Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Այսօր Իր Նստացոյցը Կը Կատարէ Պէյրութի Նաւահանգիստին Դիմաց
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ շարունակեց յայտարարուած բաց գործադուլն ու դասադուլը, որուն շրջագիծին մէջ 23-րդ օրն ըլլալով իր նստացոյցը կատարեց Պաապտայի սերային դիմաց:
Նստացոյցին ընթացքին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի անկէ պահանջեց իմացնել իրենց, թէ 21 մարտին ի՛նչ պատասխան պիտի տայ իրենց:
Ղարիպ հարց տուաւ Միքաթիի, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը ինչպիսի՛ աւարտ մը պիտի ունենայ:
Նշենք, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը այսօր իր նստացոյցը պիտի կատարէ Պէյրութի նաւահանգիստին դիմաց: Նստացոյցէն ետք ցուցարարները քայլարշաւ մը պիտի կազմակերպեն դէպի Զէյթունա Պէյ:
CATEGORIES Լիբանանեան

