Նախագահ Սլէյման Ափրիկեան Իր Շրջապտոյտին Սկսաւ Ալճերիայէն, Ապա Ուղղուեցաւ Սենեկալ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ափրիկեան իր շրջապտոյտին սկսաւ Ալճերիայէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Ապտել Ազիզ Պութաֆլիքայի հետ:

Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումին հեռանկարները, յատկապէս վառելանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան հեռանկարները:

Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նախագահ Սլէյման հասաւ Սենեկալ, ուր արժանացաւ ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան:

Տաքարի մէջ նախագահ Սլէյման, Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման եւ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը ընդունուեցան Սենեկալի նախագահ Մաքի Սալի կողմէ:

Սալ նախագահ Սլէյմանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան ի պատիւ սարքեց ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին նախագահ Սլէյման իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան կը շարունակէ գործակցիլ միջազգային ընտանիքին հետ` դէմ դնելու համար ահաբեկչութեան: Ան շեշտեց, որ Լիբանան ճիգ չի խնայեր մնալու համախոհական ժողովրդավարութեան եւ ազգային համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան խորհրդանիշը, որպէսզի ան օրինակելի տիպարը ըլլայ այն երկիրներուն, որոնք բազմազանութիւն ունին եւ ենթակայ են բաժանումի:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ շրջանային տագնապներուն նկատմամբ իր չէզոք կեցուածքին, ինչպէս նաեւ կ՛ազդուի Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն: Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի ըլլայ լուծել երկխօսութեան միջոցով:

Իր կարգին, Սենեկալի նախագահը հաստատեց, որ Սենեկալ զօրակցած է ու կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ այդ նպատակով ալ հարաւային Լիբանան ուղարկած է միջազգային ուժեր:

Սալ շեշտեց Պէյրութ-Տաքար երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը:

Ճաշկերոյթին աւարտին նախագահներ Սլէյման եւ Սալ փոխանակեցին յուշանուէրներ:

Հանրապետութեան նախագահին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ եւ շարք մը գործատէրեր, ինչպէս նաեւ ապահովական, վարչական եւ տեղեկատուական մարզերու ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը:

Share this Article
CATEGORIES