Բաց Նամակ` Մեր Ուսուցիչներուն
ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ՄԸ
Սիրելի՛ ուսուցիչներ,
Մուշեղ Իշխան անկասկած կը պատկանի այն երանելի սերունդին, որ առիթը ունեցած է Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի նման իսկական մանկավարժներու հսկողութեան տակ դաստիարակուելու: Դաստիարակուիլ կ՛ըսեմ եւ ոչ` ուսանիլ, որովհետեւ ուսուցիչին դերը պարզապէս դասագիրքերու բովանդակութիւնը փոխանցել չէ: Ուսուցիչը դաստիարակ մըն է, եւ իր ասպարէզին էական առաքելութիւնն է կերտել մարդ անհատը, հայ պատանին, եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ` ապագայի ուսուցիչը: Հետեւաբար, ասպարէզ մը ըլլալէ աւելի, ուսուցչութիւնը կոչում է ու կ՛ենթադրէ ամբողջական նուիրում եւ գիտակից պատասխանատուութիւն:
Մարդկային բնական հոլովոյթի իբրեւ արդիւնք, տարիներու ընթացքին ուսումնական համակարգն ու զայն բնորոշող հիմնական երկու տարրերը` ուսուցիչներ եւ աշակերտութիւն, որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած են: Այսօր ուսուցիչներ յաճախ կը գանգատին ներկայ սերունդի աշակերտութեան անտարբերութենէն, անկարգութենէն եւ մակերեսային մօտեցումէն: Ճիշդ է, որ այսօրուան սերունդը իր նախնիներուն կարգապահութիւնը, հետաքրքրութիւններն ու կազմուածքը չունի, բայց այս մէկը պէտք չէ դիտել իբրեւ ահազանգային վիճակ: Բնական է սերնդափոխութեան յառաջացուցած նոր տիպի մտածելակերպն ու առօրեան: Բնական է նաեւ, որ ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուի: Բայց բնաւ բնական չէ, ոչ ալ ընդունելի է` քայլ չպահել վերոյիշեալ սերնդափոխութեան հետ, եւ յարմար միջոցներ չորդեգրել դիմագրաւելու համար նորօրեայ ուսումնական դժուարութիւնները:
Տեղին է քանի մը հարցադրումներ կատարել այս գծով:
Արդեօք մեր դպրոցներուն մէջ որդեգրուած մանկավարժական մօտեցումն ու ուսուցման ոճը դիպուկ եւ պատշա՞ճ են այսօր:
Արդեօք բոլոր ուսուցիչներն ալ համապատասխան վկայականներ կամ առնուազն գիտելիքի պաշար ունի՞ն:
Աւելի՛ն եւ կարեւորագոյնը: Արդեօք բոլոր ուսուցիչներն ալ ունի՞ն բաւարար նուիրում, թէ՞ ուսուցչութիւնը ընտրած են իբրեւ ասպարէզ պարտադրաբար կամ պայմաններու բերումով եւ ոչ` համոզումով:
Որքանո՞վ ուսուցիչները պատասխանատու պէտք է նկատել աշակերտներու յաջողութեան կամ ձախողութեան մէջ, եւ որքանո՞վ այսօրուան աշակերտները կը դժուարացնեն ուսուցիչին գործը եւ խոչընդոտներ կը ստեղծեն դասարանին մէջ:
Մուշեղ Իշխան, նկարագրելով Լեւոն Շանթն ու մանկավարժութեան մասին անոր ունեցած համոզումները, լաւագոյն ձեւով կը ներկայացնէ վերոյիշեալ խնդիրը եւ կը պատասխանէ այս հարցադրումներուն:
«Ո՞վ է յանցաւորը, եթէ արձանը, նկարը կամ քերթուածը ձախողած գործեր դուրս կու գան. արուեստագէտը անշուշտ, իր ներշնչումին եւ տաղանդին պակասով եւ իր արուեստին թերիներով: Շանթ միեւնոյն ըմբռնումը ունէր նաեւ ուսուցիչներուն վերաբերմամբ: Տրամադիր էր միշտ ուսուցիչը մեղաւոր տեսնելու, ամէն անգամ որ դասարան մը անկարգութեամբ կամ ծուլութեամբ խնդրոյ առարկայ դառնար: Կասկածէ վեր է, որ Շանթի այս տեսակէտին մէջ ճշմարտութեան խոշոր բաժին մը գոյութիւն ունի: Ինչո՞ւ նոյն դասարանը լաւ արդիւնք կու տայ այսինչ ուսուցիչի ձեռքին տակ եւ կը կաղայ ուրիշի մը դասերուն: Չկան գէշ աշակերտներ,- կը սիրէր կրկնել Շանթ,- կան գէշ եւ անկարող ուսուցիչներ»:
Ինքնաքննարկումն ու ինքնարժեւորումը էական են ուսուցչական մարզի զարգացման եւ արդիւնաբերութեան մէջ: Այսօրուան հասկացողութեամբ, ի՞նչ կը սպասուի ուսուցիչներէն եւ ինչպէ՞ս կարելի է ներկայացնել իսկական ուսուցիչը:
Իսկական ուսուցիչը ան է, որ հարազատ կապ մը կը ստեղծէ աշակերտներուն հետ, անոնց մօտ կը կերտէ գաղափարներու հանդէպ հետաքրքրութիւն, զանոնք կը մղէ ինքնաշխատութեան եւ ինքնազարգացման, աշակերտները կը նկատէ հաւասար, բայց` տարբեր, եւ այդ տարբերութիւններուն վրայ հիմնուելով` կ՛որդեգրէ ուսուցման պատշաճ մօտեցում:
Վստահաբար իսկական ուսուցիչը ան չէ, որ տկար ուսումնական արդիւնքի պարագային աշակերտը կը պախարակէ ու կը յանդիմանէ: Բնա՛ւ: Այլ իսկական ուսուցիչը ան է, որ կը փորձէ հասկնալ այս արդիւնքին պատճառները եւ աշակերտը կ՛ուղղէ դէպի յաջողութիւն:
Իսկական ուսուցիչը ան է, որուն երբ ճամբան հանդիպինք դպրոցը աւարտելէ տարիներ ետք, մեր ուղին չենք փոխեր կամ զայն չճանչնալ չենք ձեւացներ:
Վերջապէս, ուսուցիչը տիպար մըն է, իսկ հայ ուսուցիչը հայու տիպար մըն է:
Երբ հայ ուսուցիչ մը, թէկուզ ան գիտական նիւթերու դասատու ըլլայ, առնչուած չէ Հայ դատին, հակաթուրք պայքարին, հայապահպանումին… Ալ ինչպէ՞ս պիտի կարենայ հայագիտական նիւթերու ուսուցիչը աշակերտներուն մէջ սերմանել ազգային ջիղ եւ հայու դիմագիծ:
Թող այս նկատողութիւններն ու մատնանշումները չդիտուին իբրեւ քննադատութիւն, ոչ ալ` իբրեւ ընդհանրացում, այլ պարզապէս` իբրեւ անկեղծ արտայայտութիւն աշակերտէ մը, որուն սերունդը ունեցած է այնքան լաւ ուսուցիչներ, որոնք ջանացած են աշակերտութեան մէջ զարգացնել քննական միտք, սխալը մատնանշելու եւ սրբագրելու տրամադրութիւն եւ սերտ կապուածութիւն հայ դպրոցին հանդէպ:
Յաջողութի՛ւն:

