ՊԸՐՐԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արդարութեան գործավար նախարար Իպրահիմ Նաժժարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Պըրրիի այցելեց նաեւ պրազիլեան պատուիրակութիւն մը, որուն գլխաւորեց ՖԱՕ միջազգային կազմակերպութեան  նախագահութեան թեկնածու Կրացիանօ Տա Սիլվան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլի:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ գործող լիբանանեան շտապ օգնութեան յանձնախումբի նախագահը, ընկերակցութեամբ` Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Աժմիի:

Հանդիպումին ընթացքին ներկաները Պըրրին տեղեակ պահեցին Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութին կացութեան մասին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES