Արուեստի Աշխարհէն. Գրասպանութիւն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ -ՍՐԱՊԵԱՆ

Տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս Պակինի «Պրիթանիքա» համայնագիտարանին հատորները հրկիզելու իր արարքը կը վերածէ արուեստի գործի, կարելի է դիտել հետեւեալ տեսերիզը` «Իըն» թերթին կայքին մէջ.
Հասցէ` http://www.aeonmagazine.com/being-human/julian-baggini-burning-books/
ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԱՆՈՆՔ ԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԷԻՆ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԻՏԷԱԼԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԻՐ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԷՐ ՍՊԱՌՈՂԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱՅԻՆ ԽԹԱՆԱԾ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԹԱՓՈՎ: «ՊՐԻԹԱՆԻՔԱ» ՀԱՄԱՅՆԱԳԻՏԱՐԱՆԻՆ ՓԱՌԱՀԵՂ ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՅԱՐԴԱՐԵՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐԸ, ՍԱԿԱՅՆ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆ ԱՆԳՈՐԾԱԾԵԼԻ` ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՅԱՅՏՆՈՒԹԵՆԷՆ Ի ՎԵՐ: «ՊՐԻԹԱՆԻՔԱ» ՀԱՄԱՅՆԱԳԻՏԱՐԱՆԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՏՊԱԳԻՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ 2012-ԻՆ: ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ՀԶՕՐ ԵՒ ՍՈՒՂ ԱՂԲԻՒՐԸ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ՊԻՏԻ ԴՐՈՒԻ ՄԻԱՅՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԵՒ` ՔԱՆԻ ՄԸ ՏՈԼԱՐԻ: ԱՐԴԵՕՔ ՀԻՆ ԳԻՐՔԵՐԸ ԱՅՍՔԱՆ ԱՐԱ՞Գ ԱՆԳՈՐԾԱԾԵԼԻ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ: ԻՍԿ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՎԵՐԱԲԵՐԻԼ ԱՆՈՆՑ ՆԿԱՏՄԱՄԲ: «ԱՆՈՆՔ ՄԳԼՈՏԱԾ ԷԻՆ, ՈՉ ՈՔ ԿԸ ԿԱՐԴԱՐ ԶԱՆՈՆՔ ԵՒ ՇԱՏՈՆՑ ԺԱՄԱՆԱԿԱՎՐԷՊ ԴԱՐՁԱԾ ԷԻՆ: ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՀԱՒՈՐ ԶԳԱՑՈՒՄ ՄԸ Կ՛ԱՊՐԷԻ` ՀՐԿԻԶԵԼՈՎ «ՊՐԻԹԱՆԻՔԱ» ՀԱՄԱՅՆԱԳԻՏԱՐԱՆԻ ՀԱՏՈՐՆԵՐՍ», ԿԸ ԳՐԷ «ՏԸ ՖԻԼՈԶՈՖԸՐ՛Զ ՄԵԿԸԶԻՆ» ԹԵՐԹԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ- ԽՄԲԱԳԻՐ ՃՈՒԼԻԸՆ ՊԱԿԻՆԻ` «ԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ: Ի ՎԵՐՋՈՅ ԳԻՐՔԵՐ ԱՅՐԵԼԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԱՄՕԹԱԼԻ ՈՃԻՐ Է: ՍՐՏԱՃՄԼԻԿ ԵՐԵՒՈՅԹ Է ՏԵՍՆԵԼ ԳԻՐՔԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՀՐՈՅ ՃԱՐԱԿ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ: ՍԱԿԱՅՆ ՊԱԿԻՆԻ ԻՐ ԱՐԱՐՔԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԻ, ՀԻՆԸ ՔԱՆԴԵԼՈՎ` ՆՈՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄՈՎ: ԱՆ ԿԸ ՆԿԱՐԱՀԱՆԷ ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ ԱՅՐԵԼՈՒ ԻՐ ԾԷՍԸ, ԱՊԱ` ՄՏԱՅԻՆ ԼԱՐՈՒԱԾ ՃԻԳՈՎ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ԻՐ ԱՐԱՐՔԻՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ: ԱՐԴԵՕՔ ԱՆ ՄԵ՞ՂՔ ՄԸ ԳՈՐԾԱԾ Է, ԹԷ՞ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ԹԱՂՈՒՄ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Է ՍԻՐԵԼԻԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ: ԱՆՈՐ ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԻՃԱՅԱՐՈՅՑ ԿՐՆԱՅ ԹՈՒԻԼ, ԿԸ ԽՌՈՎԵՑՆԷ, ՍԱԿԱՅՆ ՆԱԵՒ ՑՆՑԻՉ Է, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՅՆՊԻՍԻ ԽՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՄՂԷ ԼՈՒՐՋ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԵԱՆ` ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԹՈՒԱՅՆԱՑԱԾ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ:
Քաղաքակիրթ ոչ մէկ անձ պէտք է խարոյկ մը վառէ գիրքերով: «Հոն ուր գիրքեր կը վառեն, ի վերջոյ նաեւ մարդեր կը սպաննեն», գրած է գերմանացի բանաստեղծ Հայնրիխ Հայն` նացիներու յայտնութենէն դար մը առաջ: Գիրքեր այրելը սրբապիղծ արարք է: Իսկ արգելքը առաւելաբար կը կաշկանդէ նոյնինքն գրագէտները: Հետեւաբար, ի՛նչ գործի վրայ էի Սոմըրսեթի դաշտերուն մէջ, երբ լուցկի մը կը վառէի «Ինսայքլոփիտիա Պրիթանիքա»-ի 32 հատորներուս տակ:
Ինքզինքս պաշտպանելու համար պէտք է ըսեմ, թէ արարքս աւելի դիահրկիզումի համազօր էր, քան` ցցահան հրկիզումի: Այրած գիրքերս արդէն մեռած էին, անդարմանելի կերպով փտած` տարիներ շարունակ լքուած մնալէ ետք: Եթէ երբեք յանցանք մը գործած էի, այդ ալ զանոնք այս խղճալի վիճակին մատնելն էր եւ ոչ թէ` զանոնք իրենց թշուառ վիճակէն փրկելը:
Երկար, դանդաղ եւ ամօթալի վախճան մըն էր ժամանակին հպարտ եւ հիացումի առարկայ հաւաքածոյի մը համար: Չեմ կարծեր, թէ գիտութեան նկատմամբ յարգանք տածող ոեւէ անձ առանց խոր ցաւ զգալու պիտի դիտէր անոնց հրկիզումը: Իսկ անոնց վախճանին պատասխանատու զգալը յանցանքի զգացումը կը կուտակէր ցաւին վրայ: Սակայն, ինչպէս որեւէ թաղում, այս հրկիզումը հիմնականին մէջ յարգանքի արտայայտութիւն էր: Փոխանակ հանրագիտարանները թափելու, ուզեցի առիթը օգտագործել` խորհրդածելու համար, թէ նման գիրքեր ի՛նչ նշանակութիւն ունեցած են իրենց տէրերուն համար, եւ թէ` ինչպէս ասիկա փոխուած է ժամանակի ընթացքին: Եւ որքան երկար մտածեցի, այնքան աւելի երկդիմի դարձաւ պատկերը:
«Պրիթանիքա»-ի Առաւելութիւնը»
Գիրքերը հրկիզելը շատ բացայայտ անարգանք մըն էր բոլոր այն ծնողներուն նկատմամբ, որոնք իմ ծնողներուս պէս մեծ զոհողութիւններ կատարած են իրենց զաւակներուն ուսման համար: Նախաթուայնացած աշխարհին մէջ «Պրիթանիքա» համայնագիտարանը շատ սուղ շահարկում մըն էր. աշխատաւոր եւ միջին-ցած խաւի ընտանիքներէն քիչերը կարողութիւնը ունէին անմիջապէս գնելու անոր բոլոր հատորները: Դիւրամատչելի վարկերու ժամանակներէն առաջ շատեր իրենց օրինակները կը գնէին դռնէ դուռ զանոնք վաճառող ծախողներէ: Մասնավճարները կը բաժնուէին շաբաթներու, ամիսներու կամ տարիներու վրայ: Ասիկա դիւրին չէր: Նման ձեւով կը գնուէին տան կահ կարասիները կամ ամբողջ գետինը ծածկող գորգերը: Նման մեծ գումար մը գիրքերու համար ծախսելը լուրջ յանձնառութիւն մըն էր, որ դրամական աղբիւրները կը շեղէր զանոնք փափաքելի այլ իրերու յատկացնելու կարելիութենէն:
Հետեւաբար ծնողներ ինչո՞ւ մղուած էին կատարելու դրամական այս յատկացումները: Յուսահատական աստիճանի վիպերգական պիտի թուէր այն բացատրութիւնը, թէ համայնագիտարանները նստասենեակներու մէջ տիրական տեղ կը գրաւէին, որովհետեւ բարոյական ինքնաբարելաւումի եւ վճիտ գիտութեան թանկարժէք խորհրդանիշներ էին: Ամէն ամիս համայնագիտարանին մէկ հատորը գնելու մասնավճարի համաձայնութիւնը ստորագրած ընտանիքներուն մեծ մասը իրապէս համոզուած էր, թէ աւելի լաւ կեանքի մը խոստումը կը գնէր իր զաւակներուն համար. խոստում մը, որ տեւաբար կը կրկնուէր համայնագիտարանին ծանուցումներուն մէջ: Տարիներ շարունակ այս խոստումը խտացած էր երեք բառերէ բաղկացած լոզունգի մը մէջ, որ դարձած էր վերնագիրը համայնագիտարանը ծանուցող գրքոյկին. «Տը Պրիթանիքա Էտվենթեճ» («Պրիթանիքա»-ի առաւելութիւնը):
Իսկ ի՛նչ էին այս առաւելութիւնները: Օրաթերթերու եւ շաբաթաթերթերու մէջ «Պրիթանիքա»-ի ծանուցումները յստակօրէն կը նշէին զանոնք. 1983-ի մէկ ծանուցումը կ՛ըսէր. «Գաղտնիք չէ, թէ կեանքի մէջ զաւկիդ յաջողութիւնը մեծապէս կախեալ է դպրոցին մէջ անոր ստացած նիշերէն: Այս պատճառով է, որ զաւկիդ պէտք է տաս յաջողելու այնքան մեծ թիւով միջոցներ, որ կարելի է, եւ մանաւանդ` լաւ համայնագիտարան մը»: Պատկերասփիւռի ծանուցումներ կը ծախէին նոյն խօսքերը: 1980-ական տարիներու կէսերու պատկերասփիւռի ծանուցում մը կը պատկերէր վճռական դպրոցական տղայ մը, որ անձրեւին տակ առոյգ քալուածքով կը շարունակէր իր ճամբան` ջուրի դէմ պաշտպանող դեղին վերարկու մը հագած: «Ձեր զաւակները որքա՞ն հեռու պէտք է երթան, երբ շտապ տեղեկութեան կարիքը ունին», հարց կու տար ծանուցումը: «Պէտք է գրադարան հասնիմ` նախքան փակուիլը», կ՛ըսէր վհատած պատանին: Ծանուցումին խորքին լսուող ձայնը կը շարունակէր. «Եթէ միայն «Պրիթանիքա» համայնագիտարանին նոր հատորները ունենա՜ր իր տան մէջ»:
Զարմանալի չէ, որ բազմաթիւ ծնողներ կը կտրէին համայնագիտարանը ծանուցող գրքոյկին այն մասը, որ կը վերաբերէր հատորները ստանալու դիմում մը ներկայացնելու: Ինչպէ՛ս կրնային իրենց զաւակներուն զլանալ «Պրիթանիքա»-ի առաւելութիւնը: Պատգամը անդիմադրելի էր: Ձեւով մը անոր զօրութիւնը վկան էր այն ազնուական ձգտումներուն, զորս բազմաթիւ աշխատաւոր խաւի ընտանիքներ ունէին` իրենց զաւակներուն աւելի լաւ կեանք մը շնորհելու մղումով: Սակայն այլոց համար նման պատգամ մը շատ ծանօթ մէկ օրինակն էր սպառողական մշակոյթին, որ անիրական երազներ կը վաճառէր` շատ մեծ գումարներով: Ճիշդ է, մանուկի մը յաջողութիւնը կախեալ է անոր դպրոցի նիշերէն, սակայն ասիկա շատ աւելի կախեալ է անոր ընտանիքին ընկերային անցեալէն եւ մշակոյթէն, քան` սորվելու սատարող միջոցներ գնելու կարողութենէն: Համայնագիտարաններու շարք մը, որ աւելի կը ծառայէ տնային ներքին յարդարանքի, բաւարար չէ` մրցունակութեան ոգին ներշնչելու մանուկի մը, ոչ ալ` անհրաժեշտութիւն է այնպիսի ընտանիքի մը մէջ, ուր ուսումը, հարցապնդումը եւ վիճարկութիւնը մաս կը կազմեն առօրեայ կեանքին:
Դառն իրականութիւնը այն է, թէ այն ընտանիքները, որոնք դրամական մեծ սեղմումներ կատարած են համայնագիտարաններու շարք մը գնելու սիրոյն, աւելի նպատակայարմար ընտրութիւն մը կատարած պիտի ըլլային, եթէ նոյն գումարով կամ նուազ գումարով գնէին սկիզբ, միջնարար եւ վերջ ունեցող գիրքեր, որպէսզի մանուկներ կարենային իրապէ՛ս կարդալ զանոնք: Բազմաթիւ տուներու մէջ համայնագիտարանները պարզապէս իրենց ծանրութեամբ եւ ծաւալով շատ աւելի տեղ գրաւած են, քան` տան բոլոր գիրքերը միասին: Թէեւ անոնք դարաններու վրայ ամէնէն աւելի փայփայուած գիրքերը եղած են, սակայն նաեւ ամէնէն նուազ կարդացուած են: Անշուշտ երբեմն մէկը միւսին կ՛ըսէր. «Փնտռէ՛ համայնագիտարանին մէջ», կամ երբեմն անոր մէջ կը փնտռէինք տեղեկութիւն մը, որուն մասին մեր գիտութիւնը կասկածելի կը թուէր: Սակայն շատ յաճախ չէինք գտներ զայն: Վստահաբար միակը չէի, որ իրապէս հասկցած էր կապը 17 հատորներէ բաղկացած մեծ հանրագիտարանին (մաքրոփիտիա) եւ 12 հատորներէ բաղկացած փոքր համայնագիտարանին (մայքրոփիտիա) միջեւ, երկու հատորէ բաղկացած նիւթերու ցանկին եւ` մէկ հատորէ բաղկացած նախապատրաստական ցանկին (փրոփիտիա): Անոնց մէջ որեւէ բան փնտռելու ժամանակ կը զգայի մանուկի մը պէս, որ կը հարցնէր բառի մը ուղղագրութիւնը, իսկ իբրեւ պատասխան անոր կը յանձնարարուէր դիմել բառարանին: Սակայն ինչպէ՞ս կրնաս բառարանին մէջ փնտռել բառ մը, որ չես գիտեր ինչպէ՛ս կը գրուի: Զարմանալի չէ, որ 44 միլիոն բառերէ բաղկացած «Պրիթանիքա»-ի համայնագիտարանին միայն փոքր մէկ մասը կարդացուած է, իսկ անոր 30 հազար էջերուն մեծ մասը երբեք չէ բացուած: Հատորներուն վրայ փոշի նստած է, որովհետեւ բառին բուն իմաստով չէինք գիտեր զանոնք գործածելու ձեւը:
«Պրիթանիքա»-ի առաւելութիւնը ոչ միայն պատրանք էր, այլ նաեւ կ՛արտացոլէր այն երեւոյթը, թէ ինչպէ՛ս շուկայի տնտեսութիւնը միշտ ալ կը գտնէր ձեւը էապէս լաւ բաները վերածելու իբրեւ նպատակի մը հասնելու միջոց: Այս առումով` «Պրիթանիքա» համայնագիտարանի կանխագուշակութիւնը ճիշդ էր: Այս օրերուն ծնողներ դրամական նմանօրինակ զոհողութիւններ կը կատարեն` իրենց զաւակները համալսարան ուղարկելու համար, զանոնք հետզհետէ աւելի մղելով, որ հետեւին արուեստից ուսման կամ այնպիսի նիւթերու, որոնք կը նպաստեն գործի կարելիութիւններու: Բարձրագոյն կրթութիւնը կը վաճառէ հետեւեալ գաղափարը. կրթութիւն, ոչ թէ` կրթութեան սիրոյն, այլ յաճախ կրկնուած այն կարծիքին, թէ համալսարաններէ շրջանաւարտներ նկատառելի կերպով աւելի լաւ դրամ կը շահին, քան` ոչ համալսարանաւարտներ: Տարբերութիւնը միջին հաշուով 12 հազար փաունտ աւելի է Բրիտանիոյ մէջ եւ 17 հազար տոլար` Միացեալ Նահանգներու: Նոյնիսկ փիլիսոփայութեան յարգարժան կեդրոններ, ինչպէս` Սթըրլինկի համալսարանին փիլիսոփայութեան բաժանմունքը, դիմում կատարող ուսանողներուն ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ` «փիլիսոփայութեան ուսանողներու գործի կարելիութիւնները բազմապատկուած են վերջին տարիներուն»: Դժբախտաբար նման հաստատումներ կը կատարուին օրաթերթերու մէջ հրատարակուած տեղեկագիրներու հիման վրայ, որոնք ամբողջութեամբ զուրկ են քննադատական միտքի տարրական կարողութիւններէ, որոնք ենթադրաբար պէտք է զարգացուին փիլիսոփայութեան բաժանմունքներու մէջ:
Թերեւս կար ժամանակ, երբ դռնէ դուռ համայնագիտարան ծախողները կը վաճառէին ոչ միայն աւելի մեծ հարստութեան երազը, այլ նաեւ` մտային աւելի հարուստ կեանքի մը երազը: 1958-ին հաւանական գնորդներու ներկայացուած հզօր գաղափարը հետեւեալն էր. «Ի՞նչ բան աւելի կարեւոր է ձեր զաւկին համար. բնակարանի՞ն մեծութիւնը, թէ՞ ուղեղին»: Անկախ անկէ, թէ ասիկա պարզապէս ամբարտաւան ձեւ մըն էր ծնողները համոզելու, որ իրենց դրամական աղբիւրները հոսեցնէին դէպի «Պրիթանիքա» համայնագիտարանի ընկերակցութիւնը, աւելի ուշ էր, որ ակներեւ կերպով սկսաւ ծանուցուիլ կրթութեան մարզին մէջ նիւթական շահեր ապահովելու համայնագիտարանին նպատակը: Ասիկա դարձած է տիեզերական հռետորութիւն. համայնագիտարանը գոյութիւն ունի` բարելաւելու համար նիշերը, որոնք իրենց կարգին` կը ծառայեն կեանքի մէջ աւելի մեծ յաջողութիւններու նպատակին: Իսկ գաղտնիք չէ, թէ «յաջողութիւն» ըսելով ի՛նչ կը հասկնանք այստեղ. աւելի լաւ վճարումով գործի ասպարէզներ, աւելի մեծ բնակարաններ, աւելի դիւրին ծախսելի եկամուտ: Գիրքերը ներհուն յարակցութիւն մը չունին լաւ կեանքի հետ. անոնք «յաջողութեան միջոցներ» են: Թերեւս ժամանակին «Պրիթանիքա» համայնագիտարանը իրօք, խորհրդանիշ էր իտէալապաշտ այն երազին, թէ գիտութիւն ամբարելով` հաւանաբար կրնանք բարձրացնել մենք մեզ, ապրիլ աւելի լաւ կեանք մը, բաղդատած անոնց, որոնք ապրած են մեզմէ առաջ: Սակայն, երբ գոյութիւն չունի աւելի լաւ կեանքը բնորոշող մարդասիրական հասկացողութիւն մը, ապա այս երազը մակերեսային ձգտում մըն է աւելի դրամ շահելու, աւելի բարձր դիրքեր գրաւելու եւ աւելի փայլուն իրեր գնելու:
Համացանցը Փոշիացուցած Է Պատրանքը
Եթէ երբեւիցէ «Պրիթանիքա»-ի առաւելութիւնը որեւէ նշանակութիւն ունէր, համացանցը արդէն փոշիացուցած է զայն: Լաւագոյն ժամանակներուն հազուադէպօրէն գործածուած համայնագիտարան մը, որուն մէջ բան մը փնտռելը դժուար է, շուտով կը դառնայ ժամանակավրէպ եւ այս օրերուն` արդէն աւելորդ, երբ տեղեկութիւնը մեզի կը տրուի պահանջի համաձայն: Իսկ փոքր յարկաբաժիններու կամ բնակարաններու մէջ նման անգործածական հատորներու համար անհրաժեշտ դարաններ ապահովելը դժուար արդարանալի է: Այս պատճառով է, որ համայնագիտարաններու իմ շարքս փոխադրեցի տան նկուղը, մինչ կը փնտռէի անոնց յարմար այլ վայր մը: Սակայն անակնկալը հետեւեալն էր. յայտնաբար գոյութիւն չունէր անոնց յարմար այլ վայր մը: Ո՛չ դպրոցները, ո՛չ ալ` գրադարանները կը փափաքէին ստանալ զանոնք: Հրապարակեցի փոքր ծանուցումներ, որոնք մնացին անպատասխան: Բնակած վայրիս գինետուներն ու գրավաճառները եւ ամէն ոք իրենց խանդաղատանքը յայտնեցին գիրքերուն նկատմամբ, սակայն ոչ մէկը պատրաստ էր պաշտպանելու զանոնք: Հետեւաբար ժամանակաւոր կեցութիւնը երկարաձգուեցաւ տարիներու վրայ եւ բորբոսը սկսաւ գործել իր աւերը:
Մինչ համայնագիտարանի հատորներս կը փտէին, անդին` ժամանակավրէպ կը դառնար բազմաթիւ հատորներէ բաղկացած տպագիր համայնագիտարաններու ամբողջ աւանդութիւնը: 2012-ին «Պրիթանիքա» տեղի տուաւ անխուսափելիին եւ սկսաւ վերջ դնել իր տպագիր հրատարակութիւններուն: Այս որոշումը անմիջապէս հազուագիւտ բանի մը արժէքը ընծայեց անոնց եւ համայնագիտարանին սահմանափակ թիւով լոյս տեսած վերջին հրատարակութեան օրինակները` Վերածնունդի ժամանակներու ոճով կազմուած 32 հատորները սկսան վաճառուիլ 2459 փաունտի: Այնուհետեւ լոյս տեսաւ համայնագիտարանին վերջին մէկ այլ տարբերակը, որուն հատորները կազմուած են մարոքեան կաշիով եւ որմէ տպուած է միայն 10 օրինակ: Այս վերջին հրատարակութիւնը կը վաճառուի 9999 փաունտի:
Աւելի՛ն. «շտապ տեղեկութիւն» ստանալու համար այլեւս կարիք չկայ մեծ գումարներ վճարելու: Ամիսը 1.99 տոլարի (Բրիտանիոյ մէջ` 6.99 փաունտ) կարելի է ստանալ «Պրիթանիքա» համայնագիտարանին ամբողջութիւնը` համակարգիչի մեր պաստառին վրայ, այՓետին մէջ կամ` այՖոնին: Ան, որ այս իրողութիւնը յառաջդիմութիւն չի նկատեր, առիթ կու տայ, որ տպագիր բառին վիպերգական բնոյթը աղօտէ իր դատողութիւնը:
Այս առումով` համայնագիտարանը հրկիզելու իմ արարքս կը խորհրդանշէր ստեղծագործական քանդումի բարիքները: «Պրիթանիքա» կը խորհրդանշէր այնպիսի ժամանակներ, երբ տեղեկութեան հասողութիւնը սահմանափակ էր եւ մեծ մասամբ կախեալ էր դրամէ: Հաւաքածոյին փառահեղ երեւոյթը խորապէս կապուած էր այն իրողութեան հետ, որ կը բովանդակէր իւրայատուկ եւ սուղ գինով արտադրուած նիւթեր: Կրնանք կարօտով յիշել անոնց կաշեկազմ հատորները, անոնց բարակ էջերը դարձնելու չոր ձայնը, այն պատկառելի կշիռը, որ կ՛արտացոլէր 2 քկ ծանրութեամբ իւրաքանչիւր հատոր: Սակայն, եթէ ամէնէն կարեւորը այս էջերուն պարունակութիւնն էր, ապա պէտք է մտածել, թէ այս հատորներուն կորուստին դիմաց շատ աւելի գերակշիռ է այն ազատութիւնը, որ կը վայելէ համացանցի կապուած ոեւէ անձ, որուն հասողութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուի նոյն բովանդակութիւնը եւ` շատ աւելի նուազ ծախսով, նոյնիսկ` ձրի: Փակ դռներու ետին առանձնաշնորհեալ փոքրամասնութեան մը վերապահուած թանկարժէք գիրքերու աշխարհ մը նախընտրելի չէ, բաղդատած` համացանցի բաց դռներէն ներս գտնուող անգին տեղեկութեան:
Աւելի՛ն. տպագիր համայնագիտարանին վախճանը նաեւ կը նշէ վախճանը քարացած գիտելիքներու, հեղինակաւոր գրութիւններու մէջ, որոնք վերատեսութեան կ՛ենթարկուին միայն իւրաքանչիւր տասը տարին անգամ մը: Թէեւ համայնագիտարանները ճամբայ կտրած են տարբեր հրատարակութիւններով, սակայն անոնք կը պատկանին այնպիսի ժամանակներու, երբ գիտութիւնը սեփականութիւնն էր միայն քանի մը ընդունուած հեղինակութիւններու, որոնք կ՛որոշէին, ոչ միայն ճիշդը, այլ նաեւ այն, ինչ որ արժանի էր ներառուելու պատիւին: Հատորներուն կաշեպատ մշտական գոյութեան զգացողութիւնը մեզ կը քաջալերէր, որ մոռնանք գիտական տեղեկութիւններու, գեղարուեստի օրէնքներու եւ տնտեսական աւանդութիւններու աշխուժ փոփոխութեան յատկութիւնը: Քաջ գիտէինք բոլորս, թէ համայնագիտարանի իւրաքանչիւր հատորը ժամանակավրէպ էր` նախքան նոյնիսկ հրատարակուիլը, սակայն այլընտրանք չունենալով` ստիպուած կը նախընտրէինք անտեսել այս նեղացուցիչ ճշմարտութիւնը:
Մշակութային Կերպարանափոխութիւն
Ասոր կապուած, սակայն, աւելի երկդիմի շեղում մըն է մասնագէտներու նկատմամբ յարգանքի նահանջը: Դժուար է ըսել, թէ ո՛ր մէկը աւելի գէշ է. չափազանցուած յարգա՞նքը մշակութային փոքր խաւի մը նկատմամբ, թէ` համացանցի վրայ ստեղծուած զրոյցներու ժխորը, ուր ամէն ոք ոչ միայն կը զգայ, թէ իրաւունք ունի իր կարծիքը յայտնելու, այլ նաեւ` զայն յայտնելու շնորհապարտ լսողներու: Համացանցի վրայ «քաղաքացիական լրագրութեան», «բաց հասողութեան» եւ «բազմութիւններու աղբիւրներու» գաղափարները ունին իրենց առաւելութիւնները, սակայն դժուար է կանխարգիլել անոնց անկումը` դէպի բոլորին համար ձրի ըլլալու յարաբերական ծուղակին մէջ: Այս առումով` տպագիր համայնագիտարաններէ թուային աշխարհ անցումը պարզապէս օրինակ մըն է մշակութային աւելի լայն եւ խոր կերպարանափոխումի մը: Ինչպէ՞ս պիտի յարմարինք բացարձակ գիտութեան հաւատքի կորուստին` առանց իյնալու ենթակայապաշտութեան ծուղակին մէջ, ուր միակ ճշմարտութիւնը կիրքն է, որ հաւատալու կը մղէ մարդկութիւնը: Այս դիտանկիւնէն` տակաւին ամբողջութեամբ չենք գիտեր, թէ ճշմարտութեան եւ գիտութեան համար ի՛նչ կը նշանակէ տպագիր համայնագիտարաններու կորուստը եւ այն ամէն ինչը, որ կը խորհրդանշեն անոնք: Փիլիսոփայութիւնը տրամաբանական կապ մը կը գտնէ բացարձակ վստահութեան եւ բացարձակ յարաբերականութեան միջեւ, սակայն տակաւին չէ գտած իր տեղը հանրային կեանքի մէջ:
«Պրիթանիքա» համայնագիտարանին եւ անոր ներկայացուցած հին աշխարհին վախճանը այնքա՛ն հրատապ հարցադրումներ ստեղծեց, որ փափաքեցայ փրկել իմ բորբոսած հատորներս` զանոնք վերածելով այս հարցադրումները խտացնող արուեստի գործի մը: Սկիզբը մտածեցի գտնել հանրային վայր մը, ուր շաբաթավերջ մը պիտի տրամադրէի` շերտ շերտ կտրատելու իւրաքանչիւր հատոր եւ ստեղծուած ժապաւէնները խմորելով` շինելու իմ փճացուցած համայնագիտարանիս նմանակները: Զանոնք գործածելի իրէ մը վերածելով սոսկ խորհրդանշական իրերու, կը կարծէի, թէ զանոնք աւելի պիտի մօտեցնէի իրենց էութեան: Ապա աճուրդի պիտի դնէի իւրաքանչիւրը, ինչ որ գիներու մասին գաղափար մը կազմելու փորձ մը պիտի ըլլար, գիտնալու համար, թէ արդեօք անոնք իրենց կերպարանափոխումով առաւել կամ նուազ չափով պիտի կորսնցնէի՞ն իրենց արժէքը: Անոնց կէսը պիտի վաճառէի` հարստացնելու համար արուեստագէտը, միւս կէսին հասոյթը պիտի տրամադրէի բարեսիրական նպատակներու, եւ այս բոլորը` համացանցի վրայ աճուրդով: Տպագրուած համայնագիտարանը պարտուած էր արհեստագիտութեան կողմէ: Այժմ համացանցը պիտի դառնար անոր վերածնունդին միջոցը: Հանրութիւնը կրնար որոշել, քուէարկելով համացանցի վրայ, թէ արդեօք բարեսիրական նպատակներու յատկացուած կէսը պէտք էր տրամադրուէր համայնագիտարանին հարազատի՞ն, թէ` անոր վրիժառուին. այլ խօսքով` գիրքերո՞ւ, թէ՞ Ափրիկէի համար համակարգիչներ գնելու:
Թէեւ տակաւին կը սիրեմ այս գաղափարը, սակայն ինչպէս յղացքային արուեստի (քոնսեփչուըլ արթ) այլ ծրագիրներու պարագային, հաւանաբար նոյնքան բան կարելի է իրագործել` ինքնին յղացքը նկարագրելով, որքան` զայն իրապէս ստեղծելով: Սակայն ամէն պարագայի չէի կրնար իրագործել զայն, որովհետեւ, երբ երկրորդ անգամ տեղափոխուեցանք, մեր նոր բնակարանին մէջ բաւարար տեղ չկար գիրքերը մթերելու: Զանոնք դրինք պարտէզին մէջ, կերպընկալէ սնտուկներու մէջ, որոնք յայտնապէս ջուրի դէմ պաշտպանուած չէին, ինչպէս կը կարծէինք: Երբ ի վերջոյ բացինք սնտուկները, մեր դիմաց գտանք ջրաթաթախ, գարշահոտ գիրքեր, որոնք լպրծուն բորբոսով պատուած էին: Հետեւաբար մտածեցինք աւելի համեստ ցուցական արարքի մը մասին. ժապաւէն մը պիտի պատրաստէի` նկարահանելով անոնց հրոյ ճարակ դառնալը. թաղման խարոյկ մը պիտի վառէի սգալու համար կորուստը այն դրական գաղափարներուն, զորս կը խորհրդանշէին անոնք, ինչպէս նաեւ փառաբանելու համար այն լաւ բաները, որոնք փոխարինած էին զանոնք:
Այսուհանդերձ, որքան ալ փորձեմ իմ գրասպանութիւնս ներկայացնել դրական ձեւով, չեմ կրնար թօթափել այն զգացումը, թէ սխալ արարք մը գործած եմ: Եթէ կայ որեւէ աշխարհիկ իր, որ արժանի է սրբազան դիրքի, վստահաբար գիրքն է, որ անկախ գործնական այլ յայտնագործութիւններէ, որոնք սնունդ, հագուստ, ջերմութիւն եւ դարման կ՛ապահովեն մեզի, բոլոր ժամանակներու ամէնէն կարեւոր մարդկային ստեղծագործութիւն է: Սակայն արհեստագիտութիւնը մեզի կը պարտադրէ վերատեսութեան ենթարկել արժէքը գրաւոր բառին եւ անոր ստացած ձեւերուն: Գիրքեր հրկիզելը իրաւամբ կը մնայ սրբապղծութիւն մը: Այսուհանդերձ գրաքննութեան յարուցած վտանգները գերազանցած են ֆիզիքական փճացումի սպառնալիքը: Այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի մեր փնտռած տեղեկութիւնը կարելի է գտնել տեղ մը: Հարցը զայն գտնելն է հետզհետէ աւելի խտացող տեղեկութիւններու անտառի մը մէջ, ուր ամբողջ տարածքներ պահուած կը մնան ապահովութեան համար հիւսուած բարձր ցանկապատներու ետին: Ամէնէն աւելի դարանակալ կը գործեն սակաւաթիւ աղբիւրներու վրայ հիմնուած լրատուամիջոցները, որոնք յաճախ կը հրապարակեն երկարապատում տեղեկագրութիւններու պաշտօնական ամփոփումները, հեռու` կենսական մանրամասնութիւններէ, եւ ստեղծելով տեղեկութիւններու հոսք մը, որ կը խաբէ:
Միայն կրնամ ողբալ «Պրիթանիքա»-ի հատորներուս վախճանը, սակայն չեմ ողբար այս հաստատութեան վախճանը: Համայնագիտարաններու գործածութեան ժամկէտը լրացած է իբրեւ ինքնարժեւորումի յարմար խորհրդանիշներ, ուր կը պահենք մշակոյթ եւ գիտելիք: Աշխարհը կը փոխուի, եւ գիրքերը, շաբաթաթերթերն ու կրթութիւնը պարտաւոր են փոխուիլ անոր հետ: Անգործածելի հրատարակութիւններու կարօտախտը մեզի կը ծառայէ միայն յիշեցնելու այն բաները, որոնք իրապէս արժէքաւոր են մեզի համար եւ կը փափաքինք զանոնք տանիլ յառաջ` դէպի մեր սեփական նոր աշխարհը: