Գիտական Համագործակցութեան Նոր Ծրագիրներ Մաշտոցեան Մատենադարանի Եւ Զմմառի Վանքին Միջեւ

ՎԱՐԴԻ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

«Մեզմէ ետք աշխարհ եկող մարդիկ, վայ ինձ, որովհետեւ կ՛ուզեմ տեսնել ձեզ, բայց չեմ կրնար, քանզի հող դարձեր եմ գերեզմանին մէջ: Ապա ուրեմն այս գիրքերովս կը խօսիմ ձեզի հետ մինչեւ հինգ եւ եօթը սերունդ եւ հոգւով ձեր մէջ կը մնամ»:

Այսպիսի տողեր առաքած է մեզ` յետնորդներուս, 13-րդ դարի ըմբոստ մեծերէն մին` առակագիր Վարդան Այգեկցին: Իբրեւ պատգամ հնչող այս խօսքը, յոյսէն աւելի, հաւատամք է` ուղղուած գալիքին: Կրնա՞ր կռահել մեծ խորհողը, թէ իրմէ ահա հինգ, եօթը եւ տասնեակ սերունդներ ետք ո՛չ միայն պահուած ու պահպանուած են անցեալէն մեզի հասած հոգեւոր արժէքները, այլեւ ժամանակի հետ առաւել հարստացած եւ շքեղացած, կ՛ապրին մեր հոգիներուն մէջ` ամէն օր քիչ մը աւելի ու նորովի իմաստաւորելով մեր կեանքը:

Այդպէս է, որ մեր հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթի վկաները` մեր գրչագիր մատեանները, այսօր ալ կը խօսին մեզի հետ: Անոնք` անցեալէն մեզի հետ խօսողները, իրենց հոգիի աչքերով կը տեսնեն մեզ, կը պատմեն անցեալի նեղ ու դառը ժամանակներու, դէպքերու եւ դէմքերու մասին, բայց աւելի շատ ու հպարտութեամբ, կը վկայեն անցեալի փառքերուն մասին:

Եւ որքան լաւ է, որ կա՛յ, կը շարունակուի սերունդէ սերունդ փոխանցելու աւանդոյթը, եւ կան մարդիկ, որոնք հաւատարմօրէն կը ծառայեն այդ գործին` պատասխանատուութեան եւ յանձնառութեան բարձր գիտակցութեամբ:

Հայոց ձեռագրական հարուստ ժառանգութիւնը պահպանելու, պաշտպանելու, այլեւ նուիրագործելու իւրօրինակ իրագործումի մը մասին է մեր այս ակնարկը, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար կոչել վկայութիւն` անցեալի եւ ապագայի միջեւ:

Ըսելիքս պիտի սկսիմ քիչ մը հեռուէն` Միջերկրականի ափերուն փռուած Մայրիներու երկրէն, եւ անդ` ծովահայեաց լերան կատարին շքեղօրէն բազմած Զմմառի հայավանքէն, ուր կը տանին անցեալի մեր ոտնահետքերը, եւ ուր կը վերադառնանք ամէն անգամ մեր մշակոյթի գանձերուն հետ  հաղորդուելու:

Լեռնալիբանանի գեղատեսիլ բարձունքին վրայ մեզ կը դիմաւորէ Զմմառի Ս. Տիրամօր վանքը: Այս վանաստանը հիմնուած է հայ կաթոլիկ առաջին պատրիարք-կաթողիկոս Աբրահամ Պետրոս Ա. Արծիւեանին կողմէ, երբ հոգեւոր գաղափարի այս հաւատաւորը երկար դեգերումներէ ետք, 1742 թուականին, Հռոմի Պենետիկտոս ԺԴ. պապէն հաստատութիւն ստանալով, վերջապէս խարիսխ նետեց Լիբանանի մէջ, ուր լեռնային Քրէյմ գիւղին մէջ կառուցեց վանք եւ հիմը դրաւ միաբանութեան, իսկ իր մահէն առաջ` 1749-ին, Քրէյմէն ոչ շատ հեռու Քեսրուանի մէջ ձեռնարկեց նոր վանքի` ներկայի Զմմառի վանքի շինութեան:

Հոս` Լիբանանի ազատ եւ հոգեւոր խաղաղ միջավայրին մէջ, «Արծիւեան» միաբանութիւնը ո՛չ միայն աճեցաւ եւ զարգացաւ, այլեւ իր հաստատուն տեղը գրաւեց հայ հոգեւոր-մշակութային կեանքէն ներս: Արծիւեանի հիմնած վանաստանը իր շարունակութիւնը գտաւ հիմնադիրի յաջորդներու` կաթողիկոս, եպիսկոպոս, միաբան վարդապետներու անձնդիր ծառայութեան մէջ, որոնց հաւատաւոր աշխատանքի շնորհիւ սկզբնական քանի մը խուցերէ ու մատուռէ մը բաղկացած հաստատութիւնը վերածուեցաւ վանական մեծ համալիրի:

Բազմաբնոյթ ու բազմակողմանի է միաբանութեան գործունէութեան ծիրը: Ան չի սահմանափակուիր սոսկ հովուական առաքելութեամբ. հին հայկական վանքերու նման, Զմմառի վանքը հոգեւոր-կրօնական, մշակութային եւ կրթական իր ճառագայթները կը տարածէ բոլոր ուղղութիւններով` հասնելու համար նոյնիսկ ամենահեռաւոր գաղութներուն: Այս ամէնուն զուգընթաց, Զմմառի միաբանութիւնը ստանձնած է նաեւ հայ մշակութային գանձեր հաւաքելու եւ պահպանելու կարեւոր առաքելութիւնը: Հիմնադրութեան առաջին տարիներէն միաբան վարդապետները մեղուի ջանասիրութեամբ կը լծուին մշակութային արժէքներ հաւաքելու աշխատանքին, որ հետզհետէ կը ծաւալի ի վերջոյ վերածուելու համար այն հրաշալի գանձատուն-թանգարանին, որպիսին այսօր մեզի կը ներկայանայ Զմմառի վանքը: Իրապէս մարդ չի կրնար զսպել իր հիացմունքն ու հպարտութիւնը ի տես հայ հոգեւոր-մշակութային արժէքներու այսքան ճոխ ու այսքան շքեղ հաւաքումի: Այստեղ, վանքի քարակոփ, նեղ ու երկար, մեծ ու փոքր սրահներուն մէջ հայու ստեղծագործ միտքն ու արարումը կը թեւածեն` հայ տպագիր գիրքի առաջին օրինակներէն մինչեւ արուեստի ու ձեռարուեստի սքանչելիքներ, եկեղեցական սպասքի ու ծիսական առարկաներու, հայկական դրամներու, հնագիտական նիւթերու հազուագիւտ հաւաքածոներ: Որպէսզի պատկերը ամբողջական դառնայ, նշենք, որ հաւաքածոյին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն նաեւ ոչ հայկական մշակութային արժէքները:

Սակայն, այս ամէնէն առաջ եւ վերջ, Զմմառի վանքը հայ հոգեւոր-մշակութային կեանքէն ներս իր առանձնայատուկ տեղը գրաւած է իբրեւ հայերէն ձեռագրերու ամէնէն կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Իր այդ հանգամանքով Զմմառի վանքը իր հաստատուն տեղը ապահոված է Հայաստանէն դուրս գտնուող մեր միւս նշանաւոր կեդրոններուն` Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց, Վիեննայի եւ Վենետիկի Մխիթարեան վանքերու շարքին:

Զմմառի վանքը ներկայիս տէր է աւելի քան 2000 ձեռագրերու: Հաւաքածոն հարուստ է հայկական միջնադարեան գրական-ձեռագրական մշակոյթը ներկայացնող արժէքաւոր նմուշներով, այդ շարքին` գիտական եւ ուսումնական տարբեր ասպարէզներու հազուագիւտ օրինակներով: Հաւաքածոյի զարդը կը կազմեն տասնեակ մը շարակնոցները` խազագրուած եւ զարդանկար, որոնց մէջ կարելի է առանձնացնել 1323 թուականին Սիս հայակիլիկեան մայրաքաղաքի հռչակաւոր մանրանկարիչ Սարգիս Պիծակի գրած եւ նկարազարդած ձեռագիրը: Յատուկ ուշադրութեան արժանի են Կիլիկեան Հայաստանի բժշկագիտական դպրոցին դրոշմը կրող բժշկարանները, հայ ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութեան յուշարձանները: Մեծ արժէք կը ներկայացնեն եկեղեցական հայրերու դաւանաբանական երկասիրութիւններն ու մեկնողական գրականութեան հնագոյն եւ լաւագոյն օրինակները: Ցաւօք, այս գանձերը մեծ մասամբ անծանօթ են հայագիտութեան, որովհետեւ հաւաքածոն տակաւին ամբողջութեամբ չէ ուսումնասիրուած: Զմմառի վանքի ձեռագրերը ցուցակագրող Մեսրոպ եպս. Քէշիշեան նկարագրած է այն ձեռագրերը միայն, որոնք 1924-ին մաս կը կազմէին վանքի հաւաքածոյին, թէեւ ցուցակագրած է մասնակիօրէն` ընդգրկելով ժամանակով աւելի հին ձեռագրերը («Ցուցակ Զմմառի», հատ. Ա.): Հետագային Պոլսէն Զմմառ տեղափոխուած են նախկին Անտոնեան միաբանութեան 229 ձեռագիրները, զորս նկարագրած են հ. Ներսէս Ակինեանը եւ հ. Համազասպ Ոսկեանը («Ցուցակ Զմմառի», հատ. Բ.): Բնականաբար այդ ժամանակէն ի վեր զմմառեան հաւաքածոն համալրուած է նորանոր ձեռագրերով, որոնց վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ ցանկերէ դուրս մնացած ձեռագրերը: Այսպիսով, 2000-է աւելի ձեռագրերէն ուսումնասիրուած են միայն 782-ը, մնացեալ մօտ 1200 ձեռագրերը կը սպասեն իրենց մասնագէտ-ուսումնասիրողին: Մինչ այդ կարելի է ենթադրել միայն, թէ մատենագիտական ի՛նչ նորութիւններ ու անակնկալներ կը սպասեն մեզի, եթէ երբեք լոյսին բերուին:

Ուրախութեամբ պիտի նշել, որ վերջին շրջանին, Մաշտոցի անուան մատենադարանի եւ Զմմառի կեդրոնին միջեւ հաստատուած է գիտական համագործակցութեան կենսունակ դաշտ մը, եւ ջանք չի խնայուիր, որպէսզի այդ գործակցութիւնը աւելի ու աւելի արդիւնաւորուի: Անցեալ տարեվերջին Մաշտոցի մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի եւ Զմմառի վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեանի միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, ըստ որուն, Մատենադարանը կը ստանձնէ գիտականօրէն անմշակ ձեռագրերու նկարագրութեան աշխատանքները, որպէս արդիւնք` Զմմառի մատենադարանի ձեռագրացուցակի նախորդ երկու հատորներուն կը գումարուին եւս չորս ստուար հատորներ: Այսպիսով, հայերէն ձեռագրերու կարեւոր հաւաքածոյ մը ամբողջական ու համակարգուած ձեւով կը դրուի գիտական շրջանառութեան մէջ եւ մատչելի կը դառնայ մասնագիտական շրջանակներուն:

Ի դէպ, սոյն համաձայնութիւնը կարելի դարձած է համատեղ ջանքերու շնորհիւ, փոխադարձ այցելութիւններու ու հանդիպումներու ընթացքին:  Այս իմաստով հարկ է արժանին մատուցել սփիւռքի նախարարութեան` այս ծրագրի յաջողութեան իր բերած անմիջական մասնակցութեան եւ աջակցութեան համար:

Խորհրդանշական է, որ մեծ նշանակութիւն ունեցող այս համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, նախագահին բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, որ յաւելեալ շուք եւ իմաստ հաղորդեց այս իրագործման` միանգամայն ընդգծելով պետական ամենաբարձր աստիճանի վրայ խնդրի կարեւորումն ու արժեւորումը: Արդարեւ, լիբանանեան կարճատեւ այցելութեան օրերուն նախագահ Ս. Սարգսեան այցելեց Զմմառի վանք, ուր եւ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ ստորագրուեցաւ երկկողմանի համաձայնագիրը:  Նախագահ Ս. Սարգսեան իր ելոյթին մէջ մասնաւորաբար նշեց Զմմառի վանքի նշանակալի դերը հայ եւ լիբանանեան հոգեւոր-մշակութային կապերու ամրապնդման ու զօրացման մէջ. պատահական չէ, որ Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը Զմմառի վանքով ճանչցած են հայն ու հայկականը: Նախագահը նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը Մատենադարանի դերին` արտերկրի եւ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ գտնուող մեծ ձեռագրատուներու եւ մասնաւոր հաւաքածոներու հետ նման աշխատանքներ իրագործելու առումով, նշելով, որ Մատենադարանը ունի այսպիսի աշխատանքներու կազմակերպման տասնամեակներու փորձ, իսկ այժմ, նոր գիտական համալիրի կառուցումէն ետք, իր պահպանման, վերականգնումի, թուայնացման արդիական համակարգերով դարձած է աշխարհի լաւագոյն կեդրոններէն մին:

Հայերէն ձեռագրերու որպէս մեծագոյն կեդրոն եւ այս բնագաւառի գիտական միակ եւ անփոխարինելի հաստատութիւն, Մատենադարանը, որդեգրելով հայերէն ձեռագրական ժառանգութիւնը իբրեւ ազգային հարստութիւն ճանչնալու եւ համընդգրկուն ուշադրութեան եւ հոգատարութեան առարկայ դարձնելու ուղին, կը շարունակէ յանձնառու մնալ աշխարհով մէկ ցրուած հայերէն ձեռագիրներու պահպանման եւ պաշտպանութեան գործին:  Ելակէտային այս մօտեցումով Մատենադարանը այսօր հանդէս կու գայ ձեռագրական հաւաքածոյ ունեցող կեդրոններուն գործնականօրէն սատարելու յանձնառութեամբ, որպէսզի ձեռագրական ատաղձ ներկայացնող բոլոր նիւթերը ուղղուին դէպի մասնագիտական ոլորտ: Առանց գիտական այդ հենքը ապահովելու դժուար է, եթէ ոչ անհնար, ցիրուցան եղած հայերէն ձեռագրական հարստութիւնը պահպանել, առաւել եւս արժեւորել եւ ոչ իսկ անցեալի մեր պատմութիւնը վերակոչել:

Մատենադարանի գիտական աշխատակազմը պատրաստ է իր գիտական ներուժն ու մասնագիտական լաւագոյն փորձը ի սպաս դնելու, նպաստելու, որպէսզի արտերկրի մէջ պահուող ձեռագրական հաւաքածոները ժամանակակից գիտական սկզբունքներով համապատասխան մշակումի ենթարկուին, նաեւ` ձեռագրական ժառանգութեան պահպանման ծառայող վերամշակումի, վերականգնումի, կարելի է ըսել` փրկարար աշխատանքներէն մինչեւ ձեռագիրներու թուայնացման, ձեռագրացուցակներու կազմման, հետազօտական-հրատարակչական հիմնարար գործառոյթներ: Աւելորդ է նկատել, թէ ինչպիսի՛ կարեւոր իրագործման նախադուռ կը բացուի երկու կողմերու միջեւ կնքուած այս համաձայնութեամբ, որուն նշանակութիւնը հետագայ տարիներուն կատարուելիք աշխատանքներուն մէջ պիտի արտացոլուի:

Ի պատիւ Զմմառի վանքի պատասխանատուներուն` պէտք է նշել, որ համագործակցութեան այս նախագիծը, սկիզբէն եւեթ, ոչ միայն խանդավառ ընդունելութիւն գտաւ, այլ այն ընկալուեցաւ գործին կարեւորութեան գիտակցումով, պատմութեան ու սերունդներուն առջեւ պատասխանատուութեան խոր ըմբռնումով, ի վերջոյ մէկ է նպատակը` պահպանել եւ գիտնականի գրասեղանին հասցնել հայ հոգեւոր մշակոյթի պատկառելի կուտակում մը, որուն ճանաչողութիւնը նոր շաւիղներով պիտի հարստացնէ հայ պատմութեան, մատենագրութեան ոսկեայ էջերը: Այս գիտակցութեամբ է, որ Զմմառի միաբան հայրերը, ի գին ամէն զոհողութեան, հաւաքած ու պահպանած են այդ գանձերը, ու այսօր նոյն այդ գիտակցութեամբ անոնց յաջորդները այդ հարստութիւնը կը բանան գիտութեան առջեւ. քանի որ չկայ աւելի տխուր ու ցաւալի իրողութիւն, քան` լռութեան մատնուած, համրացած գիրքը: Հինէն ի վեր մեր ժողովուրդը սրբացուցած է գիրքը, հաւատացած է, որ ձեռագրերը հոգի ունին, նոյնիսկ պատահած է, որ «մահացած» ձեռագիրի համար թաղման կարգ կատարուած է: Սակայն այդ մասին չէ, որ կ՛ուզէի ըսել, այլ այն մասին, որ լռութեան մատնուան, նոյնն է թէ` անխնամ ու լքուած ձեռագիրը դատապարտուած է մահուան, չէ՞ որ ձեռագիր գիրքը, ինչպէս մարդը, կը ծերանայ, կը հիւանդանայ եւ օր մըն ալ կրնայ դադրիլ շնչելէ: Ձեռագրերը մեր նախնիքն են, եւ պիտի շարունակեն մեզի հետ խօսիլ, այնքան ատեն որ մենք հոգածու ենք իրենց, եւ այս ո՛չ միայն բարոյական, այլեւ ստիպողական պահանջ է:

Յուսանք, որ Զմմառի վանքին օրինակը իր շարունակութիւնը կ՛ունենայ, եւ մեր ձեռագրական միւս կեդրոններն ու սեփական հաւաքածոներու տէրերը նոյնպիսի կամեցողութեամբ բանան իրենց դռները` ի փառս եւ ի հպարտութիւն մեր ժողովուրդի ու իր դարաւոր մշակոյթի յաւերժացումին: Միայն այդ պարագային կրնայ իրականանալ մեծն առակագիրի փափաքը, ու այդ կերպ մեզի հասած բոլոր գրչագիր մատեանները լեզու առած` կը խօսին մեզի հետ, դարերու խորերէն, դարերու միջով:

Կը մնայ մաղթել, որ միշտ շէն ու ծաղկուն մնայ լերան կատարին բացուած այս սիրուն ծաղիկը, որ կը կոչուի Զմմառի վանք, եւ թող միշտ անմար մնայ հայ մշակոյթի ջահը այս տան մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES