Վարչապետարանին Մէջ Միքաթի Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Նախկին Վարչապետներու Հետ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետներ Սելիմ Հըսը, Օմար Քարամէն եւ Ֆուատ Սինիորան, որ ներկայ էր անձնական հանգամանքով եւ իբրեւ ներկայացուցիչ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Իսլամ կրօնական խորհուրդի ընտրութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիէն պահանջեցին ընդառաջել իրենց փափաքին եւ առաւելագոյնը մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ օր Իսլամ կրօնական խորհուրդը հրաւիրել ժողովի ու համախոհութիւն գոյացնել, որպէսզի այդ խորհուրդը ստանձնէ իր վարչական աշխատանքները:

Վարչապետները շեշտեցին, որ Քապպանիի կողմէ այս պահանջի մերժման պարագային իրենք արտակարգ հանդիպում մը պիտի ունենան` ըստ այնմ որոշումներ տալու եւ անհրաժեշտ քայլերուն դիմելու:

 

Share this Article
CATEGORIES