Նախագահ Սարգսեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Թուրքմենիստանի Նախագահին Հետ

Հայաստանի նախագահի կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետով:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թուրքմենիստանի նախագահը անգամ մը եւս շնորհաւորեց նախագահ Սերժ Սարգսեանը վերջինիս վերընտրուելուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց երկրի նախագահի բարդ եւ պատասխանատու աշխատանքին մէջ:

Երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին նախորդ տարի տեղի ունեցած փոխադարձ այցելութիւններուն ժամանակ հայ-թուրքմենական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու խորացման ուղղութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը:

Այցելութիւն` Պելճիքա

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 մարտին աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Պելճիքա` Պրիւքսէլի մէջ մասնակցելու Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան վեհաժողովին:

Այցելութեան շրջագիծին մէջ նախագահ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ուիլֆրիտ Մարտենսի հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES