ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Անդրադարձ` Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն մասին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան կը շեշտէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար մերժել սուրիացի ժողովուրդին պահանջները, այլ` պէտք է ընդառաջէ անոնց եւ չհակադրուի շրջանին մէջ ծայր առած ժողովրդավարական ընթացքին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Ախպար» օրաթերթը):

«ՏԻԱՐ»

– Հարցազրոյց` մայսթրօ Յարութիւն Ֆազլեանի հետ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

Լրատուութիւն` Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ թուրք զինուորներուն դէմ գործուած յարձակումին, որուն ընթացքին սպաննուած էին երկու թուրք զինուորներ եւ վիրաւորուած էր ուրիշ մը:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Հայաթ» եւ «Սատա Պալատ» օրաթերթերը):

«ՍԱՖԻՐ»

– Յօդուած` Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին:

«ՀԱՅԱԹ»

– Ընդարձակ անդրադարձ` սուրիական իշխանութիւններուն մօտիկ «Ուաթան» օրաթերթին կողմէ Թուրքիոյ հակասական կեցուածքներուն դէմ քննադատութիւններուն:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Պայրաք» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):

«ՏԷՅԼԻ ՍԹԱՐ»

– Յօդուած` Երուսաղէմի հայկական գաղութին մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES