Վերադարձէ՛ք
ԱՐԱ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
«Անհատները կարող են նմանուել, բայց ազգերը` ոչ: Եւ արժանապատուութիւն ունեցողը երբեք չի ձգտի նմանուել ուրիշի. եւ ինչպէս կարելի է ապրել նմանութեամբ` ըմբռնել չեմ կարող: Դա նշանակում է ինքնուրացութիւն, որ ստորնագոյն բանն է: Բնութեան մէջ ամէն մի բոյս ունի իր գոյնը, ամէն մի ծաղիկ` իր բոյրը, ամէն կենդանի` իր ձայնը, ամէն թռչուն` իր երգը … եւ ոչ մէկը դրանցից չի հրաժարւում բնութեան տուած յատկութիւններից… ինչո՞ւ մենք մեր կամքով պիտի հրաժարուենք մեր գոյնից, մեր ձայնից, մեր երգից եւ կրկնենք ուրիշներին: Ով է այդպէս վարւում բնութեան մէջ. ո՛չ մի արարած եւ ո՛չ մի բոյս: Բայց Մերուժանը կամենում է, որ ամբողջ հայ ազգը վարուի այդպէս»: Հայ-պարսկական պատերազմի ընթացքին արտասանուած Պապ թագաւորի կարեւորագոյն խօսքերէն մէկն է այս, Ստեփան Զօրեանի «Պապ թագաւոր»-ին մէջ յիշատակուած:
Նոյնն էր պարագան 1988-ին: Կային մերուժան արծրունիներ (բայց աւելորդ ու անիմաստ է խօսիլ անոնց մասին), սակայն հայութիւնը ոտքի էր պաշտպանելու Արցախը, հող մը, որ այնքան կարեւորութիւն, իմաստ եւ նշանակութիւն ունի: Եւ սպասուածը պատահեցաւ: Արցախը ազատագրուեցաւ, եւ մենք պահեցինք մեր գոյնը, մեր ձայնը եւ մեր երգը:
Բայց պատերազմը ունէր նաեւ իր հետեւանքները… Եռաբլուրը` ինքնին փաստ մը: Եւ իրապէս լաւագոյն տղաքը հեռացան մեզմէ, իսկ ուրիշներ բազմեցան աթոռներու:
Կարօտ… Հայրդ ամէն օր կը սպասէ քեզ, Պռօշեանը տարբեր է առանց քեզի, կը յիշեմ հօրդ հետ հանդիպումս, կրակ է մարդ, կրակ են աչքեր, եւ հոն հասկցայ, թէ դուն որուն նման ես, վերադարձի՛ր, վերադարձիր, շա՛տ սպասեցինք:
Պետօ… տակաւին կը յիշեմ Տիգրանաւանի պատմութիւնը, այդ գիւղի դպրոցը կը կրէ անունդ, իսկ բացումի օրը դուն իբրեւ արծիւ անցար ներկաներուն վրայէն … այդ ի՛նչ հրաշք, այդ ի՛նչ զուգադիպութիւն, վերադարձի՛ր, հրամանատար, վերադարձի՛ր խումբիդ:
Թաթուլ… Քանի մը ամիս առաջ Պէյրութ էր Ասպրամը… դուստրդ Ասպրամը. քե՛զ է, որ կը փնտռէինք իր մէջ, դէպի Գետաշէն խոյացող այդ մարտի՛կը, ու կարծես քո՛ւ աչքերդ ըլլային անոնք, որոնց կը նայէինք ու կը լեցուէինք հպարտութեամբ… վերադարձիր ու դարձեալ շուրջպար բռնէ՛ Ասպրամիդ հետ:
Շահէն… Տարիներ առաջ հանդիպեցայ Զինաւորին հետ, զաւակիդ հետ եւ հոն հասկցայ` ինչո՛ւ տուեր են քեզ հայդուկապետ անունը… Վերադարձիր, Շահումեանի մելիք, վերադարձիր Գիւլիստան, վերադարձիր ու դարձեալ պատրաստէ խումբեր, վերադարձիր կորիւններուդ:
1990-ականներուն գոնէ իմ եւ դասընկերներուս հերոսները եղած են Մհերն ու Վիգէնը… Կը յիշեմ մանկապարտէզի մեր հանդէսին, երբ պարոն Տասնապետեանը իւրաքանչիւրիս կը հարցնէր, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք ըլլալ երբ մեծնանք, բոլորս ըսինք` կ՛ուզենք Արցախ երթալ Մհերին ու Վիգէնին միանալ… Վերադարձէ՛ք, տղաք, վերադարձէ՛ք, ակումբները պէտք ունին ձեզի նման վարիչներու, երիտասարդները պէտք ունին ձեզի նման ղեկավարներու… Վերադարձէք ու սորվեցուցէք մեզի նուիրումի եւ հայրենասիրութեան մասին, վերադարձէք ու ամօթի մէջ ձգեցէք պատերազմի ատեն հոս մնացողները, վերադարձէք, որ բոլորը հասկնան, թէ դուք ինչո՛ւ գացիք, վերադարձէ՛ք, ընկերներ:
Այսօր տակաւին չէ աւարտած պատերազմը, այսօր տակաւին շատ բան կայ ընելիք: Սակայն մեր գործը կը խանգարեն մերուժանները: Մերուժաններ, որոնք պատրաստ են ամէն ինչ ընելու, ամէն ինչ ծախելու` յանուն իրենց հանգստութեան, յանուն իրենց շահերուն: Հետեւաբար` յիշեցում նմաններուն, թէ ի՛նչ պատահեցաւ Մերուժանին… ինչի որ արժանի է իւրաքանչիւր դաւաճան:
Սմբատ ասպետը ըսաւ. «Հանգստացիր, Մերուժա՛ն, ես քեզ ուզում եմ միայն պատուել քո արած գործերի համար» եւ շիկացած երկաթը առնելով զինուորին ձեռքէն` դրաւ Մերուժանին գլխուն ու ըսաւ. «Ահա Արծրունեաց իշխան Մերուժան, խաբեբայ Շապուհի փոխարէն, ես` իբրեւ Բագրատունի թագադիր ասպետ, օծում եմ քեզ` քո սիրած կրակապաշտական ձեւով»:
Ուրեմն ուշադի՛ր, մերուժաններ, տղաքը շատ շուտով կը վերադառնան, կը վերադառնան ու ոչ միայն կ՛այրեն ձեր ճակատը, այլ նաեւ` ձեր այնքա՛ն սիրած աթոռները: Հեռացէ՛ք մեր երկրէն ու միացէք Հայր-Մարդպետին … հեռացէ՛ք մեր երկրէն ու ձեզի հետ տարէ՛ք ձեր աղտոտ մտքերն ու գաղափարները: Պապ թագաւորը շուտով կը վերադառնայ եւ այս անգամ ոչ թէ դրախտ կոչուած Բիւզանդիայէն, այլ` իսկական դրախտէն, այս անգամ Պապը կը վերադառնայ ոչ թէ Մամիկոնեան սպարապետով, այլ` Կարօտին, Պետոյին, Թաթուլին, Շահէնին, Վիգէնին, Մհերին, Սիմոնին, Վարդանին եւ շա՜տ ուրիշներու հետ:

