Պըրրի Կը Զգուշացնէ Երկրին Ապահովական Կայունութեան Սպառնացող Վտանգներէն
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շարք մը երեսփոխաններու հետ:
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին շրջագիծին մէջ կատարուած այս հանդիպումին ընթացքին, Պըրրի զգուշացուց Լիբանանի ապահովական կայունութեան սպառնացող վտանգներէն:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխանները յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահը ընդգծած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնն ու առաջնահերթութիւնը:
Միւս կողմէ, հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատած է, որ 1960-ի ընտրական օրինագիծը արդէն իսկ մահացած է:
CATEGORIES Լիբանանեան

