Զանիեր Պաքուի Մէջ Պիտի Քննարկէ Ղարաբաղի Հարցը
15 մարտին Ազրպէյճան պիտի այցելէ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիեր:
Այցելութեան շրջագիծին մէջ ծրագրուած են Զանիերի հանդիպումները Ազրպէյճանի ղեկավարութեան, ներառեալ` արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
ԵԱՀԿ-ի Պաքուի գրասենեակը «Թրենտ» լրատու գործակալութեան փոխանցեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին ԵԱՀԿ-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցը:
CATEGORIES Հայկական