհական օրէնք մը գոյացնելու առումով ի գործ դրուած ջանքերը կրնան ապարդիւն դուրս գալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին կը նկատէ իր գլխաւոր թշնամին:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանին աղբիւրներուն համաձայն, գաղթակայանին մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն ետին քաղաքական դրդապատճառներ չկան:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յառաջիկայ 21 մարտին կատարուելիք Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի ցոյցէն ետք հրաժարի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումին համաձայն, երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով ոչ ոքի կողմէ թեկնածութեան առաջադրումը փաստ մըն է, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը բոլորին կողմէ մերժուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ընդդիմադիր քաղաքական ուժեր «Լիուա» օրաթերթին յայտնած են, թէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը երեսփոխանական ընտրութիւնները խանգարելու յետին նպատակներ ունին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի աղբիւրներէն, նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ հանդիպումը դրական է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ տակաւին կարելի չէ եղած ընտրական համախոհական օրէնքի մը յանգիլ` կայացնելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Շուքէյր յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները մտավախութիւններ ունին, թէ Լիբանանի մէջ կրնան ստեղծուիլ ապահովական վտանգներ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Մոհամետ Ասիրին ծառայութիւններ կը մատուցէ, որպէսզի ան շարունակէ իր շանթաժը:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի փոխանցած է խառն ընտրական օրինագիծին նկատմամբ իր մերժումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES