Սեւ Այգին Ողողուած Է
ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ
Առատ ջուրով, պարարտ հողով, կանաչազարդ մեր այգին մէկ տէր ունի:
Արիւնոտ հողով, արծուեբոյն գագաթով, մեր այգին մէկ տէր ունի:
Սակայն ո՞վ է այս տէրը:
Այգին պաշտպանո՞ղն է արդեօք, կամ ցանկապատ քաշո՞ղը:
Արիւն թափո՞ղն է, կամ զոհուո՞ղը: Խաղող քաղո՞ղն է, կամ ծախո՞ղը:
Այգիին կանչով առիւծներ ծնան, այգիին երգով անոնք մեծցան, այգիին ճամբուն վրայ զոհուեցան եւ հասան այգի: Փլեցին ցանկապատերը, փշրեցին շղթաները ու կառուցեցին ամուր պարիսպներ եւ դարձան անոնց պահակները:
Եթէ առիւծը դարձաւ պահակ, ո՞վ եղաւ տէրը:
Անձնազոհ առիւծը դարձաւ հանդիսատես, եւ տէրը դարձաւ մարախը:
Այս մարախը մուտք գործած է իւրաքանչիւր տուն` հասնելով ամէն գիւղ. կը հսկէ գիւղացիին սեփականին եւ պապենականին վրայ, իւրացնելով անոր իրաւունքը, կործանելով անոր երազները, մինչ պատուաւոր առիւծը կը հսկէ պարիսպները:
Բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ այգին, երբ գիւղացի չմնայ. ո՞վ հոգ պիտի տանի խաղողին, երբ հոգատարը չկայ:
Մարախը միայն կը բեկանէ, կը շահագործէ ու կը չարաշահէ, հետզհետէ այգին կը վերածէ ճահիճի մը: Ո՛չ կը ցանէ, ո՛չ կը ջրէ, այլ միայն «կը հնձէ»:
Նոյն ժամանակ դժբախտ գիւղացին յուսալի կը մնա՞յ. ի՞նչ ապագայ կայ այգիին մէջ իր զաւկին ու թոռան: Ապրիլը նոյնիսկ հարկադրանք կը դառնայ անոր համար, որ ունի այգի, սակայն իրեն չի պատկանիր եւ ունի խաղող, որմէ չի սնանիր: Եւ այսպիսով, «հպարտ եմ, քանի կ՛ապրիմ պապերուս հողին վրայ» խօսքը կը դառնայ հասարակ պատրանք:
Բաւական ետ նայելով` կը յիշեմ ազգ մը, որ հայրենիք չունէր, որուն զաւակը ստրուկ էր, վիզը սուրի տակ էր, որ տուն չունէր, հող չունէր, ազատութիւն չունէր, հանգստութիւն չունէր եւ իրաւունք հասկացողութիւնը գրեթէ գոյութիւն չունէր:
Բայց նոյնքան եւ աւելի լաւ կը յիշեմ նոյն ազգին զաւակը, որ զարթօնք ապրեցաւ հինգ հարիւր տարի ստրկութենէ ետք եւ ունեցաւ գիտակցութիւն, կերտեց տիպար, տաշեց գաղափար եւ նետուեցաւ պայքարի դաշտ. հետեւաբար շատեր հաւաքուեցան մէկ դրօշի` «Մահ կամ ազատութիւն» լոզունգը կրող կարմիր դրօշի տակ:
Եւ այնպիսով, ազատատենչ ազգի զաւակներ նահատակուեցան ազատութեան ճանապարհին վրայ, նախընտրեցին մահը` ստրկութեան ու բռնատիրութեան ենթակայ ըլլալու փոխարէն:
Հետաքրքրականօրէն, կարմիր դրօշի զաւակները մինչեւ օրս կառչած կը մնան իրենց գաղափարին, աշխարհի չորս ծագերուն: Անոնք նոյն ազգին զաւակներն են, ինչպէս` այգիին գիւղացիները: Բայց ի՞նչն է, որ այսօր զանոնք կը տարբերէ իրենց պապերէն. պատասխանն է` ՈՉԻ՛ՆՉ:
Անոնք ունին նոյն թշնամին` մարախը, սակայն հիմա մարախը տարբեր գոյներ ունի, տեղացի է մարախը եւ գիւղացի դարձած է: Ամէն մարդ գիտակից է անոր գոյութեան մասին, սակայն կ՛անտեսէ զայն, կը վախնայ անկէ, հաշտուած է այդ իրողութեան հետ: Ի՞նչը կը տարբերէ մարախ մը ուրիշէ, ի՞նչը կը տարբերէ անբարոյ եւ անգութ ոճրագործ մը ուրիշէ, պատասխանը նոյնն է` ՈՉԻ՛ՆՉ:
Լա՛ւ, ո՞ւր են նոյն ազգի զաւակները, երբ այգին կը կանչէ, ո՞ւր են ասլանները, երբ ճահիճ դառնալու սպառնալիքը անոր սեմին է:
Եթէ կը կարծեն, թէ թշնամին միայն օտարն է, չարաչար կը սխալին. եթէ կը կարծեն, թէ այգի պահելը միայն սահման գծելով է, նոյնպէս կը սխալին:
Միակ բանը, որ անհրաժեշտ է մարախին գոյատեւման եւ հզօրացման, այն է, որ լաւ մարդիկ բան չընեն, ձեռնածալ նստին, հաշտուին կատարուածին հետ եւ…
Այսպիսով, այգի խլելը գայլերու գործ է, այգի ազատագրելը առիւծներու, իսկ այգին, այգի պահելը` իսկատիպերու:

