50 Տարի Առաջ (15 Մարտ 1963)

Հայկական Կեանք

Իրանի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ
Հոգեհանգստեան
Արարողութիւններ
Կատարուեցան

Սպահանի Համալսարանի Տեսուչին Խօսքերը
Վեհափառի
Մասին

Պարսկաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարուած են ի յիշատակ երանաշնորհ հայրապետ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի: Երեք թեմերու առաջնորդանիստ քաղաքներէն զատ, արարողութիւններ տեղի ունեցած են Բոլորանի, Ղազուինի, Մարսպայի, Սպահանի եւ այլ կեդրոններու մէջ:

Սպահանի մէջ, Ս. Ամենափրկչեան վանքի մէջ, հոգեհանգստի ժամանակ, համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի տեսուչ տոքթ. Ապպաս Ֆարազի պարսկերէնով գեղեցիկ ճառ մը խօսած է: Տեսուչը դրուատականը ընելով վախճանեալ մեծ հոգեւորականին` ըսած է.

Յանձին երանաշնորհ Զարեհ կաթողիկոսին, մենք կորցրինք նրա աշխարհատես եւ շրջահայեաց աչքերը, որոնց խորաթափանց հայեացքների մէջ կարեկցութեան եւ մարդասիրութեան արցունքների հեղեղ կար եւ մահուան սոսկալի փոթորիկն եկաւ ու ցրեց ամէն ինչ:

Գիտնական, աստուածավախ եւ վսեմափայլ հոգեւորականների հոգիներն ու սիրտերը ոռոգուած են խոր հաւատքի պարզ ու յստակ ջրերով: Այս պատճառով էլ բարձր իմացականութեամբ օժտուած հոգեւորականների մահը ցաւ է պատճառում հանրութեան, ի՛նչ կրօնի եւ ազգութեան էլ որ պատկանեն նրանք:

Հանգուցեալ վեհափառի հետ հին ու վաղեմի  բարեկամներ էինք, երբ երկուքս էլ ուսանող էինք Եւրոպայում: Ես կատարելապէս ծանօթ էի նրա հոգեկան աշխարհին եւ մարդկային առաքինութեան տիպար զգացմունքներին եւ մանաւանդ` նրա ազնիւ գաղափարներին:

Շինարար Հայ Քաղաքապետ Մը Պրազիլի Մէջ

Ան Ամէն Տեսակէտով Կ՛օժանդակէ Նաեւ
Տեղւոյն
Հայ Գաղութին

Մաքս Պարոնեան Պրազիլիայէն կը գրէ.-

Ուզատկօ քաղաքը ամբողջութեամբ զարդարուած էր ի պատիւ քաղաքապետ Հրանդ Սանազարի, որուն միամեայ պաշտօնավարութեան տարեդարձը տօնուեցաւ մեծ շուքով:

Տոքթ. Հրանդ Սանազար շատ սիրուած ու յարգուած է բոլոր քաղաքացիներէն: Շինարար քաղաքապետ մը եղաւ ան եւ կը հետաքրքրուի քաղաքացիներու հոգերով. մինչդեռ այս ուղղութեամբ շատ անտարբեր գտնուած էին իր նախորդները:

Հրանդ Սանազար քաղաքի կարեւոր պողոտաները վերաշինեց` դիւրացնելու համար երթեւեկը. ճեմապարտէզներով գեղեցկացուց քաղաքը, բազմաթիւ դպրոցներ նորոգել տուաւ եւ ուժ տուաւ նաեւ հայկական վարժարանին, որուն հիմը դրած էր իր հայրը` Մարտիրոս Սանազար:

Քաղաքին մէջ կայ նաեւ հայկական փոքր եկեղեցի մը:

Հրանդ Սանազար ամէն տեսակէտով իր օժանդակութիւնը կը բերէ նաեւ տեղւոյն հայ գաղութին:

Հրանդ Սանազար երեք տարի եւս պիտի պաշտօնավարէ իբրեւ քաղաքապետ:

«Կարմիր Դրախտին Գաղտնիքները»

Ինչպէ՞ս Ապրուստ Կը Ճարեն Խորհրդային Քաղաքացիները

Մոսկուայէն արժանթինեան թերթի մը ղրկուած թղթակցութեան մը մէջ, որ կը կրէ «Կարմիր դրախտին գաղտնիքները» խորագիրը, թղթակիցը կը նկարագրէ խորհրդային քաղաքացիներու կեանքի պայմանները եւ օրուան ապրուստը ճարելու անոնց հնարամտութիւնները:

Խորհրդային քաղաքներու աշխատաւորին միջին ամսականը եօթանասուն ռուբլի է, որ չի բաւեր համեստ ընտանիքի մը ապրուստին համար: Գողութենէ, զեղծումներէ եւ խարդախութիւններէ զատ, որ ընդհանրացած է խորհրդային աշխարհին մէջ, ի՞նչ միջոցներու կը դիմէ խորհրդային քաղաքացին իր ապրուստը ճարելու համար:

Պէտք է նկատի առնել, կը գրէ թղթակիցը, որ Խորհրդային Միութեան մէջ սեփական գործ ոչ ոք կրնայ ունենալ: Այս պայմաններուն տակ, քաղաքի եւ գիւղի բնակիչները կը դիմեն կողմնակի գաղտնի միջոցներու, որոնց հանդէպ կառավարութիւնը յաճախ աչք կը գոցէ:

Խորհրդային Միութեան մէջ բոլոր գիւղացիներն ալ կոլխոզի անդամներ են եւ պարտաւոր են աշխատիլ վերէն սահմանուած օրուան որոշ ժամերուն: Սակայն կառավարութիւնը թոյլատրած է, որ գիւղացին ունենայ պզտիկ հողամաս մը եւ զայն մշակէ իր ընտանիքին կարիքները լրացնելու համար: Գիւղացին իրաւունք ունի պահելու նաեւ կով մը, կամ այծ մը, կամ խոզ մը եւ կամ` երեք գառնուկներ: Իր անձնական տնտեսութեամբ գիւղացին կրնայ զբաղիլ միայն կոլխոզային աշխատանքը լրացնելէ յետոյ:

Եւ ահա գիւղացին իրեն տրամադրուած հողին արտադրանքը` կանաչեղէն, պտուղ, կաթ, հաւկիթ եւ այլն, շուկայ կը հանէ եւ ընթացիկ գիներէն շատ աւելի բարձր արժէքով կը վաճառէ: Եւ որովհետեւ կենսամթերքներու միշտ պակաս կայ, երբեք գնորդներ չեն պակսիր:

Նոյնիսկ քաղաքներու բնակիչները իրենց տուներուն շուրջ կամ բակին մէջ կանաչեղէն կը ցանեն եւ հաւ կը պահեն` թէ՛ իրենք օգտուելու եւ թէ՛ վաճառքի հանելու համար:

Արհեստաւորները իրենց աշխատանքի ժամերէն դուրս գաղտնի գործեր կը ստանձնեն` աւելցնելով ապրուստի միջոցները:

Բժիշկները ամբողջ օրը հիւանդանոցներու մէջ աշխատելէ ետք, երեկոները կ՛այցելեն մասնաւոր յաճախորդներու` մինչեւ քսանհինգ ռուբլի գանձելով իւրաքանչիւրէն:

Ինքնաշարժի վարիչները, փոխանակ սպասելու, որ բարձրաստիճան պաշտօնեան իր ժողովը լրացնէ եւ զայն տուն տանի, գաղտնօրէն յաճախորդ կը փոխադրէ որոշ վարձատրութեան դիմաց:

Շատերն ալ ծաղկավաճառութեամբ կը զբաղին, որ ազատ է:

Այսպիսով, կարմիր դրախտին մէջ ամէն ոք իր գոյապրուստը ճարելու գաղտնի միջոց մը կը գտնէ:

 

Share this Article
CATEGORIES