Միջինքի Աւանդական Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան, չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2013-ին տեղի ունեցաւ միջինքի աւանդական ձեռնարկը, որուն հասոյթը կը տրամադրուի չքաւոր սաներու:
Յայտագրին բացման խօսքը կատարեց Մարալ Հարպոյեան, որ առաջին հերթին գնահատեց տիկնանց միութեան գործունէութիւնն ու ծաւալած աշխատանքը, միութեան հետապնդած նպատակը եւ աւելցուց, որ չկայ աւելի վեհ ու նուիրական կոչում եւ սէր, քան անձի մը պատրաստակամութիւնը իր կեանքը զոհելու կարիքաւորներուն, անկարին, չքաւորին եւ եկեղեցւոյ:
Գեղեցիկ է տալ, նուիրել, երբ ատիկա կը կատարուի առանց խնդրանքի: Հարպոյեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք բարոյապէս եւ նիւթապէս օգտակար կը դառնան այսպիսի ձեռնարկներուն: Գեղարուեստական յայտագիրով հոգեւոր եւ աշուղական ելոյթ ունեցան Անայիս Կէտիկեանը, Լիզա Սվաճեանը եւ Նատիա Զահթէրեանի պարախումբը:
Ապա տեղի ունեցաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան հիմնադրութեան 30-ամեակի կարկանդակի հատումը: Հայր Նարեկ Լուիզեան խօսք առնելով` բացատրութիւն տուաւ պահքի եւ միջինքի մասին` աւելցնելով, որ կարեւորը այն է, որ հոգիով եւ սրտով մտածեցինք խաչեալ Յիսուսի նպատակին մասին, որ զոհուեցաւ բոլորիս համար:
Հարպոյեան ընթերցեց նաեւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի խօսքը, որ գոհաբանական խօսքեր կ՛արտայայտուէր ձեռնարկին մասին: «72 տարեկանիս ուրախութեամբ եւ խոնարհութեամբ կ՛ընդառաջեմ Քրիստոսի փափաքին, 44 տարիներու ընթացքին ջերմ սիրով սիրեցի ձեզի, ջանացի ըլլալ ձեզմէ մէկը»:
Յայտագրի աւարտին հայր Թէյրուզեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են իր առաքելութեան ընթացքին:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ


