ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ-ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՆԻՍՏԻՆ. ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԷՏԷԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Ճարտարարուեստի գործավար նախարար Աբրահամ Տէտէեան նախագահեց եւրոպական-միջերկրականեան երկիրներուն ճարտարարուեստի նախարարներուն Ը. խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Մալթայի մէջ:
Երկօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցան 2011-ի եւ 2012-ի աշխատանքային ծրագիրները:
Խորհրդաժողովին ընթացքին նախարար Տէտէեան մասնակիցները տեղեակ պահեց, թէ Լիբանան կը պատրաստէ փոքր եւ միջին հաստատութիւններու օժանդակութեան ֆոնտ մը հաստատելու ծրագիր մը, որ պիտի ներկայացուի Եւրոպական Միութեան: Ան նկատել տուաւ, որ այս ծրագիրին պատրաստութեան կ՛օժանդակեն Լիբանանի անձնական մարզի ներկայացուցիչները` զարկ տալու համար երկրին ազգային տնտեսութեան:
Նախարար Տէտէեան շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդաժողովին մասնակից այլ երկիրներու պատուիրակութեանց նախագահներուն հետ, որոնցմէ է Հունգարիոյ ճարտարարուեստի նախարարը:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզի յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Ա. Տէտէեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Կիպրոսի, Մալթայի, Մոնթէ Նեկրոյի, Պաղեստինի եւ Թունուզի ճարտարարուեստի նախարարներուն, ինչպէս նաեւ ներդրումներու եւրոպական դրամատան նախագահին հետ: Քննարկուեցան գործակցութեան կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց ընդարձակ տեղեկագիր մը, որուն մէջ մանրամասն կերպով ներկայացուեցաւ ճարտարարուեստի մարզին գործունէութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան արտադրութեան մարտ 2011-ի ներածումներն ու արտածումները:
Ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող արտադրութեանց արտածման շահերը հասան 790 միլիոն տոլարի: