Մեր Ընըերցողները Կը Գրեն. Հայ Կնոջ Ձեռքերը
ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Այդ ձեռքերը ինչպէս մոռնամ`
Յար նուիրեալ, սերտ բարեկամ:
Մեր տանը մէջ առաւօտեան
Շողերուն հետ ժիր կ՛արթննան,
Լուռ կը գործեն, կը մաքրեն, կ՛եփեն
Այդ ձեռքերը համեստօրէն:
Այդ ձեռքերը ես կը պագնեմ
Քրտինքներու մէջ բայց վսեմ,
Լուացքներու մէջ բայց մաքուր,
Խոհանոցին մէջ շատ համով:
Այդ ձեռքերը միշտ մեզ կ՛օրհնեն
Աղօթքի մէջ, գործի ատեն:
Այդ ձեռքերը խիզախ քաջ են,
Արիւնլուայ նահատակներ`
Ազգին համար բռունցքներ պաշտպան,
Պատմութեան մէջ հայոց ներկայ:
Այդ ձեռքերը հայ մօր, կնոջ,
Քրոջ, զոքանչին, մեծ մօր անխոնջ`
Ըլլան առողջ, յար կենսաշող`
Հայուն սիրտը սէր բաբախող:
27-2-2010
ԼԻԲԱՆԱՆ
CATEGORIES Անդրադարձ

