Քսանհինգ Տարիներ Ետք. Պահպանե՛նք Խորհուրդը
Ինչո՞ւ կը նշուին ամեակներ, ինչո՞ւ կը փառաբանուին պատմական յաղթանակներ, եթէ ոչ` անցեալէն դասեր քաղելու, օրինակելի դրուագներ հասարակութեան մէջ տարածելու եւ հաւաքական արժէքներ սերունդէ սերունդ պահպանելու համար:
Կը հաւատանք, թէ անցնող փետրուար ամիսը ներկայացուց այնպիսի զուգադիպութիւն, որուն շնորհիւ տօնակատարութիւն ու «ամեակ»-ի նշում վերոյիշեալ իմաստով արժեւորուելու եւ առաւելագոյնս օգտաշատ դառնալու առիթ կ՛ունենան:
Արդարեւ, արցախեան գոյապայքարի 25-ամեակի նշումը եկաւ զուգադիպելու Հայաստանի նախագահական «ընտրութիւն»-ներուն եւ յատկապէս անոնց որպէս արդիւնք` ժողովրդային շարժման ծաւալումին: (Կը շեշտենք` ժողովրդային, անկախ, եւ ոչ առաջնորդ անհատի մը կամ խումբի մը հետեւորդ շարժում, որովհետեւ նաեւ հո՛ն է, որ կայ նմանութիւն քառորդ դար առաջ ծաւալած շարժումին):
Շատերը, յատկապէս` հայրենիքի մէջ, անդրադարձան այս զուգադիպութեան եւ օգտագործեցին զայն` «ամեակ»-ի նշումին տալով այժմէական լիցք ու զայն նպատակասլաց դարձնելով: Այսպէս, զուգահեռներ գծուեցան քսանհինգ տարիներու հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկու տարբեր սերունդներուն միջեւ: Պահանջը զգացուեցաւ պատմական յաջող ժողովրդային շարժումին մէջ գտնելու ներշնչում` նոր շարժման մը համար: Որքա՞ն իրատեսական էր համեմատութիւնը, այստեղ այդ չէ մեր խնդիրը, այլ երեւոյթը` արցախեան շարժման 25-ամեակի նշումին խորհրդանշական դառնալը:
Իսկ մենք, որպէս սփիւռքահայեր, որպէս լիբանանահայ ուսանողներ, ինչպէ՞ս կը կարծենք, թէ պէտք է նշել Արցախի 25-ամեակը, այն առաւելագոյնս օգտաշատ դարձնելու համար:
Արցախեան յաղթանակը մեզի համար հպարտութիւն ներշնչող եւ խրախուսող երեւոյթ է:
Արցախեան հերոսները աւելի քան արժանի են յիշատակման, մեր յարգանքին եւ երախտագիտութեան:
Սակայն պարտինք նաեւ արցախեան շարժման քսանհինգամեակին մէջ ա՛յլ խորհուրդ մը եւս նկատել եւ տարածել: Սփիւռք-հայրենիք միասնութեան եւ անքակտելի կապին խորհուրդն է այն:
Քառորդ դար առաջ բարձրացած Արցախի կանչը հասաւ նաեւ սփիւռք, նաեւ Լիբանան: Եղան լիբանանահայեր, որոնք արիութիւնն ու պատասխանատուութեան ազնիւ զգացումը ունեցան ականջ տալու Արցախի կանչին, եւ ամէն ինչի, նոյնիսկ կեանքի գնով նուիրուելու անոր պայքարին:
Այսօր, 25-ամեակին մէջ պէտք է տեսնել ա՛յս խորհուրդը ամէնէն առաջ եւ պատրաստուիլ ցոյց տալու նո՛յն պատրաստակամութիւնը, նո՛յն ոգին եւ ինչո՞ւ չէ, աւելի լաւը, երբ որ կարիքը ըլլայ:
Քսանհինգ տարիներ ետք, հայրենի ժողովուրդը անգամ մը եւս հրապարակ իջած է, կը պահանջէ իրաւունք, կը պահանջէ արդարութիւն, կը պահանջէ կեանք: Գաղտնիք չէ, թէ փետրուարի նախագահական «ընտրութիւններ»-ը ոչ մրցակցային եւ նոյնիսկ կեղծուած էին: Աւելի քան ակնյայտ է Հայաստանի ընկերային-տնտեսական-ժողովրդագրական վիճակի դէպի անդունդ վազքը: Այս բոլորին դիմաց հայրենի ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը փաստօրէն որոշած է պայքարիլ: Պէտք է նշել անշուշտ, թէ տակաւին պղտոր է կացութիւնը, եւ պայքարի ճակատն ու ծրագիրը ձեւաւորուած չեն թուիր ըլլալ: Այսօրուան պատկերով, այս շարժումը հեռու է տակաւին քսանհինգ տարի առաջ կայացած շարժման նմանատիպը կոչուելու արժանի դառնալէ: Երկարատեւ ըլլալու դատապարտուած կը թուի պայքարը: Կը յաջողի՞ աւելի ընդլայնիլ, ի՞նչ ուղղութիւն կ՛առնէ ան, որքա՞ն կը զօրանայ, վերջապէս, ե՞րբ կը ձեւաւորուի ու կը գործնականանայ:
Այնուամենայնիւ, ներկայ է նոր փուլի մը անցնելու առիթը` առնուազն: Կը մնայ, որ ճիշդ եւ ապահով հունի մէջ դրուի պայքարը, չկրկնուին անցեալի սխալները, եւ իսկապէ՛ս գայ նոր փուլ:
Այդ նոր փուլին մէջ հետագայ գործընթացներու ընթացքին հայրենի ժողովուրդը կրնայ խիստ կարիքը ունենալ սփիւռքահայութեան նեցուկին:
Պարտինք մօտէն հետեւիլ հայաստանեան իրադարձութիւններուն եւ այդ գծով զգալ ամբողջական պատասխանատուութիւն եւ յանձնառութիւն:
Պարտինք պատրաստ ըլլալ ի հարկին, երբ նպատակայարմար եւ շինիչ ըլլայ, աշխուժօրէ՛ն հայրենի ժողովուրդին կողքին կանգնելու:
Պարտինք հաւատարիմ մնալ արցախեան համազգային պայքարի խորհուրդին, սփիւռք-Հայաստան անքակտելի կապին եւ մէկ ամբողջութեան խորհուրդին:
Նոյնքան` որքան քսանհինգ տարիներ առաջ, եւ, ինչո՞ւ չէ, աւելի՛ ներգրաւուինք հայրենիքը յուզող հետագայ արդար պայքարներուն մէջ, եւ յուսանք, թէ չեն ուշանար անոնք:

