ՖՐԵՆԺԻԷ ՄԸՐԱՏԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց նաեւ, որ Ֆրենժիէի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ` նկատել տալով, որ Ֆրենժիէ կարեւոր կը նկատէ կառավարութեան կազմութիւնը եւ դիտել կու տայ, թէ վերջին 48 ժամուան ընթացքին արձանագրուած զարգացումներէն ետք ոչ մէկ պատճառաբանութիւն կայ կառավարութեան ծնունդին յայտարարութիւնը ուշացնելու:

Մըրատ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի կատարած յայտարարութիւնները, որոնք կանխեցին կառավարութեան ծնունդին յայտարարութիւնը:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Ֆրենժիէի հետ քննարկած են Սուրիոյ վերաբերող հարցեր նկատել տալով, որ իրենք կը հաւատան, թէ Սուրիոյ կայունութիւնը պիտի վերահաստատուի եւ Սուրիա աւելի հզօր դուրս պիտի գայ իր դիմագրաւած հարցերէն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES