ՇԱՄԻ – ՊԱՐՆԻԷ` ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց գործավար նախարար Ալի Շամի երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի ներքին տնտեսութեան պատասխանատու, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար Միշել Պարնիէն, որուն հետ քննարկեց Միջին Արեւելքը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Խորհուրդի միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Պարնիէ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին, որ զօրակցած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին Եւրոպական խորհուրդին ներկայ գտնուելուն որոշումին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին` առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն հարցը հետապնդելուն համար:

Share this Article
CATEGORIES