Մշակոյթը Իջեցնենք Բեմէն Վար

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Մշակոյթը հետիոտն կը քալէ լիբանանահայ բեմերէն դէպի հայկական ներկան, ուր դառնացած են հայապահպանման իրականութիւնները, քանի որ մշակոյթը, արդէն իսկ ալեհեր, առանձինն չի կրնար իր կորաքամակ ուսին կրել սփիւռքի գաղութներուն հիմնախնդիրները, երբ մշակոյթը ինքզինք չնորոգէ ու մնայ միայն վարագոյրերու ետեւ եւ գաղութներուն ֆիզիքական գոյութիւնը մնայ առաջնահերթ մտահոգութիւն:

Եւ այսպէս կը բացուի «Էմիլ Լահուտ» սրահին վարագոյրը, եւ դուրս կու գան Համազգայինի մեր պարողները, որոնց մէջ կ՛երեւին Հալէպին ռումբերէն փախուստ տուած պարողներ, ու միասին, այս անգամ այլ գաղութի մը մէջ երկու ժամ տեւող յայտագիրով կը փորձեն խանդավառել մշակութասէր ներկաները: Պարախումբը երկրորդ տարին ըլլալով կը պարէ նոր պարուսոյց` Յովհաննէս Խաչիկեանին շունչին տակ, սակայն առանց երբեք ջնջելու նախկին պարուսոյցներուն կնիքը իրենց սրտերուն մէջէն. եւ բեմէն կ՛արտացոլան Արամ Խաչատրեանին երաժշտութեամբ միաձուլուած ժպիտներ, ու հայուհիներ` հայկական աւանդական տարազներուն երանգներուն տակ, իրենց նազերով կը դիւթեն իրենց ոտքերը ամուր գետին զարնող հայ տղաքը:

Ներկաները կը ծափահարեն Վաղարշապատի,  Արցախի ու Շիրակի պարողներուն: Շատեր կ՛անցնին յետնաբեմ ողջագուրելու համար պարողները, ընկերները, ձեռնուելու պարուսոյցին հետ ու թերեւս վերապրելու իրենց յիշատակները, երբ տակաւին Ֆելիքս Յարութիւնեան իր «տավայ գնացինք»-ը կ՛արտասանէր պարողներուն նախքան բեմ բարձրանալը, խաչակնքելէ ետք:

Առաջին անգամը չէր, որ «Քնար»-ի պարողները թատերասրահին չորրորդ պատը կը ծեփեն հայկական աւիւնով ու կը վերամշակեն հինը: Արդարեւ, մշակոյթի պահպանման կողքին, «Քնար»-ի պարողները աւելի քան տասը տարիէ ի վեր մշակոյթը բեմերուն վրայէն իջեցուցած են հարսանեկան եւ ընկերային խրախճանքներուն մէջ ներմուծելով հայկականը, փորձելով հայացնել լիբանանեան աւանդներու հոսանքին վտանգին տակ գտնուող սովորութիւնները, եւ հոն, ուր վարագոյրներ չեն բացուիր, «հանդիսատեսը» կը դառնայ ուղղակի մասնակցող եւ համտեսելով մշակոյթը, կը վերածուի մշակոյթին մէջ ներդրում ունեցողի:

Եթէ մշակոյթը մնայ հայրենիքը սփիւռք բերելու եւ ծափահարութիւններ խլելու նպատակ, աւանդները միա՛յն պահելու, բայց չնորոգելով արուեստի ստեղծագործութեամբ, գաղութներուն ճակատագիրը ամբողջութեամբ անոր ծիրին մէջ դնելու եւ տարեկան դրութեամբ հանդէս գալու, ապա ան պիտի քալէ ա՛լ աւելի շնչակտուր, ծառայելու համար միայն անցեալին ու ներկային:

Պարպուեցան Հալէպի մշակոյթի կեդրոնները ու միայն մէկ մասը հասաւ հոս: Պարպուեցան դպրոցները, տուները, վերջապէս գաղութն ալ քիչ բռնեց այդ ճամբան: Յաջորդ հանգրուանին հաւանաբար չըլլան վարագոյրներ, ու մշակոյթը մնայ նոյնիսկ առանց բեմի ու ծափահարութեան, ու մենք, առանց մեզի համար խաչակնքող մը ունենալու երթանք դէպի անորոշութիւն, քանի որ մշակոյթը հող կ՛ուզէ, արուեստը` բեմ, մշակոյթը ժողովուրդէն է, արուեստը` ժողովուրդին, եւ այնքան ատեն, որ կը քանդուի մշակոյթը իր կեդրոններուն քանդուելով, կը պարտուին բոլոր հաւաքական ինքնութեան պահպանման համար տարուած պատերազմները: Թէեւ Հալէպի պարողները եղան մէկական հալէպահայ «մշակութային կեդրոններ»` Լիբանան բերելով իրենց սորվածը, սակայն անոնք միայն շատ փոքր հատուած մը կը ներկայացնեն, եւ չենք գիտեր մնացեալներուն ճակատագիրին մասին:

«Քնար» պարախումբին Արամ Խաչատրեանին 110-ամեակին նուիրուած ելոյթը թող շարունակէ մշակոյթը իջեցնել բեմէն վար, մտնէ մեր տուներուն մէջ ու անցնի մեր երակներուն, որպէսզի տարեկան դրութեամբ կատարուած մշակութային ելոյթները չծառայեն տոմսեր սպառելու մրցումին, այլ զարգացնեն նաեւ արուեստը, որպէսզի մշակոյթին գոյութիւնը կախեալ չըլլայ վարագոյրներուն բացուելուն,  այլ մեր միտքերուն հորիզոններուն բացուելուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES