ՄԻՔԱԹԻ ՈՒՂՂՈՒԵՑԱՒ ԹՐԻՓՈԼԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Զիատ Մաժալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-յորդանանեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով, Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, թէ այդ հոլովոյթին մէջ նորութիւններ չկան, աւելցնելով սակայն, որ կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
Նոյն աղբիւրները դիտել տուին, որ բացարձակ լաւատեսութիւնը անտեղի է:
Միքաթիի աղբիւրները յայտնեցին, որ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ Նազեմ Խուրին, աւելցնելով, որ ըստ սովորութեան` ան ուղղուած է Թրիփոլի, անցընելու իր շաբաթավերջը:
CATEGORIES Լիբանանեան